Յիշատակում եւ հոգեճաշ ալեւիներու սրբավայրին մէջ

Եդո­ւարդ Թով­մա­սեան հո­գեճա­շով մը յի­շատա­կո­­ւե­ցաւ Պուրկազ Կղզիի ալե­­ւինե­­րու աղօ­­թատե­­ղիին մէջ։

Կա­­տարո­­ւածը կտա­­կի իրա­­կանա­­ցում մըն էր, ձե­­ռամբ Թով­­մա­­­սեանի ամե­­նամ­­տե­­­րիմ ըն­­կերնե­­րէն Խա­­չիկ Աբե­­լիկա­­նի։

Եդո­­ւարդ Թով­­մա­­­սեան յա­­ճախ կ՚այ­­ցե­­­լէր իր բնա­­կարա­­նին հա­­րեւա­­նու­­թեամբ գտնո­­ւող ճեմ էվին։ Բա­­րեկա­­մացած էր այդ սրբա­­վայ­­րի պար­­տիզպա­­նին եւ այլ աշ­­խա­­­տող­­նե­­­րուն։ Անոնց հրա­­ւէրով ինք եւս մաս­­նակցած էր նման բնոյ­­թի հա­­ւաքոյթնե­­րուն։

Այս բո­­լորը նկա­­տի ու­­նե­­­նալով ան ըն­­կե­­­րոջ Խա­­չիկին յանձնա­­րարած էր, որ իր մա­­հէն ետք ալ նման հո­­գեճաշ մը կազ­­մա­­­կեր­­պէ այս եր­­դի­­­քին տակ։

Ալե­­ւիադա­­ւան հա­­սարա­­կու­­թեան սոց­­ցանցե­­րու մէջ հրա­­պարա­­կուած կո­­չին ըն­­դա­­­ռաջած էին աւե­­լի քան 200 ան­­ձեր, որոնց շար­­քին էր նաեւ Թով­­մա­­­սեան եւ Աբե­­լեան ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամնե­­րը։

Հո­­գեճա­­շի պատ­­շա­­­ճող պար­­զութեամբ, բայց մեծ խնամ­­քով պատ­­րաստո­­ւած հո­­գեճա­­շը ան­­գամ մը եւս առիթ դար­­ձաւ, որ մեր սի­­րելի Թո­­մօն յետ մա­­հու շա­­րու­­նա­­­կէ ի մի բե­­րել ան­­կեղծ զգա­­ցումնե­­րով իրա­­րու հա­­ղոր­­դա­­­կինց մարդկանց։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ