Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան ստանձնեց իր պաշտօնը

Թուրքիոյ Հայ Կա­թողի­կէ Հա­մայ­նիք մէջ 4 Յու­նո­ւար, Շա­բաթ օր տե­ղի ուե­ցաւ պաշ­տօ­նի փո­խանա­կում։ Սոյն պաշ­տօ­նակո­չու­թեան հա­մար քա­ղաքս ժա­մանեց Հայ Կա­թողի­կէ Ռա­ֆայէլ Պետ­րոս ԻԱ.։ Կա­թողի­կոս սրբա­զանը 3-7 Յու­նո­ւար թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ իր ներ­կա­յու­թեան ըն­թացքին ար­ժա­նացաւ քա­ղաքիս Հայ Կա­թողի­կէ հա­մայնքին, Հայ Առա­քելա­կան Պատ­րիար­քա­րանի եւ քոյր յա­րանուանու­թիւննե­րու ջերմ հե­տաքրքրու­թեան։

4 Յու­նո­ւար, շա­բաթ օր, Աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեցիի մէջ Հրա­շափա­ռի եր­գե­ցողու­թիւնով ող­ջունո­ւեցաւ հիւր կա­թողի­կոսի այ­ցե­լու­թիւնը։

Նոյն օրո­ւայ երե­կոյեան Թաք­սի­մի Սուրբ Յով­հան Ոս­կե­բերան Եկե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տարո­ւած արա­րողու­թիւնով Հայր Վար­դան Ծ. Վրդ. Գա­զան­ճեան նշա­նակուեցաւ իբ­րեւ Թուրքիոյ Հայ Կա­թողի­կէ հա­մայնքի գե­րապայ­ծառ։

Ինչպէս ծա­նօթ է Ար­հի. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան յա­ռաջա­ցած տա­րիքը պատ­ճա­ռաբա­նելով հրա­ժարած էր իր պաշ­տօ­նէն։

Նոյն օրո­ւայ գի­շերո­ւայ ժա­մերուն «Փո­յինթ» հիւ­րա­նոցի սրահ­նե­րուն մէջ սար­քո­ւեցաւ ընթրիք մը, որուն ներ­կայ գտնո­ւեցան։ Սա­հակ Բ. Պատ­րիար­քը, քոյր յա­րանո­ւանու­թիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչներ, Սուրբ Յա­կոբ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձուներ, Մխի­թարեան Վար­ժա­րան­նե­րու խնա­մակալ­ներ եւ քա­ղաքիս հայ կա­թողի­կէ հա­մայնքէն ան­դամներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ