Մակար Արք. Աշգարեան. «Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Աստուծոյ մարմնաւորեալ սիրոյն տօնն է»

Մեր Տի­րոջ եւ Փրկչին Յի­­սուս Քրիս­­տո­­­սի Սուրբ Ծննդեան եւ Աս­­տո­­­ւածա­­յայտնու­­թեան տօ­­նին առի­­թով, Եր­­կուշաբ­­թի, 6 Յու­­նո­­­ւար 2025-ի առա­­ւօտուն, հան­­դի­­­սաւոր Սուրբ եւ Ան­­մահ Պա­­տարագ մա­­տու­­ցո­­­ւեցաւ Բե­­րիոյ Հա­­յոց Թե­­մի եկե­­ղեցի­­ներէն ներս.

Բե­­րիոյ Հա­­յոց Թե­­մի Բա­­րեջան Առաջ­­նորդ Գերշ. Տ. Մա­­կար Սրբ. Արք. Աշ­­գա­­­րեան, եպիս­­կո­­­պոսա­­կան հան­­դի­­­սաւոր Պա­­տարագ մա­­տու­­ցեց Սրբոց Քա­­ռաս­­նից Ման­­կանց Մայր եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ եւ Սուրբ Ծննդեան իր հայ­­րա­­­կան պատ­­գա­­­մը ուղղեց ժո­­ղովուրդին.

Պա­­տարա­­գին ներ­­կայ գտնո­­ւեցան Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան Հա­­լէպի Գլխա­­ւոր Հիւ­­պա­­­տոս մե­­ծար­­գոյ Արա Աւե­­տիսեան, ՀՀ Հիւ­­պա­­­տոսու­­թեան Խորհրդա­­կան Դա­­ւիթ Թա­­դէոսեան, Բե­­րիոյ Հա­­յոց Թե­­մի Ազ­­գա­­­յին Երես­­փո­­­խանա­­կան Ժո­­ղովի, Ազ­­գա­­­յին Կրօ­­նական Ժո­­ղովի եւ Ազ­­գա­­­յին Վար­­չութեան ան­­դամներ, Յա­­րաբե­­րական Մար­­մի­­­նի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Վրէժ Եագու­­պեան, հա­­լէպա­­հայ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու, մշա­­կու­­թա­­­յին, մար­­զա­­­կան եւ բա­­րեսի­­րական միու­­թիւննե­­րու եւ հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներ եւ հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րու հոծ բազ­­մութիւն։

Դպրաց դա­­սի «Հրա­­շափառ» շա­­րակա­­նի եր­­գե­­­ցողու­­թեամբ եւ թա­­փօրով Սրբա­­զան Հայ­­րը մուտք գոր­­ծեց եկե­­ղեցի։

Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ կարգ ու կա­­նոնը կը պա­­հէին ՀՄԸՄ-ի տա­­րազա­­ւոր սկաուտնե­­րը։

Տօ­­նական ցնծու­­թեամբ, եկե­­ղեց­­ւոյ դպրաց դա­­սը Պա­­տարա­­գի հո­­գեպա­­րար եր­­գե­­­ցողու­­թիւնը կա­­տարեց, դպրա­­պետ բարշ. Վա­­չէ սարկ. Գայ­­թանճեանի ղե­­կավա­­րու­­թեամբ։ Սրբա­­զան Հօր առըն­­թե­­­րակա­­ներն էին Արժ. Տ. Նա­­րեկ Ա. Քհնյ. Զե­­րեն­­ցեան եւ Արժ. Տ. Գառ­­նիկ քհնյ. Չա­­փանեան։

Յըն­­թացս Սուրբ եւ Ան­­մահ Պա­­տարա­­գին, Սրբա­­զան Հայ­­րը Ջրօրհնէք կա­­տարեց, որ­­պէս խորհրդա­­նիշ Քրիս­­տո­­­սի մկրտու­­թեան։

Այ­­նուհե­­տեւ, Առաջ­­նորդ Սրբա­­զան Հայ­­րը, Ս. Ծննդեան իր հայ­­րա­­­կան պատ­­գա­­­մը ուղղեց ժո­­ղովուրդին։ Շա­­րակա­­նագի­­րի բա­­ռերով Սրբա­­զան Հայ­­րը յայտնեց, թէ այ­­սօր՝ Յի­­սուս Մա­­նու­­կի ծնունդով, եր­­կինքը մե­­ծապայ­­ծառ աւե­­տիսով կը ցնծայ վե­­րէն եւ ողջ մար­­դի­­­կը կը զգե­­նուն փրկու­­թեան հան­­դերձը։ Այլ խօս­­քով, մարդկու­­թիւնը կորսնցու­­ցած էր փրկու­­թեան պատ­­մուճա­­նը, ու­­րա­­­խու­­թիւնն ու ցնծու­­թիւնը եւ խա­­ւարով պա­­տուած էր։ Այդ աւե­­տիսը՝ փրկու­­թեան բա­­րի լուրն էր, որ մար­­դի­­­կը տխրու­­թե­­­նէն վեր պի­­տի բարձրաց­­նէր, որ­­պէսզի իրենց հո­­գիով տես­­նեն ճշմար­­տութիւ­­նը եւ հա­­ղոր­­դա­­­կից դառ­­նան ար­­դա­­­րու­­թեան, սրբու­­թեան եւ իրենց կեան­­քը ապ­­րին ներ­­քին խա­­ղաղու­­թեամբ, սի­­րով, հա­­մերաշ­­խութեամբ եւ աս­­տո­­­ւած­­պաշտու­­թեամբ։

Սրբա­­զան Հայ­­րը մէջ­­բե­­­րելով Եսա­­յի մար­­գա­­­րէու­­թեան մէջ յի­­շուած Ս. Ծնունդի աւե­­տիսը, մատ­­նանշեց Մա­­նուկ Յի­­սու­­սին տրո­­ւած Սքան­­չե­­­լի Խորհրդա­­կից, Հզօր Աս­­տո­­­ւած, Խա­­ղաղու­­թեան Իշ­­խան եւ Յա­­ւիտե­­նակա­­նու­­թեան Հայր անուննե­­րը, դի­­տել տա­­լով, որ Աս­­տո­­­ւած մար­­դա­­­ցաւ, որ­­պէսզի իր կեն­­դա­­­նի ներ­­կա­­­յու­­թեամբ աշ­­խարհի պատ­­կե­­­րը կեր­­պա­­­րանա­­փոխէ, որ­­պէս լոյս՝ լու­­սա­­­ւորէ, որ­­պէս կեանք՝ կեն­­սա­­­ւորէ եւ որ­­պէս ար­­դա­­­րու­­թիւն, սրբու­­թիւն եւ ճշմար­­տութիւն՝ մարդկա­­յին ըն­­կե­­­րու­­թեան հիմ­­քե­­­րը վե­­րանո­­րոգէ։

Սրբա­­զան Հայ­­րը յայտնեց, թէ մար­­դոց սրտե­­րը քա­­րացած էին, չկա­­րողա­­ցան Քրիս­­տո­­­սը ըն­­դունիլ իրենց սրտե­­րուն մէջ, բայց անոնք որոնք հա­­ւատա­­ցին եւ ըն­­դունե­­ցան՝ անոնց իշ­­խա­­­նու­­թիւն տո­­ւաւ Աս­­տուծոյ որ­­դի­­­ներ ըլ­­լա­­­լու։

Յով­­հաննէս առա­­քեալի բա­­ռերով, Քրիս­­տոս Աս­­տուծոյ իմաս­­տութիւնն է, որ մարմնա­­ցաւ, որ­­պէսզի մար­­դիկ իրեն մօ­­տենա­­լով եւ իր հետ շփման մէջ մտնե­­լով՝ ճանչնան զԱս­­տո­­­ւած, ճանչնան աս­­տո­­­ւածա­­յին ծրա­­գիրն ու փրկա­­գոր­­ծութեան խոր­­հուրդը եւ Քրիս­­տո­­­սի ընդմէ­­ջէն բա­­ցուին աս­­տո­­­ւածա­­ճանա­­չողու­­թեան։

Սրբա­­զան Հայ­­րը յայտնեց, թէ Ս. Ծննդեան եւ Աս­­տո­­­ւածա­­յայտնու­­թեան տօ­­նը Աս­­տուծոյ մարմնա­­ւորեալ սի­­րոյն տօնն է։ Հե­­տեւա­­բար, անհրա­­ժեշտ է, որ պատ­­րաստա­­կամու­­թեամբ մօ­­տենանք Տի­­րոջ եւ հրա­­ւիրենք զինք մեր սրտե­­րուն մէջ բնա­­կելու, այնպէս ինչպէս հո­­վիւ­­ներն ու մո­­գերը, Յի­­սուս Մա­­նու­­կին թան­­կա­­­գին նո­­ւէր­­ներ բե­­րելով, բա­­ցայայ­­տե­­­ցին անոր Թա­­գաւոր­­նե­­­րու Թա­­գաւոր, Մար­­դա­­­ցեալ Աս­­տո­­­ւած եւ Քա­­հանա­­յապետ ըլ­­լա­­­լը, որ ինքզինք որ­­պէս ան­­մեղ գառ­­նուկ զո­­հեց եւ իր արիւ­­նով փրկեց մեզ։

Այս բերկրա­­լի տօ­­նին առի­­թով, Սրբա­­զան Հայ­­րը շնոր­­հա­­­ւորեց չորս նո­­ւիրա­­պետա­­կան աթոռ­­նե­­­րու Հայ­­րա­­­պետ­­ներն ու Պատ­­րիարք Հայ­­րե­­­րը, Առաջ­­նորդնե­­րը, հայ­­րե­­­նիքի պա­­տաս­­խա­­­նատու­­նե­­­րը, բա­­նակը, հրա­­մանա­­տար­­նե­­­րը, զի­­նուոր­­նե­­­րը, ՀՀ Հա­­լէպի գլխա­­ւոր հիւ­­պա­­­տոսը, հիւ­­պա­­­տոսու­­թեան խորհրդա­­կանը, Ազգ. իշ­­խա­­­նու­­թիւնը, Ազգ. Երես­­փո­­­խանա­­կան Ժո­­ղովը, Ազգ. Կրօ­­նական ժո­­ղովը, Ազգ. Վար­­չութիւ­­նը եւ անոր հա­­մարա­­տու մար­­միննե­­րը, խոր­­հուրդնե­­րը, բո­­լոր միու­­թիւննե­­րը, մար­­միննե­­րը, յանձնա­­խումբե­­րը եւ հայ ժո­­ղովուրդի զա­­ւակ­­նե­­­րը, բո­­լորին մաղ­­թե­­­լով ամե­­նաբա­­րին եւ կա­­տարեալը։ Ան աղօ­­թեց, որ խա­­ղաղու­­թիւն հաս­­տա­­­տուի երկրի վրայ եւ հա­­մերաշ­­խութիւն տի­­րէ մար­­դոց մի­­ջեւ, որ­­պէսզի սէ­­րը գործնա­­կանա­­պէս ապ­­րինք։

Աւար­­տին, դպրաց դա­­սը Ս. Ծննդեան շա­­րական­­ներ եր­­գեց, որուն ըն­­թացքին Սրբա­­զան Հայ­­րը ըն­­դունեց ժո­­ղովուրդի զա­­ւակ­­նե­­­րուն շնոր­­հա­­­ւորու­­թիւննե­­րը: Ապա, Մա­­կար Սրբա­­զան թա­­փօրով ուղղո­­ւեցաւ դէ­­պի եկե­­ղեց­­ւոյ շրջա­­փակ, ուր ՀՄԸՄ-ի փո­­ղերա­­խումբը հայ­­րե­­­նասի­­րական եր­­գեր նո­­ւագե­­լով տօ­­նական մթնո­­լորտ ստեղ­­ծեց։

Աւար­­տին, Կրօ­­նական Ժո­­ղովին կող­­մէ աղօթ­­քի պատ­­կե­­­րազարդ բա­­ցիկ­­ներ բաժ­­նո­­­ւեցան ժո­­ղովուրդի զա­­ւակ­­նե­­­րուն։

Քրիս­­տոս ծնաւ եւ յայտնե­­ցաւ. Օրհնեալ է յայտնու­­թիւնն Քրիս­­տո­­­սի։ Ձե­­զի մե­­զի մեծ աւե­տիս:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ