08.01.2024
ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երկրորդ անգման կոչ ուղղեց 8 Յունուար 2024-ին, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ ունեցած աւանդական հանդիպումին` Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի շնորհաւորութիւնները փոխանցելու առիթով։ Նորին Սրբութիւնը պահանջեց արցախահայութեան տուն վերադարձը, «օրինականութեան եւ անվտանգութեան» մէջ։ Ան առաջին կոչը յղած էր 25 Դեկտեմբերին Սուրբ Ծննդեան տօնի առթիւ «Ուրպի Էթ Օրպի» ուղերձի ժամանակ։ Սովորութիւն է` որ Քահանայապետերը ամէն տարուայ սկիզբը հանդիպում ունենան ու ողջունեն Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպանները ու դիւանագիտական մարմնի անդամները։ Դիւանագիտական մարմնի անձնակազմին հետ այս աւանդական տարեկան հանդիպումը ընդհանրապէս առիթ է հաշուեկշիռ մը ներկայացնելու անցած տարուայ գործունէութեան եւ իրադարձութիւններուն մասին, ապա ներկայացնելու ընթացիկ տարուայ աշխատանքային ուղեցոյց մը, զոր այս տարի Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց կեդրոնացնել խաղաղութեան իղձին վրայ։
19.01.2024
«ԱՄԷՆ ԻՆՉ, ԱՄԷՆ ՄԱՐԴ ԿԱՐԵԼԻ Է ՍՊԱՆՆԵԼ, ՍԱԿԱՅՆ ԽԻՂՃԸ ԱՆԿԱՐԵԼԻ Է ՍՊԱՆՆԵԼ, ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ, ՔԱՋՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԿԱՐԵԼԻ Է ՍՊԱՆՆԵԼ»։
Թերթիս հիմնադիր եւ հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Հրանդ Տինք, սպանութեան 17-րդ տարելիցին առթիւ, ոգեկոչուեցաւ իր նահատակութեան վայրին վրայ։ «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան՝ Օսմանպէյի «Սէպաթ» շէնքի առջեւ կայացած ոգեկոչման հանդէսին մասնակցեցաւ ստուար բազմութիւն մը։ Այս տարուան յիշատակութեան խօսքը արտասանեց Հրանդ Տինքի բարեկամներէն, լրագրող ու գրող Օյա Պայտար։ Այս առթիւ ընթերցուեցաւ նաեւ պատգամը «Հրանդի ընկերները» նախաձեռնութենէն Չիյտեմ Մաթերի, որ Կեզիի դատավարութեան ձերբակալեալներէն է ու կը գտնուի բանտի մէջ։
31.01.2024
ՄԱՀ՝ ՏԷՐ ԱՆԴՐԷԱՍ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ
Պոլսահայ Պատրիարքական անձնակազմը ունեցաւ կորուստ մը եւս Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի վախճանումով։
Աւազանի անունով Անդրանիկ Յակոբ (Օրթայակոբեան), ծնած է 1948-ին, Իսթանպուլ։ Որդին է Նուպար Մելքոնի եւ Աննիկ Չէրչեանի։ Կ՚ուսանի Ֆերիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ։ Կ՚անդամակցի տեղւոյն Ս. Վարդանանց Դպրաց Դասուն, ապա Պէյօղլուի Ասողիկ Դպրաց Դասուն։ Երաժշտութեան դասեր կ՚առնէ։ 1970-1984 շրջանին կ՚անդամակցի Կոմիտաս Դպրաց Դասուն եւ մաս կը կազմէ Տնօրէն Խորհուրդին։ Երկու շրջան կ՚անդամակցի Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին։ Կ՚ամուսնանայ Վերժին Գալփաքեանի հետ, 1974-ին։ Կ՚ունենան երկու աղջիկներ՝ Նայաթ եւ Նիրվա։ 1984-ին կը վերադառնայ Ս. Վարդանանց Դպրաց Դասի անդամութեան։
Սարկաւագ կը ձեռնադրուի 9 Փետրուար 1989-ին, Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ, Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ։ 12 Փետրուար 1989-ին Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ քահանայ կը ձեռնադրուի, օծակից ունենալով Տիրան Քհնյ. Ռէիսեանը։
Որպէս հոգեւոր հովիւ կը ծառայէ Ֆերիգիւղի, Սամաթիոյ, Եշիլգիւղի, Պէշիկթաշի եկեղեցիներուն, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի եւ հուսկ՝ Նառլըգաբուի Եկեղեցւոյ մէջ։
Գարեգին Բ. Պատրիարքի ձեռամբ կը ստանայ քահանայական լանջախաչ կրելու արտօնութիւն։
Ազգային Պատգամաւորական Ժողովի 14 Հոկտեմբեր 1998-ի նիստի որոշումով կ՚ընտրուի Կրօնական Ժողովի անդամութեան։ Մաս կը կազմէ դիւանին՝ Բ. Ատենադպիրի պաշտօնով։
Աւագութեան պատիւ եւ ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն կը ստանայ 2012-ի Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնին (13 Փետրուար), Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Արքեպս. Աթէշեանէ։
01.02.2024
ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԼԱՏԻՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՍՐԲԱԳՈՐԾՈՒԵՑԱՒ
Պիւյիւքտէրէի Սանթա Մարիա Լատին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ 28 Յունուար 2024, Կիրակի առաւօտ, Ս. Պատարագի մատուցման ընթացքին պատահած ոճրագործութեան պատճառաւ, ըստ կանոնի եկեղեցին ընդունուած էր որպէս պղծեալ տաճար։ 1 Փետրուար 2024, Հինգշաբթի, ժամը 19.00-ին, եկեղեցւոյ սրբագործման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ Վատիկանի Լիազօր Դեսպան Մոնս. Մարէք Սոլժինսքիի։ Արարողութեան մասնակցեցան Իսթանպուլի Լատին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Իսթանպուլի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Ս. Եպիսկոպոսը, Իզմիրի Լատին Կաթողիկ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Հայր Մարթին Քըմէթէք, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան եւ Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Քորեպս. Չանլըն եւ Սայաթ Նովա Երգչախումբը։
06.02.2024
ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ ԵՒ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ
6 Փետրուար թուակիր «Մարմարա» օրաթերթը արդար հպարտութեամբ իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէր Հայաստանի Գրողներու Միութեան եւ ԱՄՆ-ի Ամերիկահայ Գրողներու եւ Լրագրողներու Միութեան միասնաբար շնորհած «Դրուատանքի Մագաղաթ»ը, ուղղուած պոլսահայ անուանի հրապարակախօս Ռոպէր Հատտէճեանին։
Սա ուրախալի գնահատանք մըն էր պարոն Հատտէճեանի համար, որ կը զուգադիպէր իր ծննդեան 98-րդ տարեդարձի օրերուն։
Զոյգ կազմակերպութիւններու անունով պարգեւը «Մարմարա»ի խմբագրատուն յանձնուեցաւ տիկին Լուսան Պըչաքճըի ձեռամբ։
Իրականութեան մէջ զոյգ կազմակերպութիւնները նոյն բնոյթով պարգեւ մըն ալ ուղարկած են պոլսահայ ժամանակակից գրականութեան մի այլ վաստակաւոր մշակի՝ բանաստեղծ Իգնա Սարըասլանին, դարձեալ նկատի ունենալով անոր բեղուն գրիչը եւ հայ գրականութեան բերած նպաստը։
«Ակօս»ի խմբագրութեան անունով կը շնորհաւորենք զոյգ պարգեւատրեալները, եւ կը հայցենք մեր արեւշատութեան մաղթանքները։
Բացի Սարըասլանէ եւ Հատտէճեանէ զոյգ կազմակերպութիւնները «Դրուատանքի Մագաղաթ» մրցանակներ շնորհած են Ամերիկահայ արձակագիրներ Սարգիս Վահագնի, Խաչկարի, դերասաններ՝ Ալլա Թումանեանի, Յովհաննէս Պապախանեանի եւ բանաստեղծներ Փանոս Ճերանեանի եւ Վազգէն Վանատուրի։
19.02.2024
ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ Կ՚ԱՏԵՆԱՊԵՏԷ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԵՐՈՒՆ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 19 Փետրուար Երկուշաբթի գիշեր, օդային ճամբով մեկնեցաւ Հայաստան։ Նորին Ամենապատուութեան կ’ուղեկցէր Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեանը։
Յաջորդ օր 10.30-ին, Վեհարանի մէջ սկսան Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստերը, որ պիտի տեւէր ամբողջ շաբաթ։
26.02.2024
ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՈՒՇԱՑԱԾ ԿՈՉՈՒՄ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 26 Փետրուար 2024, Երկուշաբթի, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց վարդապետական աստիճաններու եւ գաւազանի իշխանութեան տուուչութեան արարողութեան։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Նորին Ամենապատուութեան տնօրինումով, Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեան պատրաստած էր իր վարդապետական թէզը, որ 22 Փետրուար 2024, Հինգշաբթի, յետ միջօրէին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան մատենադարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ բանաւոր պաշտպանութիւնը։
Մասնաւոր վարդապետական աստիճան ստանալու համար թէզ պաշտպանեց Հայր Սուրբը՝ «Թարգմանական կրօնական երկերը ԺԸ. դարու պոլսահայ գրատպութեան մէջ» թեմայով։
Յանձնաժողովին կը նախագահէր Տաւուշի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բագրատ Արքեպս. Գալստանեանը։
Պոլսոյ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առաջարկով եւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ մասնաւոր վարդապետութեան գաւազանի իշխանութիւն տալու Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբեղային։ Սրբազան Հայրը գովեց ընծայեալին տարիներու ծառայութիւնն ու նուիրուածութիւնը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ ինք եւս դեր ունեցած է այս տուուչութեան մէջ։ Արեւշատութիւն եւ երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութիւն մաղթեց Յովակիմ Վարդապետին։
06.03.2024
ԲԱՑՈՒՄ ՏԱՏԵԱՆ ԶԲՕՍԱՅԳԻԻ
6 Մարտ չորեքշաբթի օր, յատուկ միջոցառումով մը բացուեցաւ Տատեան զբօսայգին։ Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանը տարի մը առաջ թաղեցիներու մօտ ձկավաճառներու պազար ըլլալով յիշուող վայրը վերածած էր զբօսայգիի։ Պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Կորիւն Աւագ Քհնյ. Ֆեներճեան, Պաքըրգիւղի եւ Եէշիլգիւղի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ատենապետները եւ տեղացի ժողովուրդը։
Բացման ճառը արտասանեց Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Մարի Եանճը։ Ան այս առթիւ ուրախութիւն յայտնեց Տատեան անունի հանդէպ ցուցաբերուած գնահատանքին համար։
Քաղաքապետ Քերիմօղլուն ալ նշեց, որ քաղաքապետարանը իր երախտիքը յայտնել ուզած է Տատեան ընտանիքին։ Այսպէս Վարժարանի գտնուած փողոցը քաղաքապետական խորհուրդի որոշումով անուանուած էր Տատեան փողոց։ Սակայն այս կամքը մերժուած էր Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետարանի կողմէ, ուր մեծամասնութիւն կը կազմեն իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում ու անոր դաշնակից Ազգային Շարժում Կուսակցութեան անդամները։ «Մենք կը յամառինք Պաքըրգիւղի կամքը պաշտպանելու, որն է տէր կանգնիլ Տատեան անունին» ըսաւ Քաղաքապետ Քերիմօղլու։
31.03.2024
ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻՆ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ
Համաձայն աւանդական սովորութեան, Ս. Զատկի յաջորդող օրը համայն հայութեան համար ննջեցելոց յիշատակման յատուկ օր է։ Արդարեւ խուռներամ բազմութիւն կը տիրէր քաղաքիս հայկական գերեզմանատուներէ ներս, յատկապէս ալ Պալըքլըի եւ Շիշլիի գերեզմանատուներու մէջ։
ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱՊԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ
«Ակօս»ի աշխատակազմէն հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան եւ յայտնի լուսանկարիչ Պերճ Արապեան արժանացած են Մեթին Կէօքթեփէի անուան լրագրութեան մրցանակին։ Մեր աշխատակիցները այս պարգեւին արժանացած են Արցախէն բռնի տեղահանուած ժողովուրդի հետ կատարած հարցազրոյցներու յօդուածաշարքին պատճառաւ։
Մրցանակատուչութիւնը կայացաւ 15 Ապրիլ երկուշաբթի յետմիջօրէին Շիշլի, Նազըմ Հիքմեթի անուան դահլիճի մէջ։
24.04.2024
ՉԻԼԻԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՃԱՆՉՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Չիլիի Խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատը որպէս ցեղասպանութիւն ճանչցած է 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները։ Հարաւամերիկեան երկրի խորհրդարանէն ներս ընդունուած բանաձեւին դէմ Թուրքիան հինգշաբթի օր բողոքած է՝ յայտարարելով, թէ բանաձեւը «ուժ չունի»։ «Խորհրդարանները իրաւասու չեն մեկնաբանել պատմութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները եւ անոնց վերաբերեալ դատողութիւններ ընել», Անատոլու գործակալութեան փոխանցումով յայտարարած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը, պնդելով, թէ բանաձեւը նաեւ կը հակասէ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ պատժելու մասին Մ.Ա.Կ.-ի 1948-ի համաձայնագրին։ Ըստ Թուրքիոյ Ա.Գ.Ն. մեկնաբանութեան՝ ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կարելի է դիտարկել միայն համապատասխան դատարանի կողմէ։
01.05.2024
ՄԱՀ՝ ԴՊՐԱՊԵՏ ՆՇԱՆ ՉԱԼԿՃԵԱՆԻ
Թերթս տպարան ղրկելու կը պատրաստուէինք, երբ վրայ հասաւ ցաւալի գոյժը։ Ոչ եւս է Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ բազմամեայ դպրապետ Նշան Չալկճեան։ Ան կը պատկանի հայ հոգեւոր երաժշտութեան աւանդական երգեցողութիւնը շարունակող եւ հետզհետէ նուազ ոճի մը մերօրեայ վերջին ներկայացուցիչներու փաղանգին։ Այդ երաժշտական ոճը թէեւ որոշ շեղում ապրած էր պատմական եւ հնագոյն եղանակաւորումէն, բայց իր հերթին կը ներկայացնէր յատուկ արժանիք։ Այս առումով Նշան Չալկճեան ունեցաւ նաեւ ուսուցիչի հանգամանք, քանի որ իբրեւ դպրապետ ուղեցոյց եղաւ բազմաթիւ դպիրներու։
Այսօր երբ կը ցաւինք իր մահին, միւս կողմէ կը մխիթարուինք խորհելով թէ կան այդ աւանդը շարունակելու ատակ երիտասարդ յաջորդողներ։
Նշան Չալկճեանի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ 4 Մայիս շաբաթ օր, Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ։
06.05.2024
ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
6 Մայիս Երկուշաբթի օր, Ճեմ Գարաճա Մշակոյթի կեդրոնին մէջ կայացաւ Իւսթիւն Աքմենի անուան ձօնուած թատերական մրցանակներու տուչութեան հանդէսը։
Շայլան Աքմենի գլխաւորած դատակազմը 2023-2024 գեղարուեստական տարեշրջանի բեմադրութիւնները դիտելով կայացուցին իրենց գնահատումը։ Այսպէս Նշան Շիրինեան եւ Սերփիլ Թամուր արժանացան «Յարգանք վարպետին», Մեհմետ Էսադօղլու, Համիթ Տեմիր եւ Կիւլ Կէօքէր «Պատուոյ», Անի Իփէքքայա, Սուլհի Թեքնիքէր եւ Այսան Սիւմերճան «Վաստակ»ի մրցանակներուն։
Քեմալ Պաշարին յանձնուեցաւ յատուկ մրցանակ մը եւ փրոֆ. Այշեկիւլ Եիւքսել ալ պարգեւատրուեցաւ թատերաքննադատներու պատուոյ մրցանակով։
Տիյանա Չիլինկիրեան «Յոյս ներշնչող դերասանուհի» մրցանակը նուաճեց «Յանկարծ» թատերախումբի բեմադրած «Իմ Սիրտը Լեռներում է» թատերախաղի դերակատարութեամբ։
«Տարուայ բեմադրիչը» մրցանակին արժանի գտնուեցաւ Էրհան Թունա, «Թրոյացի Կանայք» թատերախաղով։
20.05.2024
ՌԱՅԻՍԻ ԱՐԿԱԾԱՄԱ՞Հ ԹԷ՛ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ ԶՈՀ
20 Մայիս երկուշաբթի յետմիջօրէին համաշխարհային լրատուամիջոցները ողողուեցան խիստ ցնցիչ լրատուութիւնով։ Իրանի Նախագահը, Արտ. Գործ. Նախարարը եւ այլ բարձրաստիճան պետական անձիք փոխադրող ինքնաթիռը պարտադիր վայրէջք կատարած էր Իրան-Ատրպէյճան սահմանի մօտակայ լեռնային վայրի մը մէջ։ Լրահոսքը կը շարունակուէր այլ մանրամասնութիւններով։
Նախագահ Ռայիսի իր ազերի պաշտօնակից Ալիեւի հետ սահմանամերձ տարածքի վրայ կառուցած ջրամբարի մը պաշտօնական բացումը կատարած էին։ Հանդէսի աւարտին Իրանական պատուիրակութիւնը փոխադրող երեք ուղղաթիռներ մեկնած էին դէպի Թաւրիզ, որոնցմէ մէկը անյայտ կորած էր։ Երկար ժամեր տեւող որոնումէ ետք, երբ փրկարար ջոկատները դէպքի վայրը հասան, պարզուեցաւ որ ուղղաթիռի ճամբորդներու բոլորը մահացած են։ Այդ պահուն դարձեալ համաշխարհային գետնի վրայ ծայր առաւ դա-ւադրական բազմաբնոյթ տեսութիւններ։ Շատեր կասկած ունէին ինքնաթիռի եղանակի պայմաններով բեկանման մասին։ Անոնք իսկոյն կը մտաբերէին մօտ անցեալին Իրան-Իսրայէլ լարուածութիւնը ու կը պնդէին թէ Ռայիսի մահափորձի մը զոհը եղած է։
26.06.2024
ՏԻՅԱՐՊԵՔԻՐԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ՍԿՍԱՒ
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 26 Յունիս 2024, Չորեքշաբթի առաւօտ մեկնեցաւ Տիյարպաեքիր։ Նորին Ամենապատուութեան կ’ուղեկցէր գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան։
Մեր Հոգեւոր Պետը եւ շքախումբը նախ այցելեց Ս. Կիրակոս Եկեղեցի եւ այստեղ կա-տարուեցաւ ուխտի աղօթք։
Ապա տրուեցան քաղաքավարական շարք մը այցելութիւններ տեղւոյն պետական պաշտօնեաներուն։
Նորին Ամենապատուութիւնը քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին բացատրեց այցելութեան նպատակը եւ տեղեկութիւններ տուաւ պարագաներու բերմամբ գրեթէ փլատակ մնացած Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ վերականգնման ու բարեզարդման համար կատարելի աշխատանքներուն մասին։
Պատրիարք Հայրը 27 Յունիս 2024, Հինգշաբթի առաւօտ այցելեց Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ վայրը։
03.08.2024
ՕԳՈՍՏՈՍԻ 3-Ը ԵԶԴԻՆԵՐՈՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ
Հայաստանի Ազգային Ժողովը առաջին ընթերցմամբ ընդունեց Օգոստոսի 3-ը Սինճարի եզդիներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր սահմանելու նախագիծը։
«Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքին լրացում կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը ընդունուեցաւ միաձայն՝ ստանալով 88 կողմ ձայն։
Նախագիծը ներկայացուցած է իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան՝ ազգութեամբ եզդի պատգամաւոր Ռուստամ Պաքոյեանը։
13.09.2024
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՅԱՆՁՆԱԾ Է ԱՆԻԻ ԿԱՄՈՒՐՋԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ Ի՛Ր ՏԱՐԲԵՐԱԿԸ
Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստան Թուրքիոյ յանձնած է պատմական Անիի կամուրջի վերականգնման աշխատանքներու իրականացման վերաբերող արձանագրութեան նախագիծի ի՛ր տարբերակը։ Ի դէպ, 2024 Փետրուարին Թուրքիա արդէն Երեւանին յանձնած էր Անիի կամուրջի վերանորոգման ի՛ր տարբերակը։ Յիշեցնենք, թէ Հայաստանի Ա.Գ. նախարար Արարատ Միրզոյեան 15 Փետրուար 2023-ին Անգարայի մէջ յայտարարած էր, թէ Հայաստան եւ Թուրքիա պիտի վերանորոգեն Անիի սահմանային կամուրջը։
15.09.2024
16-ՐԴ ՄՐՑԱՆԱԿԱՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ
16-րդ անգամ է, որ կը կատարուի աւանդութիւն դարձած Հրանդ Տինքի անուան մրցանակատուչութիւնը, Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ Համերգասրահին մէջ։
Միջոցառման բացումը կատարեց Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախագահ Ռաքէլ Տինք։ Տիկին Տինք իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ համաշխարհային գետնի վրայ տիրող պատերազմներուն, որոնց ետին կայ մարդկային ագահութիւնը, միջազգային ընկերութիւններու ալ աւելի մեծ շահերու տիրանալու անյագ մարմաջը եւ այդ բոլորը ազգամիջեան թշնամութեան տանող քարոզչութիւնները։
Այս տարի դատակազմը միջազգային գետնի վրայ մրցանակի արժանի գտաւ Ռուջիաթու Նենեհ Թուրայը։
Թուրքիոյ տարածքին Հրանդ Տինք մրցանակին արժանի գտնուեցաւ «Մոր Չաթը» (Մանիշակագոյն Տանիք) Կանանց Ապաստարան Հիմնադրամը։
20.09.2024
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՔՈՓԹԱՇԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՎԷՊԸ
Լոյս տեսաւ «Ակօս»ի նախկին խմբագրապետ Ռոպէր Քոփթաշի առաջին վէպը՝ «Փշրանք»ր։
Քոփթաշ այս վէպով կը բնութագրէ հայ ընտանիքի մը Ի. դարու տեւողութեան անցուդարձները։
21.11.2024
ՀԱՆԳԻՍՏ՝ ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԷՔՃԵԱՆԻ
Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու երիցագոյն անդամներէն Գերշ. Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պէքճեան իր հոգին աւանդեց 21 Նոյեմբեր 2024, Հինգշաբթի, վաղ առաւօտուն Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի երդիքին տակ։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը առաւօտ գրութիւնով մը Գարեգին Արք. Պէքճեանի մահուան գոյժը տեղեկացուց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին։
13.12.2024
ՄԱՀ՝ «ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԻ
«Արաս» հրատարակչատան հիմնադիր Եդուարդ Թովմասեան 13 Դեկտեմբեր, ուրբաթ իրակուն աւանդեց իր հոգին յետ երկարատեւ ու անողոք հիւանդութեան։
Կարգ մը հեռուստակայանները իսկոյն արձագանգեցին Եդուարդ Թովմասեանի գոյժը, երբ սոց ցանցերէն կը տեղար բազմաթիւ ցա-ւակցութեան գրութիւններ եւ յիշատակումներ։ Անոնց մէջ յատկանշա-կան էին Սայաթ Նովա Երգչախումբի երիտասարդներուն, երբեմնի մանկանց կազմի սաներէն Թամար Նալճը Տաղլըօղլուի եւ Պօղոս Եղեազարի յուշագրութիւնները, որոնք ճիշդ ալ Թոմոյական երգի-ծանք կը պարունակէին այս սուգի օրերուն իսկ։
17 Դեկտեմբեր, երեքշաբթի օր Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ կայացող յուղարկաւորութեան կարգը ունէր համազգային բնոյթ։ Պատրիարքական հոգեւորականաց դասը համարեա ամբողջութեամբ ներկայ էր, իր հետ ունենալով Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարձրա-գոյն ներկայացուցիչները։ Ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ մշակութային կեանքէն հանրածանօթ դէմքեր, «Քարտէշ Թիւրքիւլեր» երաժշտա-կան խումբի բազում անդամներ, համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, քաղաքական գործիչներ, մամլոյ ներկայացու-ցիչներ եւ մտաւորականներ։
24.12.2024
ԱՂԷՏԱԼԻ ՊԱՅԹՈՒՄ ՊԱԼԸՔԷՍԻՐԻ ՄԷՋ
Տարուայ այս վերջին օրերուն ամբողջ երկիրը անգամ մը եւս ցնցուեցաւ աղէտի մը պատճառաւ։ Պալըքէսիրի գաւառային շրջանի մէջ գործարանէ մը ներս կայացող պայթումը 11 բանուորներու կեանքեր խլեց եւ 7 հոգի ալ վիրաւորուած կերպով փոխադրուեցան հիւանդա-նոց։
Դէպքը տեղի ունեցաւ փամփուշտ սարքող գործարանի մը մէջ, ուր աշխատողներ կը պատրաստուէին հերթափոխութեան։
Պալըքէսիրի կուսակալը յայտարարեց առաջին պաշտօնական տե-ղեկութիւնները՝ ըստ որու պայթումի հետեւանքով զոհուածները եւ վիրաւորուածները նոյն բաժանմունքի մէջ աշխատողներ էին եւ գործարանի այդ հատուածը կըքած է պայթումի հետեւանքով։
Այս պահուն տակաւին չէ պարզուած պայթումին տեղի տուող պատ-ճառները։
գերեզմանատան մէջ կար յաւելեալ ոգեւորութիւն, քանի որ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը բացումը կը կատարէր Ս. Սարգիս մատրան հրապարակին վրայ տեղադրուած Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր կիսանդրին։