24 Դեկտեմբեր Երեքշաբթի, Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի մէջ հոգեբանական աջակցութեան աշխատանքներու ծիրէն ներս հիւրասիրուեցաւ «Ինչպէ՞ս Յաջողեցան» գիրքին հեղինակ՝ Էմրէ Տալքըլըճը։ Տալքըլըճ աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն ներկայացուց իր գիրքը, որուն մէջ ան ուսումնասիրած էր 2000-2020 թուականներուն համալսարանային քննութիւններու առաջատարները։ Ան բաժնեց ներշնչող խորհուրդներ քննութիւններու ռազմավարութիւններու մասին։