ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Երեւանեան Միջազգային Թատերական Փառատօնի յատուկ հիւրը այս տարի ֆրանսահայ աշխարհահռչակ դերասան եւ բեմադրիչ Սիմոն Աբգարեանն էր իր թատերախումբ՝ Քոմփաժին տի սանք ռուզ (Compagnie des 5 roues)ի հետ։ Երեւան՝ Գ. Սունդուկեանի անուան Ազգային Ակադէմիական Թատրոնի բեմին, անոնք հանդէս եկան Սիմոն Աբգարեանի հեղինակային «Էլեկտրան Թշուառներու Աշխարհէն» ներկայացումով։ Ան մեծ յաջողութիւն ունեցած է ոչ միայն Ֆրանսա՝ դառնալով Ֆրանսական Ազգային Թատրոնի «Մոլիեր» մրցանակի եռակի դափնեկիր, այլ նաեւ շրջագայած է աշխարհի տարբեր քաղաքներ։
«Էլեկտրան Թշուառներու Աշխարհէն» ներկայացումը յունական հնագոյն առասպելի հզօր վերաիմաստաւորումն է։ Արգոսի ամենաաղքատ շրջանին ծաւալուող այս յուզիչ ներկայացումը ամբողջապէս կը վերափոխէ վրէժխնդրութեան դասական պատմութիւնը։
Ներկայացումը ուղեկցուեց «Howlin՛ Jaws» խումբի աշխոյժ ռոքն-ռոլով, ցնցող խորեոկրաֆիայով եւ ձայներու խմբերգով, որոնք կեանք կը հաղորդէին իւրաքանչիւր տեսարանին։
Երկու օր շարունակ Սունդուկեան թատրոնի լեփ-լեցուն դահլիճին չէին դադարեր հանդիսատեսի ծափողջոյնները։
Ներկայացման գտնուող «Ակօս»ի թղթակից Մարի Յովհաննիսեան զրուցած է հանճարեղ Սիմոն Աբգարեանի հետ։
Ներկայացման մէջ հնչեց Կոմիտասի «Սոնա Եար» ստեղծագործութենէն հատուած մը։ Ի՞նչ խորհուրդ ունի կոմիտասեան մեղեդին ձեր հեղինակային ներկայացման մէջ՝ երբ Թրոյայի անկման տեսարանները բեմի վրայ էին։
Շատ պարզ է։ Մասնաւոր բացատրութիւն չկայ։ Այդ երգը եթէ Կոմիտասը չստեղծէր՝ ուրեմն չպէտք է վերցնէինք այսօր։ Թրոյան մի պատկեր է, որ մեր՝ հայերուս ճակատագրի հայելին է կարծես թէ։ Թրոյան ոչ միայն հայերու այլ նաեւ հալածուած ու հին, տաղանդաւոր ազգերու պատմութեան մասին է։ Մեզ հայ ըսողը գիտէ, որ տարբեր ժամանակներուն մեր երկիրը եկած գրաւողները չեն հանդուրժած, որ դեռ պիտի վկայ ըլլանք եւ ըսենք, թէ իրենք ով են, երբ են եկած, ինչ են խլած մեզմէ, վկայ ըլլանք աշխարհի դատաստանին։ Բայց մենք դեռ կանք, պիտի ըլլանք ու դեռ շատանանք։
Ամեն բան ըսուած է։
Իսկ հայ հանդիսատեսը ինչպէ՞ս ընդունեց ներկայացումը։
Ես շատ քիչ խաղացած եմ հոս (Հայաստան)։ Յուսամ այս գործը սիրեցին, եւ անոր համար կը ծափահարէին։ Գիտէք ամենակարեւորը այն է այս պարագային, որ հանդիպեցանք։ Պէտք է շարունակենք, պէտք է կրկնենք այս մօտեցումը, դուրսէն ներս գանք, ներսէն դուրս երթանք, իրար հետ հանդիպինք, շփուինք։ Մենք այստեղ ենք, մենք դեռ կանք, մեր մշակոյթը սաղ է, մենք զարգացած մշակոյթ ունինք։ Այն դուրս հանելով՝ ամուսնացուցինք այլ հիւրասիրուող երկրներու մշակոյթի հետ։ Իմ ըրած գործը այս է, եւ անոր հիմքը հայկական է։
Շնորհակալութիւն
Ես եմ շնորհակալ։