ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Յանկարծ Բ

Սէրը եկաւ յան­­կարծ

Շա­­բաթ մը առաջ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կար­­դա­­­ցինք «յան­­կարծ» բա­­ռի դա­­րերու ըն­­թացքին հա­­սունցած պատ­­մութիւ­­նը։ Յան­­կարծա­­բուխ չէր ան, ոչ ալ՝ յան­­կարծա­­գիւտ կամ յան­­կարծա­­ծին։ Հա­­րիւ­­րա­­­ւոր գրիչ­­ներ պէտք էին, որ բառս «կարծ» ար­­մա­­­տէն դառ­­նար «յան­­կարծ»։ Բազ­­մա­­­թիւ տա­­ղասաց­­ներ, բա­­նաս­­տեղծ-վար­­դա­­­պետ­­ներ՝ յան­­կարծ եկած մա­­հը, սո­­վը, թշուառու­­թիւնը, գաղ­­թա­­­կանու­­թիւնը, նոյ­­նիսկ «յան­­կարծ գա­­լիք Քրիս­­տո­­­սը» պատ­­մե­­­ցին մե­­զի։ Բայց, մենք մտա­­ծեցինք, թէ միշտ ցա՞ւը եկաւ յան­­կարծ, լա՞ցը, սո՞ւգը… Այ­­սօր կ’ու­­զեմ ցոյց տալ, թէ սէրն ալ ու­­նի յան­­կարծ գա­­լու սո­­վորու­­թիւն մը։ Ուստի, ձեզ կը հրա­­ւիրեմ Դու­­րեան­­նե­­­րու, Վա­­րու­­ժաննե­­րու, Տէ­­րեան­­նե­­­րու եւ այլ գրիչ­­նե­­­րու յան­­կարծա­­փայլ տո­­ղերը վա­­յելե­­լու։

Յան­­կարծ եկաւ գե­­ղեցի­­կը

1900-նե­­րու սկիզ­­բը Պոլ­­սոյ մէջ յան­­կարծ յայտնո­­ւեցան գե­­ղեցի­­կը պաշ­­տող, նրբազ­­գաց գրող­­նե­­­րու խումբ մը, աւա՜ղ, տա­­սը տա­­րիէն ալ անոնք ան­­հե­­­տացան յան­­կարծ։ Կեան­­քը եւ բնու­­թիւնը սի­­րող այդ ազ­­նիւ տղա­­ները, ո՚չ յան­­կարծ, բայց մար­­գարտեայ քրտին­­քով, բառ առ բառ հիւ­­սե­­­ցին քեր­­թո­­­ւած­­ներ։ Անոնք մեր գրա­­կանու­­թեան տո­­ւին անսպա­­սելի փայլ մը։ Այժմ յի­­շէնք այդ տո­­ղիկ­­նե­­­րը, որ­­պէսզի անոնք չկոր­­սո­­­ւին յան­­կարծ։ Մի­­սաք Մե­­ծարեն­­ցը մե­­զի տո­­ւաւ բնու­­թեան զմայ­­լե­­­լի պատ­­կեր մը։ Ան նկա­­րագ­­րեց վճիտ լի­­ճի վրայ ծա­­գած առա­­ւօտեան լոյ­­սը եւ անոր տո­­ւած ու­­րա­­­խու­­թիւնը, որ անոր կու տար գի­­նովու­­թիւն. «Ճա­­ռագայթներ խու­­սա­­­փուկ / Լի­­ճերուն մէջ կը խա­­ղան, / Եւ յան­­կարծ բոյր մը դեղ­­ձան / Կը ներ­­կէ ջու­­րը փա­­փուկ»։ Լոյ­­սե­­­րը խու­­ճա­­­պի կը մատ­­նո­­­ւի՞ն։ Ըստ Մե­­ծարեն­­ցի՝ ամէն առա­­ւօտ. «Ա՜հ, կը շտա­­պեն, կը փախ­­չի՜ն / Ճամ­­բա­­­ներու լոյ­­սերն ամէն, / Յան­­կարծա­­կան խու­­ճա­­­պի մը մատ­­նո­­­ւած»։ Մէկ այլ գե­­ղապատ­­կեր յօ­­րինեց Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նը։ Քեր­­թո­­­ւած չէր գրեր ան, բնու­­թեան պաշ­­տա­­­մունք կը կա­­տարէր կար­­ծես. «Ամ­­պի մը տակ լու­­սինն յան­­կարծ կը մա­­րի, / Կը լռէ հովն, ամէն աստղեր մի առ մի / Ասուպ կ՛ըլ­­լան, կ՛ըլ­­լան վար­­դերն ալ վէր­­քեր»։ Ռու­­բէն Սե­­ւակի գրի­­չին հան­­դի­­­պեցաւ լա­­ցող կին մը. «Հե­­կեկա­­լով ան յան­­կարծ կ’անցնի մու­­թին մէջ տրտում»։ Մի­­սաք Մե­­ծարեն­­ցը նկա­­րագ­­րեց իր «սի­­րաւեր» հո­­գին. «Պի­­տի ապ­­րի՜մ, վիշ­­տը նոր ու­­ժեր կը բե­­րէ յան­­կարծ»։ Այդ օրե­­րուն Սիաման­­թօն զբա­­ղած էր հայ­­կա­­­կան գի­­րերու գիւ­­տը մէկ­­նա­­­բանե­­լով։ Ին­­քը հա­­մոզո­­ւած էր, թէ անոնք յան­­կարծա­­գիւտ տա­­ռեր էին։ Սե­­րով­­բէ մը Մես­­րո­­­պի մրա­­փին մէջ մտեր էր եւ աջ ձեռ­­քին Հայ­­կազնեան տա­­ռեր կա­­յին. «Յան­­կարծ՝ Սուրբը… / Փե­­տուր գրիչն եւ տախ­­տակն ի ձե­­ռին… Որ­­մին առ­­ջեւ ան­­հունօ­­րէն ծնրադ­­րեց»։ Իսկ մեր օրե­­րուն, Կիւմրի ծնած բա­­նաս­­տեղծ Յով­­հաննէս Շան­­թը մե­­զի պար­­գե­­­ւեց անձրե­­ւի լու­­սա­­­փայլ կա­­թիլ­­նե­­­րը նկա­­րագ­­րող երկտող մը. «Սեւ մար­­գա­­­րիտ­­ներ ծնւում են կեան­­քում, / Երբ լոյսն է յան­­կարծ լա­­լիս անար­­ցունք»։ Իսկ այժմ հասկնանք, թէ ի՚նչ զգաց հայ բա­­նաս­­տեղծը երբ գե­­ղեց­­կուհի մը յան­­կարծ յայտնո­­ւեցաւ իր առ­­ջեւ։

Մեր մա­­զերը խառ­­նո­­­ւեցան

Երբ հայ­­կա­­­կան քնա­­րեր­­գութեան էջե­­րը կը թեր­­թէի, տե­­սայ, թէ բո­­լոր հե­­ղինակ­­նե­­­րը հա­­մաձայ­­ներ են… յան­­կարծ եկած սէրն է քաղցր։ Նախ խօ­­սեցաւ Խա­­ռակո­­նիս գիւ­­ղի բնա­­կիչ Նա­­հապետ Քու­­չա­­­կը։ Օր մը ան քու­­նի մէջ էր։ Տա­­նիքի վրայ։ Երազ տե­­սաւ։ Իր լու­­սե­­­րես եարն էր։ Արթնցաւ։ Լու­­սի­­­նը տե­­սաւ. «Իմ եարն յե­­րազիս եկաւ, / ի սի­­րուն զէտ հար­­բած եղայ. / Յան­­կարծ ի քնուս ելայ, - / լու­­սինկայ, ու խիստ կու ցո­­լայ»։ Այժմ եր­­թանք Պո­­լիս։ Պետ­­րոս Դու­­րեանն է, որ շո­­գենաւ մը նստած կը ճամ­­բորդէ Պոս­­ֆորն ի վեր։ Ո՜վ գի­­տէ ի՚նչ միտ­­քե­­­րու մէջ էր տղան, երբ անսպա­­սելի ձայն մը սթա­­փեցուց զինք. «Մէկ մ՚ալ յան­­կարծ սան­­դուխէն / Վեր ել­­նե­­­լու ոտ­­նա­­­ձայն մը / Շփո­­թեց զիս եւ աչերս / Դար­­ձուցի դէպ յայն կող­­մը։ / Հա­­յու­­հի մ՚էր վեր ել­­նողն, / Բարձրա­­հասակ եւ գե­­ղադէմ. / Ան­­ցաւ մօ­­տէս նէ սի­­գաճեմ»։ Բրգնիկ գիւ­­ղի մէջ, բար­­տի­­­ներու շու­­քին տակ Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նը եւ իր հար­­սը նստած էին։ Սիւ­­քը եկաւ։ Քնքշօ­­րէն շո­­յեց մա­­զերը. «Մա­­զերն անոր՝ երբ մա­­զերուս / Խառ­­նել կու գայ յան­­կարծ քա­­մին՝ / Զոյգ բար­­տի­­­ները սի­­րասոյզ / Աստղե­­րուն մէջ կը համ­­բուրո­­ւի՜ն»։ 1921 թո­­ւակա­­նին, Մարտ ամիսն էր, Պոլ­­սոյ Փրին­­քի­­­փօ կղզիի վրայ ապ­­րող Մատ­­թէոս Զա­­րիֆեանը նա­­մակ գրեց իր նշա­­նածին. «Յան­­կարծ կը դե­­դեւիս, գլուխդ կը դնես ու­­սիս. աստղե­­րուն տակ՝ աչ­­քե­­­րուդ մու­­թը կը բարձրա­­նայ նա­­յուած­­քիս»։

Քեզ գտայ յան­­կարծ…

Հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան արե­­ւելեան թե­­լերու վրայ ալ հնչե­­ցին սի­­րոյ հնչիւններ։ Նախ Տէ­­րեանն էր, որ իր մատ­­նե­­­րը դրաւ քնա­­րի վրայ։ «Մթնշա­­ղի անուրջներ» ժո­­ղովա­­ծուի մէջ լսե­­ցինք անոր մեղմ ձայ­­նը. «Յան­­կարծ կը զարթնի ջերմ լա­­լու փա­­փաք… Յան­­կարծ, ան­­կարծ շշնջում ես, որ կը գաս… Իմ մո­­լոր ճամ­­բին դու յան­­կարծ իջար… Գու­­ցէ դու յան­­կարծ «պա­­տահ­­մամբ» դուրս գաս, կա­­րօտս, գու­­ցէ, դու յան­­կարծ զգաս»։ Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցին այնպէս թո­­ւաց, թէ տե­­սած է իր սի­­րած կի­­նը. «Մօ­­տեցաւ յան­­կարծ լու­­սա­­­ւոր, տխուր, / Տխրօ­­րէն վճիտ երա­­զը նրա»։ 1923 թո­­ւակա­­նին Ղա­­րաքի­­լիսա­­յի մէջ ծնած Մի­­քայէլ Ամիր­­բե­­­կեանը, որ յայտնի է ճա­­կատա­­մար­­տեր նկա­­րագ­­րող պատ­­մա­­­վէպե­­րով, օր մը յան­­կարծ փա­­փաքե­­ցաւ սէ­­րը նկա­­րագ­­րել. «Սէ­­րը, -բա­­ցատ­­րեց ան-, ձկնոր­­սի ուռկա­­նի պէս է, յան­­կարծ ընկնում ես մէ­­ջը եւ …եւ դու այ­­լեւս ազատ ջրե­­րում ան­­հոգ լո­­ղացող այն ձու­­կը չես»։ Վեր­­ջա­­­պէս, Պա­­րոյր Սե­­ւակը, որ ինչպէս բո­­լորիս ծա­­նօթ է, որո­­շեց յան­­կարծ հրա­­ժեշտ տալ մե­­զի, գրի առաւ այր ու կնոջ կրքոտ, տրտում պատ­­կերներ. «Եթէ յան­­կարծ դու քո հե­­ռուից նկա­­տէիր, ու ձայն տա­­յիր…, Իմ խեղճ դռնա­­կը յան­­կարծ են­­թարկո­­ւեց ահեղ փոր­­ձութեան, դու էիր թա­­կում…, Իմ լե­­զուն յան­­կարծ չա­­սի. Ցան­­կա­­­լի՜ս»։ Սե­­ւակի վեր­­ջին խօս­­քը կը պա­­րու­­նա­­­կէր՝ յոյս եւ լա­­ւատե­­սու­­թիւն. «Քեզ չփնտրե­­ցի, չո­­րոնե­­ցի, եւ... գտայ յան­­կա՜րծ»։

Նո­­րից՝ յան­­կարծ

Հայ­­կա­­­կան ժա­­մանա­­կակից եր­­գա­­­րուես­­տը այ­­սօր հա­­րուստ է առա­­ւօտուն յայտնուող եւ յա­­ջորդ գի­­շեր ալ յան­­կարծ ան­­հե­­­տացող մե­­ղեդի­­ներով։ Անոնք կը փայ­­լին լուցկիի կայ­­ծի նման ու կը մատ­­նո­­­ւին մո­­ռացու­­թեան։ Այժմ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ձե­­զի հրա­­ժեշտ կու տամ հայ­­րե­­­նի եր­­գիչ Մար­­տին Մկրտի­­չեանի սի­­րային մէկ եր­­գով, որ յու­­սանք, թէ մնայ եր­­կա­­­րակեաց.

Երկնքում մա­­րեց արեւն յան­­կարծ

ու հեռ­­ւում կո­­րաւ ան­­տես ան­­դարձ։

Կա­­րօտը ինձ խեղ­­դեց յան­­կարծ…

Ես այ­­սօր նոր սէր գտայ յան­­կարծ…

Դու այ­­սօր իմը դար­­ձար յան­­կարծ,

թէ ինչպէս չի­­մացայ։

Իմ սրտի հու­­րը հան­­գած վա­­ռեցիր,

նո­­րից յան­­կարծ։