Անուանակոչում ի պատիւ Միսակ եւ Մելինէ Մանուշեաններու

Ֆրանսայի Էքս ան Փրովանս քաղաքի մէջ 24 Սեպտեմբեր- 4 Հոկտեմբեր թուականներու միջեւ կայացաւ «Հայաստանեան Օրեր» միջոցառումը։

Այս առթիւ բացումը կատարուեցաւ նաեւ Միսակ եւ Մելինէ Մանուշեան Փողոցի։

Ինչպէս ծանօթ է հայազգի այս գործիչները Ֆրանսայի մէջ նացիներու դէմ դիմադրութեան խորհրդանշաններ դարձած անուններ եղան։ Անոնք 1943-ին Ֆրանսական Կոմունիստական Կուսակցութեան շարքերէն այլ գաղթականներու հետ կազմեցին ջոկատ մը եւ մեծ կորուստներ պատճառեցին նացիական զօրախումբերուն։ Աւարտին անոնք ձերբակալուեցան եւ գնդակահարուեցան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ