Մարդու Իրաւունքներու Հետեւման Կազմակերպութիւնը եւ Freedom Now, 8 Հոկտեմբերին հրապարակած տեղեկագրով մը մեղադրեցին COP 29 կլիմայական համագումարի ընթառաջ Ատրպէյճանի մէջ տիրող բռնակալութիւնը։
74 էջերէ բաղկացող տեղեկագրին մէջ քննարկուած են 33 հարցաքննութիւններ եւ անոնց հետ առնչուած բերման ենթարկելու եւ ձերբակալելու դէպքեր։
Մարդու Իրաւունքներու Հետեւման Կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիայի վարիչ Ճորճի Ճոճիա կ՚ըսէ թէ Ատրպէյճանի կառավարութեան քաղաքացիական ազատութիւնները անտեսելը սպառնալիք մը դարձած է անկախ խմբակներու եւ քննադատական մետիայի հանդէպ։ « COP 29-ի նախօրէին կառավարութեան պարզած պատկերը այս պէտք չէր որ ըլլար։ Կրնամ ըսել թէ տակաւին շատ ուշ չէ եւ բանտարկեալ ընդդիմադիրները ազատ արձակելով եւ հասարակական կազմակերպութիւններու դէմ յարուցուած կեղծ մեղադրանքները դադրեցնելով կարելի է պետութեան կորսուած վարկը վերաշահիլ»։
Մարդու Իրաւունքներու Հետեւման Կազմակերպութիւնը եւ Freedom Now աւելի քան 40 փաստաբան, ձերբակալուածներու մերձաւորներ, հասարակական կազմակերպութիւններու աշխատողներ եւ վարիչներով տեսակցած է եւ քննարկած դատական փաստաթուղթերը ու այլ վաւերագրութիւններ։
Արդէն թիւով քիչ անկախ ու առցանց լրատուամիջոցներէն երեքը ուղղակի թիրախը դարձած են իշխանութեան։ Անոնց գլխաւորներէն է «Ապզաս Մետիա» եւ «Թոփլում ԹՎ»։ Այս երեք հարթակներու աշխատողներէն առնուազն 12-ը ձերբակալուած են։ Անոնց գրասենեակները խուզարկուած եւ գործիքները առգրաւուած։
Ձերբակալուած ու բանտարկուածներու մէջ մարդու իրաւունքնրու պաշտպանութեան ոլորտին փորձառու դէմք մը հանդիսացող Անար Մամմատլին ալ կայ։ Ան քանի մը շաբաթ առաջ նախաձեռնած էր բնապահպանութեան արդարութիւնը պաշտպանող հարթակ մը կազմելու։ Անոր վերագրուեցաւ արհեստական փախստականութեան յանցանք մը եւ այժմ ճաղերու ետին կը սպասէ դատավարութեան օրը։
Քարիւղի եւ կազի ոլորտի մէջ շահերու թափանցիկութեան նիւթով աշխատող հանրածանօթ տնտեսագէտ Գուպատ Իպատօղլու 2023-ին ձերբակալուեցաւ։ Ան այժմ տնային կալանքի մէջ է եւ կեղծ փողերու տպագրութեան նման ծիծաղելի մեղադրանքով մը կը սպասէ դատական նիստը։
Միջազգային իրաւաբանական սկզբունքներու համաձայն Ատրպէյճանի իշխանութիւնը պարտաւոր է քաղաքացիներու խօսքի, մէկտեղման եւ կազմակերպման իրաւունքները պաշտպանելու։ ԵՄԻԱ անցեալին բազմաթիւ անգամներ վճռած էր Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հասարակական կազմակերպութիւններու վաւերացումները մերժելով կազմակերպելու իրաւունքի ոտնակոխման դէպքեր։
Այս մասին Freedom Now-ի գործադիր վարիչ Անտրէա Փրասովի համաձայն Ատրպէյճանի կառավարութիւնը անարդար ձերբակալութիւններով եւ ՀԿ-ներու մասին կանոնագրի սահմանափակումներով կը փորձէ հասարակութիւնը լռութեան դատապարտել։ «COP 29-ի նախօրեակին պետութիւնները եւ ՄԱԿ-ի շրջանակները Ատրպէյճանին կոչ ուղղելով պահանջելու են բերման ենթարկուած եւ ձերբակալուած գործիչներու իսկոյն ազատ արձակումը» ըսած է Փրասով։