Պաղլարպաշըն ճանչնալ «Քարտէս»ի միջոցաւ

Բազմաբ­նոյթ նա­խաձեռ­նութիւններ կեան­քի կո­չող Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի խիստ շա­հեկան ծրա­գիր­նե­րէն մէկն է «Քար­տէս»ը։ Ան բջջա­յին հե­ռախօս­նե­րուն յար­մա­րեցո­ւած ծրա­գիր մըն է, որու մի­ջոցաւ ան­հա­տը կը շրջի ճշդո­ւած տա­րած­քի մը վրայ եւ կը ծա­նօթա­նայ այդ նոյն տա­րած­քի յատ­կանշա­կան կէ­տերուն։ Այս շրջա­նակի վեր­ջին օրի­նակը եղաւ Սկիւ­տա­րի Պաղ­լարպա­շը թա­ղամա­սը, որ դար­ձեալ հա­րուստ է պատ­մամշա­կու­թա­յին յի­շար­ժան բա­զում վայ­րե­րով։ «Քար­տէս»ի այս կի­րար­կումը 4 Հոկ­տեմբե­րին հան­րութեան ներ­կա­յացաւ թա­ղի Սուրբ Խաչ Դպրե­վանք Վար­ժա­րանի մէջ։

Դպրո­ցի հա­մար ալ շա­հեկան այս մի­ջոցառ­ման ներ­կայ գտնո­ւեցան թա­ղական խոր­հուրդի ան­դամնե­րը, դպրո­ցի անձնա­կազ­մը եւ հրա­ւիրեալ­ներ։

Բա­ցի ան­ցեալի երե­ւելի դէմ­քե­րէն, Պաղ­լարպա­շը այս օր ալ իր զոյգ եկե­ղեցի­ներով, գերեզմաններ, կրթօ­ճախ­նե­րով եւ բնակ­չութեամբ կը պա­հէ թա­ղի հայ­կա­կան դի­մագի­ծը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ