Եկեղեցին՝ վշտակցութեան վայր

Երբ պե­­տական մա­­կար­­դա­­­կի վրայ երկրա­­գունդի արեւմտեան հա­­տուա­­ծը ան­­վե­­­րապա­­հօրէն կը զօ­­րակ­­ցի Պա­­ղէս­­տի­­­նի մէջ Իս­­րա­­­յէլի վա­­րած ան­­մարդկա­­յին բռնու­­թեան, հա­­սարակ ժո­­ղովուրդի խա­­ւերուն մէջ կը տի­­րէ բո­­լորո­­վին ընդհա­­կառակ մեր­­ձե­­­ցում մը։

Այդ ծի­­րէ ներս Ամսթեր­­տա­­­մի Տո­­մինի­­քուս Եկե­­ղեցին ան­­նա­­­խադէպ մի­­ջոցա­­ռում մը կազ­­մա­­­կեր­­պեց Կազ­­զա­­­յի զո­­հերը յի­­շատա­­կելու հա­­մար։

Ամսթեր­­տա­­­մի Ֆա­­թիհ Մզկի­­թի իմա­­մը խո­­րանէն գու­­րա­­­նի ըն­­թերցումներ կա­­տարեց եւ զա­­նազան­­ներ ալ ելոյթներ ու­­նե­­­ցան։

Մի­­ջոցառ­­ման ներ­­կայ գտնո­­ւեցան քա­­ղաքա­­պետ Ֆամ­­քէ Հալ­­սե­­­մա եւ Պա­­ղէս­­տի­­­նի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ աւագ դես­­պան Ամ­­մար Հի­­ճազի։ Եկե­­ղեց­­ւոյ երէ­­ցը «Անա­­տոլու» գոր­­ծա­­­կալու­­թեան թղթակ­­ցին յայտնեց թէ ոչ ոք այս վիշ­­տը ու ընդվզու­­մը կրնայ տա­­նիլ։ «Մարդկանց իրենց զգա­­ցումնե­­րը ար­­տա­­­յայ­­տե­­­լու եւ եթէ կա­­րելի է միասին սգա­­լու վայ­­րի մը կա­­րիք կայ եւ այդ վայրն ալ մեր օրի­­նակին մէջ ահա այս եկե­­ղեցին է» ըսաւ Յա­­նեք­­քէ Ստեք­­մեն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ