«ԱՊԱՌԱԺ»
2020 թուականի Սեպտեմբերի 27-ի պատերազմը փոխեց ուժերու դասաւորուածութիւնը տարածաշրջանէ ներս: 44 օր տեւած պատերազմը սկիզբն էր Արցախի: արդէն իսկ կանխորոշուած, կորստի: Սակայն Արցախը կը պայքարէր, կը դիմադրէր:
Հայկական կողմը կորսնցուց Արցախի զգալի մասը: Պայմանագրի ստորագրման գիշերը Ռուսաստանը մօտ 2 հազար խաղաղապահ եւ 470 միաւոր զինուորական սարքեր ուղարկեց Արցախ: Ռազմական գործողութիւններու դադարեցման մասին պայմանաւորուածութիւններու պահպանման վերահսկողութեան համար։ Արցախի բանակը փաստացի մինակ էր թուրք-ատրպէյճանական բազմահազարանոց բանակի դէմ, նոր սպառազինութիւնով եւ վարձկաններով զինուած թուրք ահաբեկիչներու դէմ: Հայաստանը ռազմական դրութիւն յայտարարեց, զօրահաւաք էր, Արցախի: ռազմադաշտը թէժ էր: Յամառ պայքար, դիմադրութիւն, թշնամիի անհաւասար ուժերու դէմ, Արցախի բանակը ճեղքուեց, թիկունքէն դարպասները բացուած էին...Հադրութը ինկաւ, ապա: Շուշին... Ռուսական դիտակէտերը տեղակայուեցան Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանն ու Արցախը միացնող Բերձորի միջանցքի երկայնքով: Տեղահանուած շարք մը արցախցիներ ետ վերադարձան: իրենց ապագան կապելով Արցախի հետ: Սակայն 2023-ի պատերազմը վկայեց, որ խաղաղապահներու ներկայութիւնն անգամ ետ չի պահեր Ատրպէյճանին զաւթման քաղաքականութենէն, 2023-ին ունեցանք ամբողջական Արցախի հայաթափում, նոր ցեղասպանութիւն եւ գաղթ:
Պատերազմի հետեւանքներն աղէտալի էին հայ ժողովրդի համար:
Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ պայմանագրով դադրեցան Արցախի ռազմական գործողութիւններնը, ի գին Արցախի զգալի հատուածի բռնազաւթման:
Առ այսօր տարբեր գնահատականներ կը հնչեն 44-օրեայ պատերազմի շուրջ, սակայն դէպքերու ընթացքը, ականատեսներու վկայութիւնները ու իրողութիւնները կը յուշեն, որ ամէն ինչ կանխորոշուած էր, պայմանաւորուած։
Հինգ հազար զոհ, բազմաթիւ անյայտ կորած, գերեվարուած, տեղահանուած ժողովուրդ, 4 տարի անց: ատրպէյճանական կողմը չի վերադարձներ բոլոր հայ ռազմագերիները: Միայն մեր զինուորներու յամառ պայքարի ու հերոսութեան շնորհիւ: Արցախը դիմադրեց 44 օր:
Յաւե՛րժ փառք մեր հերոսներուն: