Այլասերում

«Ապերախտ մարդը կը

կը նմանի այն շունին, որ ոսկոր մը

նետողէն աւելի՝ կը սիրէ ոսկորը»:

Յակոբ Պարոնեան

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ

Մարդաբան­նե­րը այն կար­ծի­քի են, թէ մարդ արա­րածը կը ծնի ան­մեղ եւ ար­դար, բայց ծնող­նե­րէն ժա­ռան­գած որոշ յատ­կութիւննե­րով: Թե­րեւս այդ է պատ­ճա­ռը, որ դա­րերէ ի վեր բո­լոր նկա­րիչ­նե­րը հրեշ­տակնե­րը ներ­կա­յացու­ցած են ման­կա­կան դէմ­քով՝ որ­պէս ան­մե­ղու­թեան ու ար­դա­րու­թեան նշա­նաբան:

Տա­րիներ անց է, որ նո­րածի­նը հա­սու­նացման հետ կա­պուած եւ շրջա­պատի ու հան­գա­մանքնե­րու բե­րու­մով կը մտնէ իր կա­ղապա­րի մէջ՝ դառ­նա­լով գիտ­նա­կան-նո­րարար, պի­տանի քա­ղաքա­ցի, հայ­րե­նիքի հե­րոս, երկրի դա­ւաճան, թա­փառա­կան, գող-աւա­զակ, մար­դասպան կամ տար­բեր տե­սակի ու մա­կար­դա­կի այ­լա­սերո­ւած անձ:

Այ­լա­փոխու­թեան կամ կեր­պա­րանա­փոխու­թեան այս երե­ւոյ­թը (métamorphօse) հա­մամարդկա­յին է եւ յա­տուկ չէ որե­ւէ երկրին կամ ժո­ղովրդին, բայց բա­ցառուած չէ, որ որե­ւէ երկրի հա­սարա­կու­թեան մի մա­սը ըլ­լայ հայ­րե­նապաշտ, իսկ միւս մա­սը ազ­գա­տեաց: Բա­զում են փաս­տե­րը, բայց մեզ հա­մար կա­րեւոր է, թէ ի՛նչ կը կա­տարո­ւի մեր աւե­տեաց երկրին եւ հա­մաս­փիւռ հայ հա­սարա­կու­թեան շրջա­նակին, եւ կա­րելի է խոս­տո­վանիլ, որ ամէն ինչ չէ որ պատ­շաճ մա­կար­դա­կի է:

Բա­ւարար չէ հինգ հա­զարա­մեայ պատ­մա­կան մշա­կոյ­թի եւ քրիս­տո­նէու­թիւնը ըն­դունող առա­ջին պե­տու­թեան ժա­ռան­գորդը ըլ­լալ, հար­կա­ւոր էր նաեւ այն պաշտպա­նել եւ զար­գացնել բարձր մա­կար­դա­կով, որ մեր նախ­նի­ները կա­րողա­ցան մա­սամբ պահ­պա­նել, քան­զի անհնար էր դի­մակա­յել մոն­ղոլ-թա­թարա­կան հրո­սակ­նե­րու ար­շա­ւան­քին, եւ այ­սօր ու­նինք այն, ինչ որ կա­րողա­ցանք փրկել, բայց այդ հրո­սակ­նե­րու շուրջ հա­զար տա­րի տի­րապե­տու­թեան ըն­թացքին լուրջ եւ խոր հետ­քեր դրոշ­մո­ւեցան մեր կեն­ցա­ղի, բար­քի եւ մտա­ծողու­թեան վրայ, որ եր­բեմն կը հաս­նի այ­լա­սեր բնոյ­թի, որուն կա­րելի է կցել նաեւ ութ տաս­նա­մեակ խորհրդա­յին հա­մակար­գի վե­րադա­սու­թիւնը՝ զանց չառ­նե­լով, որ իրար յա­ջոր­դող ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րու հե­տեւան­քով դար­ձանք աշ­խարհաս­փիւռ իրար­մէ պա­ռակ­տո­ւած՝ օտար ոչ միաձոյլ ազգ: Այս է փաս­տը եւ մերկ իրա­կանու­թիւնը՝ յայտնի բո­լորին:

Վի­ճակը աւե­լի լաւ կրնար ըլ­լալ իննսու­նա­կանի ան­կա­խու­թեան հռչա­կագ­րէն ետք, բայց աւա՜ղ, երբ իրա­ւունք ու­նե­ցանք մեր ճա­շակով եր­կիր կա­ռու­ցե­լու, ու­նե­ցանք այ­լա­սերո­ւած ղե­կավար­նե­րու ներ­խուժում պե­տական հա­մակար­գին, եւ սկիզբ առաւ առա­ւել այ­լա­սերո­ւած ար­տա­գաղ­թը, որ հա­մազօր էր արիւ­նա­հոսու­թեան: Փո­խանակ իրենց եր­կի­րը կա­ռու­ցե­լու՝ մեր հայ­րե­նակից­նե­րը նա­խընտրե­ցին շէ­նաց­նել Կլեն­տէյլը եւ բա­զում այլ բնա­կավայ­րեր: Պա­տահա­կան չէր Փու­թի­նի են­թադրեալ այն յայ­տա­րարու­թիւնը, թէ իր երկրի մէջ աւե­լի հայ կայ, քան ՀՀ-ը, ու­րեմն ինքն է հա­յերու նա­խագա­հը: Յի­շեց­նեմ ան­հերքե­լի մի փաստ. երբ ստեղ­ծո­ւեցաւ 1948-ին՝ Հրէաս­տա­նի պե­տու­թիւնը ու­նէր միայն 700.000 բնա­կիչ, իսկ այ­սօր այն կ՚անցնի 9,5 մի­լիոնը: Խոր­հե­լու տեղ կայ:

Վե­րոն­շեալ սրտա­ցաւ եւ ան­հանգստաց­նող տո­ղերը ան­հերքե­լի փաս­տեր են եւ ոչ մէկ աղերս ու­նին որե­ւէ մէ­կուն քննա­դատե­լու կամ նա­խատե­լու, մա­նաւանդ իմ ազ­գա­կից­նե­րուն, միայն թէ աննկա­տելի չէ նաեւ մեր հայ­րե­նակից­նե­րու տխմար այ­լա­սերո­ւած հա­յեաց­քը ուղղո­ւած դէ­պի արեւ­մուտք, որ ցա­ւալի երե­ւոյթ է: Տանք անո­ւանա­կան մի քա­նի օրի­նակ, թէեւ այն ան­պատշաճ հա­մարո­ւի ան­ձի ազա­տու­թեան տե­սակով...

ՀՀ հե­ռատե­սիլով եր­բեմն կը ցու­ցադրուին Ար­մինկա անու­նով երգչու­հիի եր­գե­րը, որ բա­ւական յա­ջողու­թիւններ ու­նէր, բայց պար­զո­ւեց, որ գաղ­թած է ԱՄՆ, որուն հե­տեւեց նաեւ եր­գիչ Անդրէն: Նոյն ու­ղին բռնեց ճատ­րա­կի մի­ջազ­գա­յին մրցումնե­րուն մեծ յա­ջողու­թիւննե­րու հա­սած Արո­նեանը, իսկ մէկ շա­բաթ առաջ Երե­ւան էի եւ ներ­կայ եղայ հե­ռատե­սիլով հար­ցազրոյ­ցին հու­մո­րի ճա­նաչո­ւած, գնա­հատուած վար­պետ Աշոտ Ղա­զարեանի հետ՝ իր ամե­րիկեան բնա­կարա­նէն: Խոս­տո­վանիմ, որ բա­ռապա­շարս բա­ւարար չէ այդ երե­ւոյթնե­րուն ճիշդ գնա­հատա­կան տա­լու՝ զանց առ­նե­լով ան­հա­տի ազատ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը: Աներկբայ է, որ վե­րոն­շեալ հա­յոր­դի­ները նեղ ու ծանր պայ­մաննե­րէն դրդո­ւած չէ, որ լքած են իրենց եր­կի­րը, դուրսը շունչ առ­նե­լու պատ­րո­ւակով, ոչ եւ ոչ, անոնք բո­լորն ալ ապա­հով եւ բա­րեկե­ցիկ կեանք ու­նե­ցած են: Անոնք հե­ռացած են միայն այ­լա­սերո­ւած մտայ­նութեան են­թարկո­ւելով:

Կա­րելի է՞ այ­լա­սերու­թեան մա­սին խօ­սիլ առանց անդրա­դառ­նա­լու խորհրդա­րան ներս տի­րող ան­կարգ ու անի­մաստ մթնո­լոր­տին եւ փո­ղոցը եղած ան­ցուդար­ձին, որ ըստ իս դոյզն կա­րեւոր է, քան­զի մէ­կը միւ­սի շա­րու­նա­կու­թիւնն է եւ իրար ամ­բողջա­կանաց­նող: Յա­մառու­թեամբ իր անի­մաստ քայ­լե­րը շա­րու­նա­կելով տխմար ուխտադ­րուժ Բագ­րա­տը՝ գառ­նուկը գրկին, նոր յայտնա­գոր­ծութիւն ըրաւ, կոչ ուղղե­լով, թէ «Եկել է բռունցքո­ւելու եւ գոր­ծե­լու ժա­մանա­կը» իր հա­մախոհ­նե­րու հետ ստեղ­ծե­լով սուտ եւ կեղ­ծի­քի թու­նա­ւոր մթնո­լորտ, ցա­ւագար թու­թա­կի պէս կրկնե­լով, թէ Ար­ցա­խը տո­ւին՝ իր ձա­խողած շար­ժումը հա­մարե­լով «յոյ­սի եւ յաղ­թա­նակի փուլ»:

Հարց տո­ւող չկայ, թէ այդ ձա­խողած կղե­րը բռունցքը որո՞ւ դէմ պի­տի գոր­ծա­ծէ եւ ո՞ւր հաս­նե­լու նպա­տակով: Այ­լա­սերու­թեան սահ­մաննե­րը վա­ղուց հա­տած են ոմանք եւ բա­ւական առա­ջացած, բայց ան­տե­ղեակ են, թէ ի՞նչ պա­հանջ կայ իրենց շուրջը եւ ար­դեօ՞ք կը հասկնան:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ