ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ
bastimar.kurtulus@gmail.com
Իր որակումով «քաղաքական պատանդ» մըն է ան։ Բազում յատկութիւններու կողքին մենք Սելահատտին Տեմիրթաշը կը ճանչնանք իբրեւ քաղաքական գործիչ եւ գրող։ Ան այժմ ճաղերու ետին բանտախուցի մը մէջ նոր աշխարհ մը կերտելով կը զբաղի։ Ցարդ գրած բոլոր գործերը կարդացած եմ եւ վերջին վէպը կարդալով ալ աւելի ոգեւորուած իրեն դէմ։
«Քաւարանի Զուգերգը» գիրքը շատերու կողմէ ներկայացուեցաւ իբրեւ մէկ շունչով ընթեռնելի վէպ։ Համակարծիք չեմ։ Նախ նշեմ թէ գիրքը երկու հեղինակներու ստեղծագործութիւնն է։ Տեմիրթաշ Էտիրնէի արգելանոցը, իսկ համահեղինակ Եիղիթ Պեներ պելկիաբնակ գրող մը ըլլալով, առանց իրարու հանդիպելու խիստ շահեկան պատումի մը հեղինակը դարձած են։
Գիրքին մէջ կը ծանօթանանք երկու հիմնական կերպարներու։ Անոնցմէ մէկը յեղափոխական փաստաբան մըն է, որ վաղուց իր ետին թողած է երիտասարդութեան տարիները եւ այժմ կամաւոր կը ծառայէ մարդու իրաւունքներ պաշտպանող հասարակական կազմակերպութեան մը։ Երկրորդ կերպարը նախկին զօրավար մըն է, որ 12 Սեպտեմբերի զինուորական յեղափոխութեան շրջանին որպէս երիտասարդ սպայ, գործած անմարդկային տանջանքներով համբաւի տիրացած էր։
Վէպի համահեղինակները իրենց շարադրութիւնով հայելի մը կը պարզեն ընթերցողին դիմաց։ Հայելի պարզելով չեն գոհանար եւ ընթերցողը կը պարտադրեն այդ հայելիին նայելու եւ առերեսման։
Իսկապէս ալ «Քաւարանի Զուգերգը» առերեսման եւ անոր պատճառած հոգեկան ցնցումներու պատումն է։ Կը տեսնենք թէ զինուորական այդ անիծեալ հարուածը յեղափոխական շրջանակներու վրայ ինչպիսի դաժան ազդեցութիւն գործած է։ Պարտուած են անոնք եւ նախկին պայքարելու, դիմադրելու կամքը ջարդ ու փշուր եղած։ Սակայն դժուար է պարտուածութեան հոգեբանութիւնը իւրացնել։ Այդ է պատճառը որ յառաջացած տարիքին իսկ կը շարունակէ մարդու իրաւունքներու, յատկապէս ալ գաղթականներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար ջանք վատնել։
Նախկին զօրավարի համար ալ պայմանները շատ տարբեր չեն։ Անոնք ալ պարտութեան հոգեբանութեան մատնուած են՝ իրենց հայրենասիրական խաբկանքով մը ծառայած նոյն զինուորական հարուածի հետեւանքով։
Ճիշդ է որ հանրապետութեան շրջանը յատկապէս կանանց շնորհած ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքով դէպի լուսաւոր ապագայ բարեփոխումներու շրջան մը կը խոստանար։ Բայց այդ բարեփոխումներու ընթացքին տիրող ազգայնականութիւնը իրենց դէմ ալ ծուղակի մը վերածուեցաւ։
Ազգայնականներու դէմ յարուցուած սպառնալիքը եկաւ քաղաքականացուած հաւատքի միջոցաւ։ Իսլամականներ յաջողեցան բարեփոխումներու ընթացքին նահանջած դիրքերը վերահաստատելու եւ վէպի հերոս նախկին զօրավարը հիասթափեցնելու։
Պարտուածութենէ բացի ամուրի ալ մնացած զօրավարը կը փորձէ կեանքի վերջին տարիները անցնել հօրենական ժառանգ մենաստանի մը մէջ։
Այդ մենաստանի մօտ պատահած առկածով մը երկու կերպարներու ուղին կը խաչաձեւուի եւ անցեալին տանջանք գործողը եւ տանջուողը պատահմամբ կը մատնուին նոյն անելին։
Վէպի ամենաուշագրաւ յատկութիւնը հակադրուած մարդկանց հանդիպումով բոլորովին նոր հաղորդակցութիւն մը գոյացնելն է։ Ընթերցողի համար անակնկալներով լեցուն էջերը թղթատելու պահուն պարտինք յիշել թէ գրականութիւնը եւ գեղարուեստը իբրեւ արժանիքներ կը գերազանցեն քաղաքականութիւնը։ Ուրեմն աւարտենք վէպի առանցքը համարելու արժանի հետեւեալ նախադասութիւնով. «Արժեզրկուած արժանիքներու պահակութիւնը ստանձնելով ինքնախաբ եղած անկենդան մըն եմ»։