Դէպի շրջանային պատերազմ

Նաթանիահուի յա­րատեւ գրգռու­թիւննե­րը վեր­ջա­պէս ակնկա­լուած հե­տեւան­քը գո­յացու­ցին եւ Իրան հրթիռ­ներ ար­ձա­կելով ռմբա­կոծեց իս­րա­յէլեան դիր­քե­րը։

Կազ­զա­յի մէջ գոր­ծադրո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թեան բնոյ­թով զի­նուո­րական գոր­ծո­ղու­թիւննե­րէ ետք Իս­րա­յէլի կա­ռավա­րու­թիւնը որո­շած է պա­տերազ­մը ընդլայ­նել դէ­պի այլ եր­կիրներ։ Յար­ձա­կումնե­րու գլխա­ւոր թի­րախը եղաւ Լի­բանա­նի հա­րաւա­յին շրջան­նե­րը։ Հա­մասի դիր­քե­րը փճաց­նե­լու պատ­րո­ւակով կա­տարո­ւած յար­ձա­կումնե­րը հա­սած են նաեւ մայ­րա­քաղաք Պէյ­րութի հա­րաւա­յին թա­ղամա­սերը։ Նոյն ժա­մերուն լրա­տուա­միջոց­նե­րը կը հա­ղոր­դէին թէ Սու­րիոյ մայ­րա­քաղաք Դա­մաս­կո­սի մէջ եւս պայ­թումներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան։

Իրա­նին հրթի­ռակո­ծու­մէն ետք Սպի­տակ Տու­նէն կա­տարո­ւած յայ­տա­րարու­թիւնով ան­գամ մը եւս շեշ­տո­ւեցաւ ԱՄՆ-ի զօ­րակ­ցութիւ­նը Իս­րա­յէլեան ահա­բեկ­չութեան։

Նոյն օր եւ Թուրքիոյ մէջ Խորհրդա­րանէ ներս կը կա­յանար օրէնսդրա­կան նոր նստաշրջա­նի պաշ­տօ­նական բա­ցու­մը, Նա­խագահ Էր­տո­ղան կը պնդէ թէ Իս­րա­յէլեան յար­ձա­կումնե­րու յա­ջորդ թի­րախը պի­տի ըլ­լայ Թուրքիան։ Թէեւ որոշ քա­ղաքա­կան վեր­լուծա­բան­ներ շատ ալ իրա­ւացի չեն գտեր Էր­տո­ղանի այդ պնդու­մը, սա­կայն 2 Հոկ­տեմբեր թո­ւակիր իշ­խա­նամէտ լրա­տուա­միջոց­նե­րը կը շեշ­տադրէին նա­խագա­հի այդ ելոյ­թը։

Պար­տինք նշել թէ նախ­քան Հա­մասի յար­ձա­կու­մը, հրեայ հա­սարա­կու­թեան դի­մաց բա­ւակա­նին վար­կազրո­ւակած Նա­թանիահո­ւի կա­ռավա­րու­թիւնը պա­տերազ­մի պայ­մաննե­րու մէջ յա­ջողե­ցան իր դիր­քը ամ­րապնդե­լու։ Ըստ երե­ւոյ­թի Թուրքիոյ Նա­խագահ Էր­տո­ղան ալ նման սպառ­նա­լիքի մը մա­սին խօ­սելով կ՚ու­զէ ժո­ղովուրդին ու­շադրու­թիւնը շե­ղել երկրէ ներս հետզհե­տէ ան­տա­նելի դար­ձած տնտե­սական ճգնա­ժամէն, խօ­սելով պա­տերազ­մի մը հա­ւանա­կանու­թեան մա­սին։

Իրա­նի Նա­խագահ Փե­զեշ­քեան ալ մե­ղադ­րեց Արեւ­մուտքը պնդե­լով թէ անոնք խոս­տա­ցած էին Կազ­զա­յի մէջ զի­նադա­դար մը ապա­հովել եւ այդ խոս­տումով ալ յա­ջողած Իրա­նական հա­կազ­դե­ցու­թիւնը կան­խե­լու։ Ներ­կայ դրու­թեան մէջ, երբ Իս­րա­յէլ կը ձգտի պա­տերազ­մի գօ­տին ընդլայ­նե­լու, անի­մաստ դար­ձած է արեւմտեան շրջա­նակ­նե­րու այդ խոս­տումն ալ։

Նշենք նաեւ թէ Իս­րա­յէլեան յար­ձա­կումնե­րը պատ­շաճ հա­կազ­դե­ցու­թիւն չեն գո­յաց­նէր մահ­մե­տական եր­կիրնե­րէ ներս, լոկ դա­ւանան­քա­յին պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րով։ Նոյ­նիսկ Հա­մասի ընդհա­նուր քար­տուղար Նաս­րալլա­հի սպա­նու­թիւնը որոշ ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռած է սիւննիադա­ւան եր­կիրնե­րէ ներս։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ