Պոլսահայ համայնքի գլխաւոր հարցերէն մէկն է ազգային ընդհանուր եկամուտի ամբողջական մերձեցումով մը շահագործման խնդիրը։
Տակաւին Հրանդ Տինքի կենդանութեան օրերուն, «Ակօս»ի հիմնադիրը այս առաջարկը նկարագրած էր «աւազանի նախագիծ» բացատրութեամբ։ Ան առաջարկած էր համայնքային բոլոր հաստատութիւններու ստացած եկամուտը հաւաքել աւազանի մը մէջ եւ ծախսերն ալ ապահովել այդ աւազանի միջոցաւ։
Բաղդատմամբ այս առաջարկին օրակարգի եկած տարիներէն, այսօր շատ աւելի ձեռնտու է այդ առաջարկը, որ ոչ անցեալին, ոչ ալ այսօր արժանի արձագանգը չէ գտած յատկապէս բարձր եկամուտ ունեցող համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն կողմէ։
Պայմաններու պարտադրանքով եւ առայժմ Պոլսոյ Ասիական ափի համայնքային հաստատութիւններու սահմանումով մասամբ կեանքի կոչուած է այս մերձեցումը։ Արդարեւ 18 Սեպտեմբեր չորեքշաբթի օր Սկիւտարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ մէկտեղուեցան Ասիական ափի թաղականութիւններու եւ խնամակալութիւններու ներկայացուցիչները եւ որոշեցին առաջին հերթին զօրակցիլ Գալֆաեան Որբանոցի ելմտական հաշիւները հաւասարակշռելու համար։
Կազմուեցաւ աշխատանքային յանձնախումբ մը, Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մասիս Գույումճուի նախագահութեամբ։
Նշենք որ Գալֆաեան Որբանոցը կը պատրաստուի 27 Հոկտեմբերին նշել հիմնարկութեան 158-ամեակը։ Գալֆաեանի առանձնայատկութիւնն է նաեւ քաղաքի աղջկանց համար միակ գիշերօթիկ վարժարան ըլլալու հանգամանքը։
Ուսման այս հաստատութիւնը անցնող տասնամեակներու ընթացքին իր տուած հունձքով մեծ ծառայութիւն մատուցած է պոլսահայութեան։
Նախաձեռնողները համոզուած են թէ զօրակցութեան արշաւը իր դրական արդիւնքը պիտի պարգեւէ 27 Հոկտեմբերին Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագին եւ ապա սարքուելի Սիրոյ Սեղանին միջոցաւ։