Խորհուրդ մարդկանց, կամք Աստուծոյ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Ընդու­նո­ւած ասա­ցուածք մըն է այս, որ կը բնու­թագրէ մեր կամ­քէն ան­կախ զար­գա­ցումնե­րը, որոնց ստի­պողա­բար կ՚են­թարկո­ւինք։

Ամիս­ներ առաջ էր, երբ ՀՀ Սփիւռքի Գոր­ծե­րու Յանձնա­կատա­րի գրա­սենեակէն ստա­ցայ ել-նա­մակա­յին հրա­ւէր մը։ Գրու­թիւնը կը տե­ղեկաց­նէր թէ սոյն տա­րուայ 17-20 Սեպ­տեմբեր թո­ւական­նե­րուն քա­ղաքա­մայր Երե­ւանի մէջ պի­տի կա­յանայ հա­մաշ­խարհա­յին հայ­կա­կան Բ. գա­գաթ­նա­ժողո­վը։

Յա­ւելեալ տե­ղեկու­թիւննե­րով անդրա­դարձներ կը կա­տարո­ւէր քննար­կո­ւելի նիւ­թե­րու մա­սին։ Իս­կոյն դրա­կան պա­տաս­խա­նեցի այս հրա­ւէրին, սպա­սելով յա­ւելեալ ման­րա­մաս­նութիւննե­րը։

Որոշ ժա­մանակ անց վրայ հա­սաւ նոր հրա­ւէր մը եւս, ուր կը նշո­ւէր թէ ինձմէ կը պա­հան­ջո­ւի մաս­նակցիլ 18 Սեպ­տեմբե­րին կա­յանա­լիք նիս­տին, որուն առանցքը պի­տի կազ­մէ մա­մու­լի ոլոր­տէ ներս ապա­տեղե­կատ­ւութեան խնդի­րը։

Այդ նիս­տին Սա­րա Ան­ջարգո­տեանի ժո­ղովա­վարու­թեամբ պի­տի զրու­ցէին Էրիկ Յա­կոբեան, Վար­սի Պուֆման, Մա­րինէ Նա­զարեան եւ Կա­րինա Աւե­տիսեանի հետ։

Ու­րախ էի ճշդո­ւած նիւ­թով, քա­նի որ այս հա­մագու­մա­րին կը ներ­կա­յաց­նէի «Ակօս»ը եւ ան լոյս տե­սած էր ուղղա­կի ապա­տեղե­կատ­ւութեան դէմ պայ­քա­րու­մի մի­ջոց մը ըլ­լա­լով։

Յի­շեցի Թուրքիոյ մութ ու խա­ւար 1990-ական տա­րեթի­ւերը։ Երկրի աջա­կող­մեան կա­ռավա­րու­թիւնը ամե­նածանր բռնու­թեամբ ու դա­ժանու­թեամբ կը ճնշէր քրտա­կան ազա­տատենչ պա­հանջնե­րը, ընդմիշտ հա­լածե­լով նաեւ հա­յու ինքնու­թիւնը։ Պե­տական քա­րոզ­չա­մեքե­նան շատ մեծ ապա­տեղե­կատ­ւութիւն մը գո­յաց­նե­լով մար­դու իրա­ւունքնե­րու պա­հան­ջով փո­ղոց իջ­նող քիւրտ ընդդի­մադիր­նե­րը «ան­ջա­տողա­կան» պի­տակա­ւորեց։ Ապա ինք ալ սի­րեց այս բա­ռը եւ ընդմիշտ կրկնեց զայն ժո­ղովուրդին միտքն ալ այդ կա­ղապա­րով ձե­ւաւո­րելու աս­տի­ճան։ Քիւրտ մտա­ւորա­կանու­թեան «Ո՛չ թէ ան­ջա­տուիլ կ՚ու­զենք, այլ Թուրքիոյ հա­սարա­կու­թեան մէջ ներ­կա­յանալ մեր ազ­գա­յին ու մշա­կու­թա­յին բո­լոր երե­սակ­նե­րով՝ յա­տկապէս ալ մայ­րե­նիով»։

Սա­կայն տի­րող մթնո­լոր­տին մէջ հե­ռուստաէգ­րաննե­րու վրայ բա­նավէ­ճի ելած մար­դիկ քիւրտե­րու քրտե­րէն խօ­սիլը, երկրի պա­ռակտման երե­ւոյթ ըլ­լա­լով կը մեկ­նա­բանէին։ «Եթէ քիւրտե­րը քրտե­րէն խօ­սին, ու­րիշներ ալ կ՚ու­զեն իրենց մայ­րե­նիով խօ­սիլ եւ խառ­նաշփոթ կը տի­րէ» կ՚ըսէին իրենց անու­նին առ­ջեւ ակա­դեմա­կան տիտ­ղոսներ շա­րուած, իբ­րեւ թէ դա­սախօս­ներ կամ մտա­ւորա­կան­ներ։

Այդ օրե­րու կա­րեւոր պնդումնե­րէն մէկն ալ «Այս տե­սակ պա­հանջնե­րը ներ­կա­յաց­նողնե­րը քիւրտե­րու մէջ թաք­նո­ւած հա­յերն են» միտքն էր։ անոնք ժո­ղովուրդին հա­մոզել կը ջա­նային թէ թուրքեր եւ քիւրտեր միասին պա­տերազ­մած եղ­բայր ժո­ղովուրդներ են եւ հա­յերն են, որ թուրքե­րու դէմ կը գրգռեն քիւրտե­րը։

Պե­տական քա­րոզ­չա­մեքե­նան նոյ­նիսկ լու­սանկար մը կը տա­րածէր երկրի ամե­նահե­ռաւոր ան­կիւննե­րը իսկ, ուր զի­նեալ քիւրտ ապստամ­բութեան ղե­կավար Ապ­տուլլահ Էօճա­լան նկա­րուած էր ասո­րի հո­գեւո­րակա­նի մը հետ։ Քա­րոզ­չա­մեքե­նան այդ ասո­րի հո­գեւո­րակա­նը կը ներ­կա­յաց­նէր, որ­պէս հայ։

Այս զրպար­տութիւննե­րու դէմ հայ ժո­ղովուրդի, մա­նաւանդ ալ Մես­րոպ Պատ­րիար­քի առար­կութիւն կամ ընդվզումնե­րը տեղ չէին գտներ երկրի ԶԼՄ-նե­րու մէջ։

Նոյ­նիսկ կա­րելի է ըսել թէ թրքա­լեզու հայ­կա­կան թերթ մը հրա­տարա­կելու որո­շու­մին ետին այդ լու­սանկա­րը եւ անոր հետ կա­պուած ապա­տեղե­կատ­ւութիւ­նը շատ կա­րեւոր խթան հան­դի­սացաւ։

Ար­դա­րեւ «Ակօս»ի հրա­տարա­կու­թե­նէն ետք գո­նէ ընդդի­մադիր մա­մու­լի որոշ մէկ հա­տուա­ծը ձայ­նակցե­ցաւ հա­յոց ընդվզու­մին եւ որոշ չա­փով ետ­քայլի մատ­նեց պե­տական քա­րոզ­չութիւ­նը ստանձնած շրջա­նակ­նե­րը։

Այս միտ­քե­րը կը տո­ղան­ցէին գլխուս մէջ, երբ 17 Սեպ­տեմբե­րի առա­ջին ժա­մերուն զիս փո­խադ­րող ինքնա­թիռի անիւ­նե­րը կը կպէին Զո­ւարթնոց օդա­կայա­նի վազ­քուղին։

Ինչպէս ըսած էինք վե­րեւ, մարդկանց խոր­հուրդը միշտ չէ որ կ՚իրա­կանա­նայ։ Մէկ օր առաջ Պո­լիս յայտնո­ւած շնչա­հեղու­թիւնը բո­լորո­վին ու­ժա­թափ դար­ձուցած էր զիս։ Այդ երե­կոյ կա­յանա­լիք բաց­ման հան­դէ­սէն ակա­մայ բա­ցակա­յեցայ, յու­սա­լով մին­չեւ յա­ջորդ օրո­ւայ ելոյ­թը քիչ մը եւս ապա­քինիլ ստա­ցած դե­ղահա­տիկ­նե­րու կամ սրսկումնե­րու զօ­րու­թեամբ։

Կազ­մա­կեր­պիչնե­րը առա­ջար­կած էին նաեւ «տրես քոտ», բայց կա­րելի չե­ղաւ հետս տա­րած պաշ­տօ­նական տա­րազ­նե­րը հա­գուիլ, քա­նի որ յա­ջորդ օր իմ ելոյ­թին կա­յանա­լիք պա­հերուն շտա­պօգ­նութեան խումբ մը, այ­ցե­լելով հիւ­րա­նոցի իմ սե­նեակը կարճ քննար­կումնե­րէ ետք կը որո­շէր զիս «հոս­փի­թալաց­նել։

Դժբախ­տա­բար գի­տէի բա­ռին իմաս­տը։ Սայ­լա­կի վրայ դուրս եկայ հիւ­րա­նոցէն եւ նոյն սայ­լա­կով մտայ Պրո­շեան փո­ղոցի վրայ Արա­մեանց Բժշկա­կան Կեդ­րոն»։ Երե­ւանեան յա­ջորդ չորս օրե­րը ան­ցան հի­ւան­դա­նոցի մը սե­նեակին մէջ։

Շու­տով անդրա­դար­ձայ թէ հի­ւան­դա­նոցի սե­նեակին մէջ մե­կու­սա­նալը շատ աւե­լի տա­նելի էր բաղ­դատմամբ հիւ­րա­նոցի փար­թամ կա­հոյ­քով կա­հաւո­րուած սե­նեակէն։ Այստեղ թէեւ չկար հե­ռուստա­ցոյ­ցի ար­դի սարք, չկար ամէն մէ­կը տար­բեր ան­կիւնէ մը լոյս տա­լու շնորհքով օժ­տո­ւած լու­սամփոփ­ներ, կամ հե­ռաձայ­նի մը կան­չով դէ­պի սե­նեակ արա­գուած խո­հանո­ցային սպա­սար­կում։

Այդ բո­լոր բա­ցակա­յող­նե­րուն փո­խարէն Արա­մեանց Բժշկա­կան Կեդ­րո­նի մէջ, կար աւե­լին ու շատ աւե­լին։ Բժիշկներ, բուժքոյ­րեր, մայ­րա­պետ­ներ եւ ամ­բողջ անձնա­կազմ մը, որոնք միայն մէկ բա­ցառու­թեամբ եկած էին Ար­ցա­խէն։

Բժիշկ Խա­չատու­րեան կը պատ­մէր թէ իրենք քա­ղաքը վեր­ջին լքող­նե­րէն եղած են, իրենց խնամ­քին յանձնո­ւած հի­ւանդնե­րուն հետ։

Ամէն մէ­կը կեան­քի նոր պայ­մաննե­րը դի­մագ­րա­ւելու եղա­նակ­նե­րը կը որո­նէին։ Յու­սադրող էր բուժքոյ­րը, երբ չորս երա­խանե­րու մայր էր ու որո­շած էր նախ ըն­տա­նիքին հա­մար բնա­կարան մը ճա­րել եւ ապա բե­րել հին­գե­րոր­դը։

Այդ պա­հուն զգա­ցի թէ ղա­րաբաղ­ցի այս երի­տասարդ մայ­րը գե­րազան­ցած է ար­դիական հա­մարո­ւած սա­կաւած­նութիւ­նը եւ իւ­րա­ցու­ցած գե­րար­դիական իմա­ցու­թեան թե­լադ­րած բազ­մածնու­թիւնը։

Եր­կիր, հայ­րե­նիք, բնօր­րան, պե­տու­թիւն…։ Հաս­կա­ցողու­թիւններ, որոնք մեծ տար­բե­րու­թիւննե­րու եւ ըն­կալման զա­նազա­նու­թեան պատ­ճառ կը դառ­նան հա­յաս­տա­նաբ­նակ, սփիւռքաբ­նակ, եր­բեմնի ներ­քին սփիւռքաբ­նակ հա­յու բե­կոր­նե­րու մի­ջեւ։

Ջու­րը կը հո­սի ու իր ուղղու­թիւնը կը գտնէ։ Նպա­տակադ­րո­ւած ուղղու­թիւննե­րը միշտ չէ որ կը հաս­նի իրենց աւար­տին։ Այդ է որ կ՚ըսենք՝ «Խոր­հուրդ մարդկանց, կամք Աս­տուծոյ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ