Պատմական օր՝ Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց Եկեղեցւոյ մէջ

Պոլ­սոյ ամա­յի թա­ղերէն Գան­տիլլիի Սրբոց Առա­քելոց Եկե­ղեց­ւոյ մէջ 21 Սեպ­տեմբեր, շա­բաթ օր պատ­մա­կան երե­ւոյթ մը ապ­րո­ւեցաւ։

Հա­մայնքիս երի­տասարդնե­րէն Գէորգ Տէ­միր եւ Սա­րին Տէ­միր նա­խընտրե­ցին իրենց Սուրբ Պսա­կի խոր­հուրդը կա­տարել սոյն եկե­ղեց­ւոյ մէջ։

Այս փա­փաքը մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն պատ­ճա­ռեց Եկե­ղեց­ւոյ Թա­ղային խորհրդի ան­դամնե­րուն, որոնք տաս­նեակ տա­րինե­րու ըն­թացքին առա­ջին ան­գամ պսա­կի մը իրա­կանաց­ման հրճո­ւան­քը ապ­րե­ցան։

Անոնք շնոր­հա­ւորե­ցին նո­րապ­սակ ամո­լը, կնքա­հայր՝ Տէր Արէն Տէ­միր­ճին եւ իրենց ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րը։

Յու­սանք որ այս պսա­կը նա­խաքայլ մը կ՚ըլ­լայ եւ հա­մայնքը նա­խընտրե­լով շէնցնէ Ասիական ափի այս եկեղեցին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ