ՄԱՐՏԻՆ ՀՈՒՐԻԽԱՆԵԱՆ
(գրող, հրապարակագիր)
«Եաքուտ երգահաններու՝ եաքուտական երաժշտութեան հիմնադիրներու սակաւութեան պատճառով այդպիսին դարձաւ ոչ այլ մէկը, քան հայ Հրանդ Արամի Գրիգորեանը։ Զարմանալի է, թէ ինչպէս այլ ազգութեան մարդը կարողացաւ այդպէս հարազատ ընկալել ճակատագրով հեռաւոր հիւսիս նետուած ազգի երաժշտութիւնը։ Եաքուտիա անցուցած կեանքի տասը տարին (1953 - 1962), Գրիգորեանը ոչ միայն դարձաւ եաքուտական երաժշտութեան դասական, եաքուտական երգահաններու դպրոցի ու եաքուտական բազմատեսակ երաժշտութեան հիմնադիր, այլեւ իր ստեղծագործութեամբ եաքուտական երաժշտարուեստը բարձրացուց նոր մակարդակի։ Եաքուտական երաժշտութեան մէջ ան աւելի եաքուտ եղաւ, քան մենք՝ եաքուտներս, միասին վերցրած։ Ասոր մէջ է Հրանդ Գրիգորեանի՝ կոմպոզիտորու ու մարդու նկատմամբ եաքուտներու խորին շնորհակալութեան գաղտնիքը»։
Նիւթի համար բնաբան դարձած խօսքի հեղինակը Եաքուտիայի ժողովրդական գրող Դ. Կ. Սիվցեւ - Սուորուն Օմոլլոնն է։ Խոստովանինք՝ մեր հայրենակցի վերաբերեալ ազգային կերպով, նկարագրով, էութեամբ, հնարաւոր բոլոր չափորոշիչներով արմատապէս տարբերուող Օմոլլոնի ըսածը, տուած գնահատականը «մարսելու» համար նախ անսպասելիութենէն, անակնկալէն դուրս գալու ժամանակ կը պահանջուի։ Այդ տեղեկութիւնը ուղեղին հիմնովին տեղաւորելու համար նոյնքան անհրաժեշտ է որոշակի ժամանակ, որմէ ետք նոր կու գան հպարտութեան ու անոր յարակից այլ զգացողութիւններու ընկալումներն ու գիտակցումը։
Ի հարկէ, մեր խօսքի շարունակութեան մէջ պիտի ըլլանք հնարաւորինս հիմնաւոր, որ կասկածի տեղեր չթողնենք գնահատականի չափազանցութեան վերաբերեալ հնարաւոր սողոսկումներուն։ Սակայն մինչ եաքուտական երաժշտարուեստին Հրանդ Գրիգորեանի մեծութիւնը, բացառիկութիւնը պայմանաւորող մանրամասներուն անցնիլը, փորձենք Օմոլլոնէն վեր նայիլ։ Այսինքն՝ Օմոլլոնէն զատ այլոց կարծիքներու ալ ունկնդիր ըլլալ։
«Թերեւս չըլլար չափազանցութիւն, եթէ ըսեմ, որ երաժշտանոց ուսանելու տարիներուն Հրանդ Գրիգորեանի հեղինակութիւնը ինձ համար նոյնականացուած էր Հենտելի, Պեթհովենի, Փրոկոֆեվի հեղինակութիւններու հետ»։
Այս տողերու հեղինակը համաշխարհային ճանաչման հասած արուեստագէտ, երգահան, դաշնակահար, մանկավարժ Ռոդիոն Կոնստանտինովիչ Շչեդրինն է։ Զգաստանանք անոր մեծութեան առաջ ու յիշողութիւններս թարմացնելու համար անոր տուածգնահատականը նորէն ընթերցենք թէ մեր հայրենակցին երաժշտարուեստի ի՜նչ մեծութիւններու հետ կը համեմատէ դասականը։
Սակայն թող տպաւորութիւն չստեղծուի, թէ Ռ. Շչեդրինի կշիռը կարող է մեր ուշադրութիւնը շեղել ու մոռացութեան մատնել մեր հայրենակցին համաշխարհային երաժշտարուեստի մէկ այլ հսկայի տուած բնութականը։ Լսենք, պարտադրաբա՛ր, անհրաժեշտաբա՛ր լսենք Ալֆրեդ Շնիտկէին՝ անցած հարիւրամեակի ականաւոր երգահաններէն մէկուն. «Կան երգահաններ, որոնք չեն փորձեր լսողին ապշեցնել լեզուի առանձնայատուկ նորարարութեամբ, գործիքաւորման կամ ձեւերու չլսուած կատարելագործմամբ։ Անոնց ստեղծագործութիւնները կրնան թուիլ աւանդական, սակայն յետոյ դրանցում կը սկսիս բանալ քոնը, շոշափելիօրէն կը զգաս երգահանի ներաշխարհի անեղծ ինքնատիպութիւնը։ Նման զգացողութիւն կ՚առաջանայ, երբ կը լսես Հրանդ Գրիգորեանի լաւագոյն ստեղծագործութիւնները»։
ԽՍՀՄ երգահաններու միութեան անդամ (1954), ՌԽՍՖՀ (1958), Եաքուտական ԻՍՍՀ (1957) արուեստի վաստակաւոր գործիչ Հրանդ Արամի Գրիգորեանը ծնած է 1919 թուականին Սուխում։ 1939-ին աւարտած է Պաքուի երաժշտական ուսումնարանը, երգահանի ու ջութակահարի որակում 1940–1947 թուականներուն ծառայած առաջին հեռաւոր արեւելեան բանակի երգի ու պարի անսամբլ։ Հէնց այստեղ ալ կը սկսի հետաքրքրուիլ Չինաստանի, Կորէայի, Մոնղոլիայի ժողովուրդներու ինքնատիպ երաժշտարուեստով, որ իր յետագայ շարունակութիւնը կը գտնէ հիւսիսի շարք մը ժողովուրդներու երաժշտարուեստի ուսումնասիրութիւններուն եւս ընդ որուն անոնք հասցնելով գիտական ամենաբարձր մակարդակի։ Շատ մը դէպքերուն ալ հանդէս եկած է որպէս առանձին ուղղութիւններու հիմնադիր ու ճանապարհ հարթող։
1952-ին աւարտելով Մոսկուայի Չայկովսկիի անուան պետական երաժշտանոցի յօրինողական բաժինը՝ Հրանդ Գրիգորեան իր բանակային ծառայակից ու ընկեր, եաքուտ բանաստեղծ Լեւ Պոպովի առաջարկով 1953-ին կը մեկնի Եաքուտիա, որտեղ ալ անցած է անոր բուռն գործունէութեան արգասաբեր տարիները`ընդհատուելով 1962-ին վրայ հասած անժամանակ մահով։
Մայրաքաղաք Եաքուտսկի ուսումնարանի երաժշտութեան տեսութիւն դասաւանդման բեղուն գործունէութեանը զուգահեռ ուսումնասիրած է տեղի ազգային երաժշտութիւնը, հաւաքած եաքուտական ազգային երաժշտական ստեղծագործութիւնը, մշակած անոր լաւագոյն տարբերակները։ Ըստ էութեան ան եաքուտական երաժշտարուեստին ըրած է այն, ինչ Կոմիտասն ըրաւ հայ իրականութիւնին։
Կազմակերպչական, հաւաքչական աշխատանքներու կողքին Հրանդ Գրիգորեանը զբաղուած է եւ ստեղծագործական գործունէութիւնով հիմնելով երաժշտական առանձին ժանրերու բարձրարուեստ նմուշներ, որոնք տասնամեակներ շարունակ եկող սերունդի համար եղան ուղենշային։ Օգտագործելով տեղի ազգային երաժշտութիւնը ստեղծած է եաքուտական թեմաներով օրատորիա («Տոնական Եաքուտիա», 1955), սիմֆոնիա (1955), օփերա («Լոոկուտ եւ Նիւգուսուն», 1958), պալետ («Երջանկութեան քարը», 1961), օփերետ («Հիւսիսային ծաղիկը», 1961), «Արեւը Չինաստանի վրայ» կանտատ, նուագախումբի հետ ջութակի համար եաքուտական թեմաներով կոնցերտ (1949), սոնատներ, ռոմանսներ, երգչախմբային ստեղծագործութիւններ, տարբեր երաժշտական գործիքներու համար պիեսներ եւ այլն։
Սակայն այսքանով չի աւարտուիր եաքուտական երաժշտարուեստին մատուցած մեր հայրենակցի ծառայութիւնները։ Անոր խմբագրումով հրատարակուած է եաքուտական ազգային երգերու երկու հաւաքածոյ։ Եաքուտական մշակոյթի մէջ անոր մեծագոյն ներդրումներէն է «Երգում է Եաքուտիան» խորագրով բանահիւսական ձայնագրութիւններու հաւաքածոյի կազմումն ու հրապարակումը (Եաքուտսկ, 1956), որ եաքուտ կոմպոզիտոր Զ. Վինոկուրովի երգերու հաւաքածոյի հետ մէկտեղ Եաքուտիայի առաջին նօթագրուած հրատարակութիւններէն է։ Ի դէպ Զ. Վինոկուրովի երգարանն ալ կազմած է մեր հայրենակիցը։
Հարկ է նշել, որ Հրանդ Գրիգորեանի նախաձեռնութեամբ ձայնագրուած են նաեւ Եաքուտիա բնակուող էվեններու, էվենկներու, յուշագիրներու, ռուս հնաբնակներու, ինքնավար հանրապետութեան այլ ժողովուրդներու երգերը։ Այս ահռելի աշխատանքը բնականաբար չէր կարող գլուխ գալ գրասենեակային գործունէութեան արդիւնքին՝ ասոր նախորդած է հաւաքչական լայնածաւալ աշխատանք երկրի ողջ տարածքով մէկ։ Սակայն ինքնին հասկնալի է, որ այս ալ քիչ է՝ ժողովուրդի հոգին բանալու համար պէտք էր տիրապետել անոր հաղորդակցելու արուեստին։ Միայն ու միայն բարձր վստահութեան արդիւնքին կարելի էր հասնիլ անոր, որ հասարակ մարդն իրեն անծանօթի առաջ բացեր իր հոգիի գաղտնարանները, իրեն փոխանցուածն առանց երկմտելու, վարանելու հաղորդեր, տար դիմացինին, ինչն ուղղակի ու անուղղակի վկայութիւնն է Հրանդ Գրիգորեանի ունեցած մարդկային բարձր որակներուն։
Շարունակելով անոր հաւաքչական, հրատարակչական գործունէութեան մասին խօսքը` յաւելենք, որ 1960 թուին Եաքուտսկի մէջ անոր ղեկավարութեամբ հրապարակուած է էվենների երգերու առաջին ժողովածոն։ Հրատարակուած են նաեւ եաքուտական ազգային գործիքներու մեղեդիները։ Ազգային գործիքներու առնչութեամբ ըսենք, որ այդ ան է առաջինն ուշադրութիւն դարձուցած եաքուտական ինքնաշէն ջութակի՝ խոմուսի ու անոր նուագելու առանձնայատկութիւններու վրայ, անոնք նկարագրած է իր յօդուածներուն։
Ցաւալիօրէն վաղ կնքեց մահկանացուն Հրանդ Գրիգորեանը, սակայն իր գործունէութեամբ եղաւ զարմանալիօրէն բեղուն՝ բացառիկ նշանելի հետք թողնելով եաքուտ ժողովուրդի կեանքին, ժողովուրդ, ով սրբօրէն կը պահէ անոր յիշատակը,ընդունելով որպէս սեփական զաւակի։ Անոր ամենախօսուն վկայութիւնը հանրապետութեան ողջ ծաւալով 2019-ին անոր հարիւրամեակի նշումն էր, յիշատակի յաւէրժացումը լսարանի անուանակոչմամբ, յուշատախտակի փակցնելով, կիսանդրի կանգնեցնելով, այն մեծ խոնարհումով, որ կայ անոր անուան ու յիշատակի շուրջ։
Յ.Գ. Ընթերցողը բնականաբար իրաւունք ունի հարցնելու, թէ հայ երգարուեստին, երաժշտարուեստին ի՞նչ մասնակցութիւն ունեցած է Հրանդ Գրիգորեանը։ Պատասխանի որոնումներում մենք քիչ դռներ չբախեցինք ու ցաւալին այն է, որ առաւել տեղեկացուածը էլի մենք դուրս եկանք, իսկ այն, ինչ մասնաւորապէս մեզ ներկայացուեցաւ կոնսերվատորիային, մեր իմացածէն ոչ աւելի էր։ Յայտնի է, որ ունեցած է հայերէն երգեր, իսկ խոշորակտաւ միակ գործը Յովհաննէս Թումանեանի ստեղծագործութիւններու մոտիվներով գրուած «Տոն լեռներում» օփերան է։