16-րդ անգամ է, որ կը կատարուի աւանդութիւն դարձած Հրանդ Տինքի անուան մրցանակատուչութիւնը, Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ Համերգասրահին մէջ։
Հրանդ Տինք ծնած էր 15 Սեպտեմբեր 1954-ին եւ իր մահէն ետք հիմնուած հիմնադրամն ալ որոշած էր տարեդարձը նշել մրցանակատուչութիւնով մը։
Սկսելով 2009 թուականէն, յատուկ դատակազմի մը որոշումով կը շնորհուի երկու մրցանակներ, մէկը Թուրքիոյ տարածքէն, իսկ միւսն ալ աշխարհի որեւէ երկիրէ։
Անցեալին այս մրցանակին արժանացան բռնութեան, ազգային կամ կրօնական խտրականութեան դէմ պայքարող զանազան անհատներ, կազմակերպութիւններ կամ հարթակներ։
Միջոցառման բացումը կատարեց Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախագահ Ռաքէլ Տինք։ Տիկին Տինք իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ համաշխարհային գետնի վրայ տիրող պատերազմներուն, որոնց ետին կայ մարդկային ագահութիւնը, միջազգային ընկերութիւններու ալ աւելի մեծ շահերու տիրանալու անյագ մարմաջը եւ այդ բոլորը ազգամիջեան թշնամութեան տանող քարոզչութիւնները։
Միջոցառման հանդիսավարներն էին Նեզաքեթ Էրտեն եւ Հաքան Էմրէ Իւնալ։
Նախորդ տարուայ մրցանակը նուաճող «Աչըք» ռատիոյն գլխաւոր խմբագիր Էօմեր Մատրա, Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Փաստաբաններու Միութեան ներկայացուցիչը, Ասլը Պալի, Ֆաթմակիւլ Պերքթայ, Զէյնեփ Օրալ, Արա Ղազերեան, Վոլֆկանկ Քալեճ, Ռեշատ Քասապա, Ճեմ Մանսուր եւ Ռաքէլ Տինքէ բաղկացող դատակազմը միջազգային գետնի վրայ մրցանակի արժանի գտաւ Ռուջիաթու Նենեհ Թուրայը։
Ան ծնած է Սիէրա Լեոնէի հիւսիս-արեւմտեան շրջանի Լունսար քաղաքը: Փոքր տարիքին ենթարկուած է կանանց սեռական գործարաններու խեղման։ Ափրիկեան եւ Միջին Արեւելեան մահմետական ժողովուրդներու մօտ տարածուած արարողութիւն մըն է կանանց թլփատումը։ Խիստ աննպաստ միջոցներով, մերթ ապակեայ բեկորներով, մերթ ալ ժանգոտած կամ կեղտոտ մետաղեայ իրերով կը թլփատուի կանանց ծլիկը, որու հետեւանքով ենթական կը կորսնցնէ սեռային գրգռութեան ունակութիւնը։
Ռուջիաթու Նենեհ Թուրայ նման միջամտութեան ենթարկուելով ստացած է թէ՛ ֆիզիկական եւ թէ հոգեկան սպիներ։ Անձնական այս փորձը խորը ազդեցութիւն գործած է անոր վրայ՝ դրդելով աւելի լաւ հասկնալ կանանց սեռական գործարաններու խեղման կործանարար ազդեցութիւնը։
Ռուջիաթու Նենեհ Թուրայ իր համայնքին մէջ առաջինն էր, որ հրապարակաւ հանդէս եկաւ կանանց սեռական գործարաններու խեղման կամ թլփատման դէմ:
Իր պայքարի շնորհիւ ան յաջողած է իր համայնքէ ներս մեծապէս փոխել պատկերացումները եւ զօրակցիլ կանանց՝ դիմադրելու համար այս վտանգաւոր կիրարկումին:
Թուրքիոյ մրցանակաւորը
Թուրքիոյ տարածքին Հրանդ Տինք մրցանակին արժանի գտնուեցաւ «Մոր Չաթը» (Մանիշակագոյն Տանիք) Կանանց Ապաստարան Հիմնադրամը։ Ան հիմնուած է 1990-ին, խումբ մը ֆեմինիստներու կողմէ՝ կանանց նկատմամբ բռնութեան դէմ պայքարելու նպատակով։ Արդարեւ Մանիշակագոյն Տանիքը ներկայացնող չորս կին գործիչներ ալ իրենց մրցանակը ստանալէ ետք իրարայաջորդ կերպով դահլիճին ներկայացուցին իրենց խմբագրած պատգամը։
Լոյսերու Տողանցքը
Մրցանակատուչութեան հանդէսի հետաքրքրական հատուածներէն մէկն է առաջարկուած, այլ թեկնածուներու ծանօթացումով ձեւաւորուած «Լոյսեր»ը հատուածը։
Այս բաժնի մէջ հանդիսատեսներուն ծանօթացուեցան թէ՛ Թուրքիոյ տարբեր շրջաններէն եւ թէ աշխարհի տարբեր անկիւններէն այդ մրցանակին համար առաջադրուած զանազան թեկնածուներ եւ այս տողանցքի ընթացքին կ՚ընդգծուէր անոնց ծաւալած աշխատանքը։
Դարձեալ ընդունուած աւանդութեան համաձայն մրցանակատուչութեան հանդէսը օժտուած էր նաեւ երաժշտական ելոյթներով։ Այստեղ որոշ հերթականութեամբ մերթ նախապէս նկարահանուած տեսանիւթերով, մերթ ալ ուղղակի բեմին վրայ հանդէս եկան՝ Քերեմ Ճան Տիւնտար, Վարդան Յարութիւնեան, «Փէյք»եռեակը։