Տեղեկագիր՝ 12 Սեպտեմբերի տանջանքներու մասին

Հանրա­պետա­կան շրջա­նի Թուրքիոյ պատ­մութեան ամե­նամութ էջե­րէն մէ­կը կը բա­ցուի 12 Սեպ­տեմբեր 1980 թո­ւակա­նով։ Այդ օր երկրի զի­նեալ ու­ժե­րը մի­ջամ­տած էին կա­ռավա­րու­թեան աշ­խա­տանքնե­րուն եւ բո­լոր քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւննե­րը ար­գի­լած։ Ապա չորս զօ­րավար­ներ ստանձնե­ցին իշ­խա­նու­թեան ղե­կը եւ պատ­ճառ դար­ձան բազ­մա­թիւ մար­դասպա­նու­թիւննե­րու։

Անա­րատ Յղու­թիւն շէն­քի մէջ, իբ­րեւ ան­կախ կա­ռոյց մը գոր­ծող Յի­շողու­թեան Թան­գա­րանը վեր­ջերս պատ­րաստեց յի­շեալ շրջա­նին գոր­ծադրո­ւած տան­ջանքնե­րու մա­սին տե­ղեկա­գիր մը։ Տե­ղեկագ­րի հա­մաձայն զի­նուո­րական իշ­խա­նու­թեան շրջա­նին 650 հա­զար անձ բեր­ման են­թարկո­ւած եւ տան­ջո­ւած է։

Այդ տան­ջո­ւած­նե­րէն կա­րելի եղած է ցան­կագրել 8757 անուն, 478 վայր եւ տան­ջանքներ գոր­ծադրած աւե­լի քա­նի 500 պե­տական պաշ­տօ­նեայ։

Յի­շողու­թեան Թան­գա­րանի իրա­ւաբա­նական բաժ­նէն փաս­տա­բան՝ Հիւլյա Տե­ւէճիի պատ­րաստած տե­ղեկա­գիրը, զի­նուո­րական իշ­խա­նու­թեան շրջա­նին գոր­ծադրո­ւած անօ­րինու­թիւննե­րու ամե­նաըն­դարձակ տե­ղեկագիրն է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ