Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու բռնաբարումը տարբեր երեսակներ ունի։ Այդ երեսակներէն մէկն է բանուոր դասակարգի արհմիութիւններու միջոցաւ կազմակերպուելուն դէմ գործատէրերուն բռնած վարքն է։
Այսպէս «Փոլոնէզ» գործարանի աշխատողներն ալ փորձեցին կազմակերպուիլ «Թէք-Կըտա-Իշ» արհմիութեան միջոցաւ, բայց գործատէրը առանց վարանումի վտարեց այս ընթացքին նախաձեռնող գործաւորները։
Վտարման որոշումին դէմ գործադուլի դիմած աշխատողները այս անգամ ալ դէմ առ դէմ կը մնան ոստիկանական բռնութեան։
Արդարեւ յաճախակի դարձած է ոստիկանական յարձակումները, որոնց հետեւանքով բանուորները կ՚ունենան մարմնական ծանր վնասուածքներ, կողերու, սրունքի կամ թեւաբազուկի ոսկորներու բեկանման ձեւով։
16 Սեպտեմբերի առաւօտուայ ժամերուն անգամ մը եւս կրկնուեցաւ ոստիկանական յարձակումը եւ խումբ մը բանուորներ ձեռնակապերով բերման ենթարկուեցան։