Պոլսոյ բեմերու սիրուած երգչուհի Սիպիլ նոր տեսահոլովակով մը անգամ մը եւս իր համակիրներուն ուշադրութեան եւ գնահատանքին արժանացաւ։
Սիպիլ նոր տեսահոլովակի մէջ միասնաբառ կ՚երգէ Հրանդ Տինք Վարժարանի մանկանց երգչախումբի հետ։
«Բարի Լոյս» անուն ստեղծագործութեան բառերը կը պատկանի Համօ Սահեանի եւ երաժշտութիւնն ալ Հրանդ Չիզմեճիեանի։ Երգի դաշնաւորումը կատարած է Մաժակ Թօշիկեան եւ տեսահոլովակը նկարահանած են Յարութիւն Գէորգեան եւ Սայաթ Տաղլըեան։