ԼՈՒՍԻԿ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ-ԱՖԱՐԵԱՆ
Միջնադարեան հայ բժշկութեան պատմութիւնը տուած է անուանի դէմքեր, որոնք իրենց կնիքը դրած են հայ, եւ ընդհանուր առմամբ բժշկութեան զարգացման հոլովոյթին վրայ։ Այդ բժիշկներէն նշենք Ահարոն Եդեսիացին, Ասար Սեբաստացին եւ Բունիաթ Սեբաստացին։
Ահարոն Եդեսիացիի կենսագրութեան մասին տեղեկութիւնները կցկտուր են
Ան ծնունդով Եդեսիա (Ուրֆա) քաղաքէն էր։ Ապրած է ԺԲ - ԺԳ դարերուն։ Ծննդեան եւ մահուան թոււականները անյայտ են։ Ամիրտովլաթ Ամասիացի իր «Անգիտաց անպարտ» աշխատութեան մէջ նշած է Ահարոնը, իբրեւ անուանի բժշկապետ։ Ահարոն Եդեսիացի նկատուած է բժշկական ամբողջ գերդաստանի մը հիմնադիրը։ Անոր որդիներն են Ստեփանոսն ու Չոշլին։ Սերունդներէն յիշուած են Յակոբ, Սարգիս, Դեղին, Սիմաւոն, եւ Վահրամ։ Ահարոն Եդեսիացի եւ իր սերունդները բժըշկական բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ են։ Մեծ արժէք կը ներկայացնեն յատկապէս դեղերու ազդեցութեան եւ անոնց օգտակար յատկութիւններուն մասին ուսումնասիրութիւնները։ Ահարոն Եդեսիացիի եւ իր սերունդներուն գործունէութիւնը կապուած է Կիլիկեան բժշկական դպրոցին հետ։ Նշենք, որ Ահարոնի եւ անոր սերունդներու աշխատութիւններէն որեւէ մէկը ամբողջութեամբ չէ պահպանուած։ Ահարոնի որդի Ստեփանոսի «Ծաղիկ» բժշկական աշխատութենէն օգտուած են հետագայ ժամանակներու բժիշկներ, ինչպէս՝ Ասար Սեբաստացի, եւ ներառած են իրենց աշխատութիւններուն մէջ։ Ահարոն Եդեսիացիէն պահպանուած են կարգ մը բաղադրատոմսեր, որոնք կը վերաբերին բժշկութեան տարբեր ուղղութիւններու, ինչպէս՝ խոցի բուժում եւ ականջի բորբոքում, ինչպէս նաեւ՝ բուժման եղանակներու։
Ասար Սեբաստացի ծնած
է շուրջ 1565-ին, Սեբաստիա
Անոր կենսագրութեան մասին հաւաստի տեղեկութիւնները կցկտուր են։ Ասար Սեբաստացի գրած է «Գիրք բժշկական արհեստի» խորագրով ընդարձակ բժըշկարանը։ Նշենք, որ «Գիրք բժշկական արհեստի» աշխատութեան ձեռագիր օրինակներուն միջեւ խմբագրական զգալի տարբերութիւններ կան։
Աշխատութիւնը բաղկացած է 140 գլուխներէ։ Հեղինակը օգտուած է հայ եւ օտարազգի բժիշկներու գործերէն։ Սակայն աշխատութիւնը ինքնուրոյն երկի արժէք կը ներկայացնէ։ Ան եղած է գործնական բժշկութեան մասին աշխատութիւն մը։ Ասար Սեբաստացի նաեւ խմբագրած ու վերակազմած է Ապու Սայիտի «Մարդակազմութիւնը» աշխատութիւնը։ Նշենք, որ Ապու Սայիտ 12-րդ դարուն Կիլիկիոյ մէջ ապրած բժիշկ եւ հնագէտ է։ «Մարդակազմութիւնը» կամ «Յաղագս կազմութեան մարդոյ» խորագիրը կրող աշխատութիւնը բաժնուած է 16 գլուխներու։ Ասար Սեբաստացիի կը վերագրուի «Դուռն որ ցուցանէ զպատճառներն» բժշկական անանուն բնագիրը։ Ան նաեւ հեղինակ է տոմարական աղիւսակներու՝ լուսնացոյց, ամսացոյց եւ այլն։ Յիշատակուած է նաեւ իբրեւ տաղասաց։ Ասար Սեբաստացի մեծ կարեւորութեամբ քննութեան առած է ժառանգաբար փոխանցըւող հիւանդութիւնները։ Ան կ‘ըսէ, որ բժիշ կը պէտք է իմաստուն ըլլայ եւ գիտուն։
Բունիաթ Սեբաստացի ծնած
է Սեբաստիա
Ապրած է 17-րդ դարուն։ Երկար տարիներ բնակած եւ ստեղծագործած է Սամսոն քաղաքին մէջ։ Բունիաթ Սեբաստացի հետագային փոխադրուած է Մարզուան, ուր 1626-ին խմբագրած է Ամիրտովլաթ Ամասիացիի «Օգուտ բժշկութեան» աշխատութիւնը՝ կատարելով արժէքաւոր լրացումներ։ Հայ եւ արաբ բժիշկներու գործերէն օգտըւելով, Բունիաթ Սեբաստացի 1630-ին Սամսոնի մէջ գրած է «Գիրք բժշկութեան տոմարի» աշխատութիւնը, որ 50 գլուխներէ բաղկացած է։ Գիրքին մէջ ան նկարագրած է ստամոքսի, աղիքներու, լեարդի, երիկամներու, սեռային օրկաններու, աչքի, ականջի, քիթի հիւանդութիւններու, թուլամտութեան, տաքութեան եւ ուռուցքներու ախտանշանագիտութեան հիւանդութիւնները, եւ անոնց բուժման եղանակները, հիւանդին խնամքը եւ սննդականոնը։ Քանի մը գլուխներ նուիրուած են դեղամիջոցներուն եւ անոնց բաղադրութեան։ Բունիաթ Սեբաստացի անդրադարձած է օրկաններու շեղումներուն։ Ան մանրամասն կերպով խօսած է հիւանդութեան ելքի գուշակման, ինչպէս նաեւ ապաքինման հարցերուն։ Հետաքրքրական է նշել, որ ժամանակակից բժշկութիւնը Բունիաթ Սեբաստացիի նշած ախտանշաններով կը նկարագրէ կարգ մը հիւանդութիւններ։ Բունիաթ Սեբաստացի փորձառու բժիշկ ըլլալով, կրցած է ճիշդ ըմբռնել զանազան հիւանդութիւններու ներքին էութիւնը եւ պարզել անոնց յառաջացման պատճառները։ Բունիաթ Սեբաստացի բազմակողմանի եւ մանրամասն մշակած է տարբեր հիւանդութիւններու բուժման հարցերը։