Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց շվեյցարահայ գործարար եւ բարերար տիար Վահէ Գաբրաշին, որ Սուրբ Էջմիածին այցելեծ էր Մայր Աթոռին ընծայաբերելու համաքրիստոնէական սուրբ Վլաս եպիսկոպոս Սեբաստացիի (III-IV դ.) մասունքը։
Նորին Սրբութեան փոխանցելով հայազգի սուրբի մասունքարանը՝ տիար Գաբրաշը ուրախութեամբ ընդգծեց, որ ան Սուրբ Էջմիածնին կը նուիրաբերէ Միւռոն օրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման պատմական առիթով։
Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր հայրական սէրն ու օրհնութիւնը բերաւ տիար Վահէ Գաբրաշին՝ բարձրօրէն գնահատելով վերջինիս նախանձախնդիր ոգին, այլեւ հաւատարմութիւնը ու նուիրումը հանդէպ Սուրբ Էջմիածնի։
Վեհափառ Հայրապետը նաեւ գոհունակութեամբ արձանագրեց այն օգտաշատ ծառայութիւնները, որոնք մեծանուն բարերարը շարունակաբար կը մատուցէ հայրենիքին եւ Հայոց Եկեղեցւոյ։
Սուրբ Վլաս եպիսկոպոսի մասունքարանը ի պահ յանձնուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գանձատանը, ուր այցելու հաւատացեալները հնարաւորութիւն կ՚ունենան հաղորդակից դառնալու սուրբի մասունքներէն ճառագող օրհնութեան։