Կտուց անապատի ձեռագիրներու ճակատագիրը 1843թ.
Խրիմեան Հայրիկ, երբ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքն էր, յանձնարարեց Երեմիա Տեվկանցին՝ ճամբորդել Էրզրում, Կարս, Վասպուրական եւ գրել իր տպաւորութիւնները, տեղեկացնելով սոցիալական, տնտեսական եւ քաղաքական վիճակը այդ տարածքներու հայութեան։
Երեմիա Տեվկանց 1872-1873թ., կը շրջի երեք տարածքներուն մէջ, մանրամասնօրէն կը գրէ այդ տարածքներու հայութեան մասին, որոնք կը նկարագրեն ամէն ինչ ցեղասպանութենէն 41 տարի առաջ։ Վանայ լիճի Կտուց եւ Լիմ կղզիներուն վանքերը եղած են մեծ թիւով ձեռագիրներու ստեղծման կեդրոններ։ Պատմամշակութային մեծ արժէք ներկայացնող կուտակուած այս ձեռագիրներուն պահպանումը շատ մեծ պատասխանատութիւն էր, եւ կը պահանջէր նիւթական եւ մարդկային մեծ ճիգ եւ զոհաբերութիւն։ Թշնամիներուն եւ աւազակներուն կողմէ զանոնք պաշտպանելէն զատ, միշտ չէ որ թանկագին ձեռագիրները կարելի եղած է ապահով պահպանել տարբեր պատճառներով...։
Այդ ցաւալի օրինակներէն մէկն է Երեմիա Տեվկանցի 1873թ. Ապրիլի 21-ին, գրած հետաքրքիր տեղեկութիւնները, երբ ան այցելած է Կտուց անապատ, թէ ինչպէս անհոգութեան պատճառով բաւական ձեռագիրներ փճացած են, «Ասկէ 30 տարի առաջ վերոյիշեալ լուսարար Գրիգոր վարդապետ, որ այժմ դեռ կենդանի է, ութսուն ամենյուք գոլով 400 հատոր հին ձեռագիր գրեանք գերեզմանի մէջ թաղեր է, ես անձամբ իրմէ հարցուցի այս մասին, նա պատասխանեց թէ գրեանք անխնամ մնալով ձիւնի եւ անձրեւի ներքեւ թուղթեր իրարու թափուած էին, հարցուցի, թէ ինչ ձեռագիր էին, խեղճ ողորմելին դժբախտաբար անուններ չէր գիտեր բնաւ»1։
Երեմիա Տեվկանց պատահածը կը նմանցնէ, ինչ որ տեղի ունեցաւ 14-րդ դարուն՝ մոնղոլ Լենկ Թեմուրի արշաւանքներուն ժամանակ, «Ահա քեզ երկրորդ Լենկ Թեմուր, բայց կարծեմ թէ տգէտ, անհոգ եւ անընթերցասէր վանականներէն աւելի շատ գրեանք վնասուած են, քան թէ Լենկ Թեմուրի ձեռօք, զի ճիշդ այսպիսի պատար մի եւս Լիմ անապատի եւ Սեւանայ անապատի մէջ տեղի ունեցած է։ Լիմ անապատ 40 տարի առաջ սակաւի չափ հին ձեռագրեր դարձեալ հողի ներքեւ թաղած են»։2
Այս շատ կարեւոր վկայութիւն մըն է, թէ բոլոր վանականները սրտցաւ չէին հայ գիրի ու գրականութեան հանդէպ...։
Ծ- 1. Երեմիա Տեւկանց, Ճանապարհորդութիւն Բարձր Հայք Եւ Վասպուրական (1872-1873թթ.), ՀԳԱ հրատարակչութիւն, Երեւան 1991, էջ 252։
2. Նոյնը։