Լոյս տեսաւ Քոփթաշի անդրանիկ վէպը

Լոյս տե­­­սաւ «Ակօս»ի նախ­­­կին խմբագ­­­րա­­­­­­­պետ Ռո­­­պէր Քոփ­­­թա­­­­­­­շի առա­­­ջին վէ­­­պը՝ «Փշրանք»ր։

Քոփ­­­թաշ այս վէ­­­պով կը բնու­­­թագրէ հայ ըն­­­տա­­­­­­­նիքի մը Ի. դա­­­րու տե­­­ւողու­­­թեան ան­­­ցուդարձնե­­­րը։

Բնօր­­­րա­­­­­­­նէն դէ­­­պի մեծ քա­­­ղաք Իս­­­թանպուլ գաղ­­­թած ըն­­­տա­­­­­­­նիքի շա­­­ռաւիղ­­­նե­­­­­­­րը կը փոր­­­ձեն նա­­­խորդ սե­­­րունդէն ժա­­­ռան­­­գո­­­­­­­ւած ծանր բե­­­ռը ետին թո­­­ղելով, ձե­­­ւով մը ճա­­­կատագ­­­րի պար­­­տադրան­­­քը շրջան­­­ցել։

Սա­­­կայն որ­­­քա­­­­­­­նո՞վ իրա­­­ւացի է այդ փա­­­խուստը, երբ սպիացած կար­­­ծո­­­­­­­ւած վէր­­­քե­­­­­­­րու խոր­­­քին կան գաղտնիք­­­ներ, պատ­­­մո­­­­­­­ւած­­­ներ եւ չպատ­­­մո­­­­­­­ւած­­­ներ, որոնք ստո­­­ւերի մը նման կը հե­­­տեւին ան­­­հա­­­­­­­տին։ «Փշրանք»ը ո՛չ միայն ըն­­­տա­­­­­­­նիքի մը, այլ մարդկա­­­յին բա­­­ռի սահ­­­մա­­­­­­­նած բո­­­լոր զգա­­­ցումնե­­­րու մա­­­սին պա­­­տում մըն է։

Քոփ­­­թաշ ծնած է 1977 թո­­­ւին Իս­­­թանպուլ։ Լու­­­սա­­­­­­­ւորի­­­չեան եւ Գա­­­րակէօզեան վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րու մէջ նախ­­­նա­­­­­­­կան ու­­­սում ստա­­­նալէ ետք, իբ­­­րեւ երկրոր­­­դա­­­­­­­կան վար­­­ժա­­­­­­­րան աւար­­­տած է Սուրբ Խաչ Դպրե­­­վան­­­քը։ Մար­­­մա­­­­­­­րա Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի Ճար­­­տա­­­­­­­րագի­­­տական Յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւններ բա­­­ժինը աւար­­­տե­­­­­­­լէ ետք Պո­­­ղազի­­­չի Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի մէջ ալ Գրի­­­գոր Զոհ­­­րա­­­­­­­պի մա­­­սին ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւննե­­­րով պաշտպա­­­նած է աւար­­­տա­­­­­­­ճառը։

Տա­­­կաւին հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանա­­­կան ու­­­սա­­­­­­­նողու­­­թեան տա­­­րինե­­­րուն, իբ­­­րեւ խմբա­­­գիր աշ­­­խա­­­­­­­տակ­­­ցած է «Արաս» հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան։

2015-2023 թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րու մի­­­ջեւ ստանձնած է «Արաս»ի գլխա­­­ւոր խմբագ­­­րի պաշ­­­տօ­­­­­­­նը։

2006-ին սկսաւ «Ակօս»ի մէջ յօ­­­դուած­­­ներ ստո­­­րագ­­­րել «Կեան­­­քը ինչպէս որ է» խո­­­րագ­­­րի ներ­­­քեւ։

2007-ին Հրանդ Տին­­­քի սպա­­­նու­­­թե­­­­­­­նէն ետք մաս կազ­­­մեց «Ակօս»ի անձնա­­­կազ­­­մին եւ 2010-2015 թո­­­ւական­­­նե­­­­­­­րու մի­­­ջեւ եղաւ թեր­­­թի խմբագ­­­րա­­­­­­­պետը։

Ան բա­­­ցի «Ակօս» եւ «Արաս» հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տու­­­նէ յօ­­­դուած­­­ներ գրի առաւ «Էքսփրես», «1+1», «Մե­­­սելէ», «Նո­­­թոս», «Թոփ­­­լումսալ Թա­­­րիհ», «Թա­­­րիհ վէ Թոփ­­­լում», «Պի­­­րիքիմ», «Պի­­­յանեթ», «K24», «Կա­­­զեթէ Տու­­­վար» եւ «Սի­­­վիլ­­­նեթ»ի նման զա­­­նազան պար­­­բե­­­­­­­րական­­­նե­­­­­­­րու կամ հա­­­մացան­­­ցի կայ­­­քէ­­­­­­­ջերու վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ