«Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ոեւէ մէկը հիմք չունի Հայաստանը մեղադրելու՝ 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները չկատարելու մէջ։
«Եռակողմ յայտարարութեան եօթերորդ կէտը փաստում է. -Ներքին տեղահանուած անձինք եւ փախստականները վերադառնում են Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից շրջաններ։ ՄԱԿ-ի փախստականների հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան ներքոյ։ Ինչպէս տեսնում էք, 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ից յետոյ, երբ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահը, Ատրպէյճանի նախագահը եւ ես այդ փաստաթուղթը ստորագրեցինք, ոչ միայն այդ պահին Լեռնային Ղարաբաղն ու յարակից տարածքները լքած հայ փախստականները չեն վերադարձել, այլեւ ուղիղ մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած ցեղային զտումների հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղն ամբողջութեամբ հայաթափուել է», մանրամասնեց Փաշինեան։
Վարչապետը մէջբերեց նաեւ եռակողմ յայտարարութեան ութերորդ կէտը, ուր կը խօսուի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձանց, ինչպէս նաեւ զոհուածներու մարմիններու փոխանակումը։ «Սա դրոյթ է, որը նոյնպէս կայ Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ, եւ որն, ինչպէս տեսնում էք, չի կատարուել։ Ինչպէս տեսնում էք, Հայաստանն ու միջազգային ցանկացած անկախ եւ օբյեկտիւ դիտորդ ունի հիմքեր ասելու, որ եռակողմ յայտարարութեան մեր միւս գործընկերները առնուազն ամբողջութեամբ չեն իրականացրել իրենց պարտաւորութիւնները», ըսաւ Փաշինեան։
Անդրադառնալով խաղաղութեան բանակցութիւններուն, ան նախ վերահաստատեց, որ համաձայնագիրին 80 տոկոսը համաձայնեցուած է, ապա պարզաբանեց՝ ըսելով. «13 յօդուածներ եւ նախագծի նախաբանն ամբողջութեամբ համաձայնեցուած են, եւս երեք յօդուածներ, որոնք բաղկացած են հիմնականում երկու նախադասութիւնից, մասնակի համաձայնեցուած են, այդ յօդուածների նախադասութիւններից մէկը համաձայնեցուած է, միւսը` ոչ»։
Փաշինեան վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը ստորագրելու համաձայնեցուած դրոյթները «առաջիկայ հնարաւոր ժամկէտում»։
Փաշինեանի յայտարարութիւնները թէ՛ Խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծին եւ թէ ընդհանրապէս 10 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան վերաբերեալ իրականութեան խեղաթիւրում են, յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ։
«Անկախ անկէ, թէ ի՛նչ ձեւով հայկական կողմը մտադիր է ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը, հիմնական պայմանը դադրեցումն է Ատրպէյճանի նկատմամբ Հայաստանի տարածքային յաւակնութիւններուն, որոնք ամրագրուած են անոր բազմաթիւ իրաւական եւ քաղաքական փաստաթուղթերուն, առաջին հերթին՝ Սահմանադրութեան մէջ», ըսաւ Հաճիզատէ՝ աւելցնելով. «Եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտին մէջ յստակօրէն նշուած է, թէ ի՛նչ պարտաւորութիւններ կը կրէ Հայաստան եւ ինչպէ՛ս պիտի կազմակերպուի վերահսկողութիւնը երթեւեկի հաղորդակցութիւններուն նկատմամբ»։