Ամառնային եռամսեայ արձակուրդի աւարտին 9 Սեպտեմբեր երկուշաբթի օր մեկնարկած է 2024-2025 ուսման տարեշրջանը։
Դպրոցներու վերաբացումով յստակացաւ նաեւ քաղաքիս հայ վարժարաններ յաճախող աշակերտներու թիւը։ Մեր քաղած լսումներու համաձայն այս տարի հայ վարժարաններ կը յաճախէն 2695 աշակերտներ։ Անոնցմէ 2109 արձանագրուած են մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններուն։ Երկրորդական բաժին յաճախողներու թիւը եղած է 585։
Այս տարի հայ վարժարանի հետ ծանօթացող աշակերտներու թիւը եղած է 429։
Թուային այս տուեալները կը հաստատեն հայ դպրոցներէ ներս աշակերտութեան նուազումի յարատեւութիւնը։
2021-2022 ուսման տարեշրջանին աշակերտութեան ընդհանուր թիւն էր՝ 3016։
2022-2023-ին 2865, իսկ նախորդ տարի ալ 2795 աշակերտներ կը յաճախէին քաղաքիս հայ վարժարաններուն։