21Օգոստոսին իր բնակած գիւղին մէջ անյայտ կորած ութամեայ Նարին Կիւրանի անշունչ մարմինը հազիւ 8 Սեպտեմբերին յայտնաբերուեցաւ իր տունէն մէկուկէս քիլօմեթր հեռաւորութիւնով առուակի մը ափին։
Թուրքիոյ հասարակութիւնը գերզգայուն կերպով հետեւեցաւ որոնման աշխատութիւններուն։ Իսկ 8 Սեպտեմբերէն ետք բովանդակ երկրի մէջ տիրեց ընդվզումի մթնոլորտը։
Յատկապէս կիներ եւ անչափահասներու ուղղեալ բռնութիւններու դէմ պայքարող հասարակական կազմակերպութիւնները զանազան բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին երկրի տարբեր քաղաքներու մէջ։ Ամենուրէք պարզուեցան այս ոճիրը դատապարտող վերտառութիւններ։ Այդ ցոյցերէն մէկուն կազմակերպիչներէն է 22-ամեայ Կիւնէշ Ֆատիմէ Աքշահին, որ Իսթանպուլի Համալսարանի Հնագիտութեան Բաժնի երրորդ դասարանի ուսանողուհի է եւ տակաւին աշակերտութեան տարիներէն կը մասնակցի կիներու իրաւունքներու պաշտպան շարժումներուն։
Կիրակի երեկոյեան միջոցառումին ալ, ան հասարակութեան փոխանցեց հետեւեալ միտքերը՝ որ գրաւոր պատճէն ըլլալով տրամադրեց «Ակօս»ի էջերուն։
«Վաղը դպրոցներու համար վերամուտ է։ Բայց այս տարի Նարինը կը բացակայի իր դասարանէն եւ մենք կը հարկադրուինք իր մահը խօսելու։ Իշխող կառավարութիւնը ընտանիքի սրբութիւնը վեր առնելով անտեսած է մանուկներու հանդէպ պետութեան պատասխանատուութիւնը։ Ինչե՞ր կը պատահին այդ սրբազան համարուած ընտանիքէ ներս։ Երախաները բռնութեան կ՚ենթարկուի՞ն։ Սեռային շահագործման առարկայ կը դառնա՞ն։
Հասարակութիւնը ստիպուած է այս հարցումները ուղղելու եւ պատասխանները լսելու։ Սակայն ներկայ գաղափարախօսութիւնը կը մերժէ այդ պատասխանատուութիւնը եւ ամէն ինչ կը թողու սրբազան ընտանիքի տրամադրութեան։
Պատասխանատուութեան լայն բաժին մը կը վիճակի Կրթութեան Նախարարութեան, բայց ան ալ չարդարացնէր այդ պատասխանատուութեան պահանջած գիտակցութիւնը։ Ընդ հակառակը ուսման ծրագիրը դէպի կրօնական դաստիարակութեան վերափոխելով կը ծառայէ յետադիմականութեան զարգացման։
Մենք կը դատապարտենք կառավարութեան շրջանակներէն հնչած ցաւակցութեան պատգամները, յիշեցնելով որ ութամեայ Նարինի արիւնին թաթխուած է նաեւ իրենց ձեռքերը»։