Դոկտ. Հրակ Փափազեան նշանակուեցաւ USC հայագիտականի «Թրբանճեան» ամպիոնի դասախօս

Հարաւա­­յին Գա­­լիֆոր­­նիոյ հա­­մալ­­սա­­­րանի (USC) «Տորնսիֆ» բա­­ժան­­մունքը կը տե­­ղեկաց­­նէ, թէ դոկտ. Հրակ Փա­­փազեան նշա­­նակո­­ւած է Հա­­յագի­­տակա­­նի «Թրբան­ճեան» ամ­­պիոնի դա­­սախօս։ Դոկտ. Հրակ Փա­­փազեան մաս­­նա­­­գիտա­­ցած է Օքսֆըրտ հա­­մալ­­սա­­­րանին մէջ։ Ան ծնած է Լի­­բանան եւ յա­­ճախած Հա­­մազ­­գա­­­յինի Ճե­­մարա­­նը եւ գոր­­ծօն դե­­րակա­­տարու­­թիւն ու­­նե­­­ցած է հա­­մայնքին մէջ։ Ան դա­­սաւան­­դած է Հա­­յաս­­տա­­­նի Ամե­­րիկեան հա­­մալ­­սա­­­րանին եւ Գա­­լիֆոր­­նիոյ նա­­հան­­գա­­­յին հա­­մալ­­սա­­­րանի Ֆրեզ­­նո­­­յի մաս­­նա­­­ճիւ­­ղին մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է Գա­­լիֆոր­­նիոյ հա­­մալ­­սա­­­րանի Լոս Ան­­ճե­­­լըսի մաս­­նա­­­ճիւ­­ղի «Խոս­տումը» հայ­­կա­­­կան հիմ­­նարկի ու­­սումնա­­սիրող­­նե­­­րէն մէ­­կը։ Դոկտ. Փա­­փազեանի ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րու կի­­զակէ­­տը կը հան­­դի­­­սանայ Թուրքիոյ հա­­յու­­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ