Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 6 Սեպտեմբեր 2024, Ուրբաթ միջօրէին, Աղթամարի ուխտագնացութեան եւ Ս. Պատարագին նախագահելու համար Վան մեկնեցաւ։
Ուխտագնացութեան առթիւ, նոյն թռիչքով Վան մեկնեցան նաեւ Արժ. Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չնարեան, Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան, ինչպէս նաեւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբը՝ գլխաւորութեամբ վարիչ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի։
Պատրիրաք Սրբազանը, 7 Սեպտեմբեր 2024, Շաբաթ, ժամը 11.00-ին քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Վանի Կուսակալ Օզան Պալճըին:
Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութեան առթիւ կը գտնուի Վանի մէջ եւ այս առթիւ փափաքած էր այցելել քաղաքի Կուսակալին:
Հաճելի այցելութեան աւարտին, կատարուեցաւ նուէրներու փոխանակում: Պատրիարք Հայրը Կուսակալ Պալճըին նուիրեց փայտեայ ձեռագործ պտղաման մը, որու փոխարէն Կուսակալը մեր Հոգեւոր Պետին նուիրեց Վանի պատմական նկարներու ալպոմ-հատոր մը:
Ուխտի այց՝ Վարագայ Վանք
Կուսակալութեան պաշտօնական այցելութենէն ետք, Պատրիարքը այցելեց նաեւ Վանի նշանաւոր Վարագայ Վանքը: Ինչպէս ծանօթ է, երբեմնի վանքը Վանի երկրաշարժէն ալ վնաս կրած ըլլալով հանդերձ, մասամբ կանգուն է:
Այստեղ կատարուեցաւ ուխտի աղօթք, որմէ ետք Պատրիարք Հայրը վերադարձաւ հիւրանոց:
Նոյն գիշեր, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Գալայճը հիւրանոցի մէջ սիրոյ սեղան սարքեց ի պատիւ մեր Հոգեւոր Պետին, հոգեւոր հայրերուն եւ Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբին:
Անգամ մը եւս Աղթամարի մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ
Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու Ս. Պատարագը կատարուեցաւ 8 Սեպտեմբեր 2024, Կիրակի առաւօտ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։
8 Սեպտեմբեր 2024, Կիրակի առաւօտ ուխտագնացութեան ոգեւորութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին։ Քաղաքէս եւ արտասահմանէն ուխտաւորներու մեծ ու պզտիկ խումբեր ճամբայ ելան դէպի Աղթամար՝ մասնակցելու համար Ս. Պատարագին։
Առաւօտեան ժամը 09.00-ին հոգեւոր հայրերն ու սպասարկողներու խումբը եւս, Վանի Նահանգապետարանի տրամադրած նաւով ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար Կղզի։ Իսկ ժամը 10.00-ին Նորին Ամենապատուութիւնը ժամանեց Աղթամար:
Ժամը 10.30-ին կազմուած թափորը Տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ Տաճար առաջնորդեց պատարագիչ Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեանը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին ներկայ էր գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան։
Իսկ Ս. Սեղանին կը սպասարկէին Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան, Բրշ. Հրաչեայ Սրկ. Սուրէնեան, Բրշ. Սարվէն Սրկ. Պչաքճեան, Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճեան եւ Ժիլպէռ Գափ։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կետիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Արտէն Զէյֆիեանի։
Յաւարտ Ս. Պատարագի քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, բնաբան ունենալով Սաղմոսներէն «Ով Տէր, սորվեցուր ինծի համրել իմ օրերս» նախադասութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, թէ կեանքը անմահ է, սակայն մարդիկ՝ մահկանացու: Այս իսկ պատճառաւ կարեւոր է մտածել անցեալ կեանքի եւ մնացեալ օրերու ու զանոնք արժեւորելու մասին: Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ թէ մնացեալ կեանքի եւ ապագայի մասին մտածելու համար սքանչելի պատճառ է Աղթամարի Ս. Խաչ Տաճարը: Հազար տարի առաջ մարդիկ ապրեցան, սակայն իրենց ետին թողեցին այս տաճարը: Այս տաճարը մեզի կ’ըսէ. Անցաւոր ուխտաւոր ես դուն ալ: Դո՛ւն ալ բան մը ըրէ: Դաս ա՛ռ զիս կառուցողներէն: Աստուածաշունչի կարեւոր հերոսները ճամբորդներ են: Ամէն ճամբորդ երթալու հասցէ մը ունի: Պատրիարք Հայրը ըսաւ թէ ամէն քրիստոնեայի համար այդ հասցէն խաչն է, որ մկրտութեան ատեն դրոշմուեցաւ մեր մարմնին իսկ վրայ եւ մեր շիրիմներուն վրայ ալ կը դրուի խաչի նշանը:
Պատրիարք Հայրը գնահատեց Զուարթնոց Դպրաց Դաս Երգչախումբը եւ իր վարիչ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանը, ինչպէս նաեւ Կետիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը եւ ի մասնաւորի ատենապետ Մանուկ Գալայճըն, որ այս տարուան ուխտագնացութեան կնքահայրը եղաւ:
Իր խօսքի աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ պետական եւ տեղւոյն աւագանիին, որ բարի եղած են գործակցիլ Աթոռոյս, որպէսզի յաջողութեամբ ի կատար ածուի այլեւս աւանդական դարձած սոյնուխտագնացութիւնը։
Ուխտաւորներու հաւաքական խոստովանանքէ ետք, հաւատացեալներ Ս. Հաղորդութիւն ստացան։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ կարգ ի հանգիստ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Աղթամարայ երբեմնի Կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներու հոգւոցն։ Յիշատակուեցան Ս. Խաչ Հայրապետանիստ Տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի Թագաւորը, Տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ Վարդապետը, Աղթամար գահակալող Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսները, Մեծի Տանն Աղթամարայ կաթողիկոսները եւ համայն միաբանները Աղթամարի Աթոռոյն, Վանի երբեմնի թեմի եւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։
Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ թափորը առաջնորդուեցաւ բակ, ուր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու «Ամէն, ալէլուիա»ներով կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան, որու ընթացքին օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը, Հայոց հայրապետութիւնը, քրիստոնեայ թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները, երկիրն ու անդաստանները, տարւոյն պտղաբերութիւնը, վանքերն ու անապատները, քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց բնակիչները։
Ապա Նորին Ամենապատուութեան տուած օրհնութեամբ իր աւարտին հասան արարողութիւնները։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարք Հայրը, հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը Վանայ լճի ափին հաւաքուեցան սիրոյ սեղանի մը շուրջ։
Այսպէսով իր աւարտին հասաւ ուխտագնացութիւնը եւ սկսաւ վերադարձի ճամբորդութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը նոյն իրիկուն վերադարձան Իսթանպուլ։