Թող չի խփեն թռուցիկը

ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ

bastimar.kurtulus@gmail.com

Քիթդ Փի­նոքիոյի նման մեծ­ցա՞ւ Ին­ճի…Դուն պատ­մած էիր Փի­նոքիոյի քի­թը։ Ին­ծի ալ ըսած էիր, որ եթէ ստեմ իմ ալ քիթս կ՚եր­կա­րի։ Բայց դուն ստե­ցիր։ «Քե­զի չեմ թո­ղեր, եթէ եր­թամ քեզ ալ հետս կը տա­նիմ» ըսած էիր։ Եկուր տես որ ցտե­սու­թիւն մը ան­գամ առանց ըսե­լու ելար գա­ցիր, երբ ես քնած էի։

Ֆե­րիտէ Չի­չէքօղ­լու 1951 թո­ւին Ան­գա­րա ծնաւ։ Ու­սա­նեցաւ այդ քա­ղաքի Մի­ջին Արե­ւել­քի Թեք­նիք Հա­մալ­սա­րանը եւ ԱՄՆ-ի մէջ աւար­տեց տոք­թո­րակա­նը։ Երբ հրա­սայ­լեր կը շրջէին քա­ղաք­նե­րու փո­ղոց­նե­րուն եւ ոչ միայն մայ­թե­րը, այլ ժո­ղովրդա­վարու­թիւնը ու երկրին ապա­գան ալ կը ճզմէին իրենց անիւ­նե­րուն տակ, Ֆե­րիտէ Չի­չէքօղ­լո­ւի բնա­կարանն ալ այդ վայ­րա­գու­թե­նէն իր բա­ժինը ստա­ցաւ։

12 Սեպ­տեմբեր 1980-ին յա­ջոր­դող օրե­րուն Ֆե­րիտէ իր գա­ղափա­րախօ­սական հա­կումնե­րուն պատ­ճա­ռաւ չորս տա­րի ազա­տազրկո­ւեցաւ զի­նուո­րական ար­գե­լանոց­նե­րու մէջ։ Այդ տա­րինե­րուն Թուրքիոյ բան­տե­րուն բան­տարկո­ւողը մար­դոցմէ աւե­լի անոնց գա­ղափար­ներն էին։ Բռնա­կալ իշ­խա­նու­թիւնը հան­դուրժո­ղու­թիւն չու­նէր տար­բեր գա­ղափար­նե­րու։ Ձեր­բա­կալո­ւող եւ բան­տարկո­ւող­նե­րը հա­մեմա­տաբար բախ­տա­ւոր­ներ էին, քա­նի որ ան­հա­մար մար­դիկ բեր­ման են­թարկո­ւելէ ետք ան­յայտ կո­րան առ­յա­ւէտ։ Իսկ բան­տարկո­ւած­նե­րը ծանր տան­ջանքնե­րով կար­գի պի­տի բե­րուէին։

Ահա այսպի­սի պայ­մաննե­րով բան­տարկու­թիւն մըն էր Ֆե­րիտէին ապ­րա­ծը։ Ան այդ դա­ժան պայ­մաննե­րու մէջ իսկ պե­թոն յա­տակի վրայ բոյ­սը ծաղ­կեցնե­լու կամք ու­նէր։

Այդ կամ­քը ար­տա­յայ­տեց բան­տին մէջ ծա­նօթա­ցած Պա­րըշ անուն պա­տանիի տե­սան­կիւնէն։ Պա­րըշ մօ­րը հետ միասին բան­տարկո­ւած էր եւ ու­շիմ աչ­քե­րով կը փոր­ձէր ըն­կա­լել բան­տի ըն­կե­րային, մշա­կու­թա­յին եւ տնտե­սական ան­ցուդարձնե­րը։ Անոր խո­շոր աչ­քե­րը փո­խանակ զբօ­սայ­գի­ները, խա­ղավայ­րե­րը, ծա­ռերը տես­նե­լու պե­թոնա­պատ յա­տակի մը վրայ բարձր պա­տերով շրջա­փակո­ւած բան­տի մը բա­կը կը տես­նէր միայն։

Վայր մը՝ որ ոչ մէկ կերպ պի­տի պատ­շա­ճէր երա­խայի մը բնա­կու­թեան։

Անոր աչ­քե­րով կը տես­նենք թէ բան­տի կի­ներու յա­տուկ բաժ­նի մէջ զօ­րակ­ցութեան ինչպի­սի մթնո­լորտ մը կը տի­րէ։

Իրենց գա­ղափար­նե­րուն հա­մար բան­տարկո­ւած՝ բայց այդ գա­ղափար­նե­րէն դոյզն իսկ ետ­քայլ չը­րած մի­ջավայ­րի մը մէջ է Պա­րըշը։ Ֆե­րիտէ Չի­չէքօղ­լու այս վէ­պը գրե­լով թէ՛ այդ խա­ւար շրջա­նը մե­զի հա­մար լու­սա­բանե­լու եւ թէ վա­ւերագ­րա­կան փաստ մը թո­ղելու նպա­տակը որ­դեգրած է։

Վեր­ջա­պէս «Թող չի խփեն թռու­ցի­կը» անուն վէ­պը մեծ խո­ռոչ մը բա­ցաւ բան­տի հաստ պա­տերուն։ Ներ­սը ապ­րո­ւած­նե­րը լսե­լի դար­ձուց ամ­բողջ աշ­խարհին։

Վէպը աւե­լի վերջ նկա­րահա­նուե­ցաւ վար­պետ կի­նօբե­մադ­րիչ Թունչ Պա­շարա­նի կող­մէ եւ ալ աւե­լի ըն­դարձակ ու լայն զան­գո­ւած­նե­րուն պատ­մեց զի­նուո­րական իշ­խա­նու­թեան վայ­րա­գու­թիւնը։

Վէ­պի գլխա­ւոր հե­րոս Պա­րըշի մի­ջոցաւ ըն­թերցո­ղը կամ հան­դի­սատե­սը ամե­նայն հա­րազա­տու­թեամբ ըն­կա­լեց Թուրքիոյ պատ­մութեան ամե­նախա­ւար շրջան­նե­րէն մէ­կուն ող­բերգու­թիւնը։

Եթէ այդպէս բնու­թագրել կա­րելի է, պի­տի ըսեմ որ մէկ շունչով կար­դա­ցի այդ գիր­քը եւ աւար­տին երախ­տի­քով լցո­ւեցայ հե­ղինա­կի՝ Ֆե­րիտէ Չի­չէքօղ­լո­ւի հան­դէպ։

«Ակօս»ի ըն­թերցող­նե­րուն հա­մար գիր­քեր ծա­նօթաց­նե­լու ձօ­նուած այս յօ­դուա­ծաշար­քի առա­ջին օրի­նակով յայտնած էի թէ նպա­տակս նոր լոյս տե­սած գիր­քե­րու մա­սին խօ­սիլ չէ։ Ու­րեմն ծա­նօթա­ցու­ցածներս ալ ոչ թէ նոր հրա­տարա­կու­թիւններ են, այլ ին­ծի հա­մար ըն­թերցե­լու հեր­թը հա­զիւ հա­սած գրա­կան նմոյշներ։

Այս պա­հուն կը յի­շեմ ծա­նօթ ասա­ցուած­քը. «Ուշ լի­նի անուշ լի­նի»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ