Փոթորիկ թաս մը ջուրի մէջ

Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան օրա­կար­գի վրայ սո­վորա­կան է անակնկալ պա­հուն յայտնո­ւած դէպ­քի մը ամ­բողջ եր­կի­րը զբա­ղեց­նե­լու երե­ւոյ­թը։

Այդպէս եղաւ, երբ երկրի ռազ­մա­կան երեք վար­ժա­րան­նե­րու սպա­ները իրենց երթման արա­րողու­թեան ըն­թացքին վան­կարկե­ցին. «Մուսթա­ֆա Քե­մալի Զի­նուոր­ներն ենք» կար­գա­խօսը։

Այս տա­րի գո­յացած էր ան­նա­խադէպ երե­ւոյթ մը եւս։ Ցա­մաքա­յին, ծո­վային եւ օդա­յին ու­ժե­րու հա­մար սպայ պատ­րաստող երեք դպրոց­նե­րուն ալ առա­ջին­նե­րը կա­նայք եղան։

Անոնք նախ ար­տա­սանե­ցին սպա­ներու յա­տուկ եւ ար­դէն տա­րինե­րէ ի վեր կրկնո­ւող երդման օրի­նաւոր պատ­ճէ­նը։ Ատ­կէ ան­մի­ջապէս ետք լսո­ւեցաւ վե­րոն­շեալ վան­կարկու­մը, որ միաբե­րան կը հնչէր հա­մարեա բո­լոր սպա­ներու մաս­նակցու­թեամբ։

Իշ­խա­նամէտ շրջա­նակ­ներ պա­խարա­կեցին այս վան­կարկու­մը անոր վե­րագ­րե­լով դա­ւադ­րութեան բազ­մա­թիւ իմաստներ։ Նոյ­նիսկ գտնո­ւեցան կարգ մը յօ­դուա­ծագիր­ներ, որոնք այդ վան­կարկու­մը մեկ­նա­բանե­ցին յե­ղաշրջման ու իշ­խա­նափո­խու­թեան կոչ ըլ­լա­լով։

Աղ­մուկը ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծեց նաեւ կա­ռավա­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րու մօտ, քա­նի որ Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թեան շրջա­նակ­նե­րը կը դա­տապար­տէին կա­տարո­ւածը, իսկ Ազ­գա­յին Շար­ժում Կու­սակցու­թիւնը ընդ հա­կառա­կը կը գնա­հատէր։

Յայտնի է, որ այս գնա­հատանքն ալ ու­նե­ցաւ իր ար­ձա­գանգնե­րը եւ դէպ­քէն մէկ օր ետք իշ­խա­նու­թեան կրտսեր գոր­ծընկեր Տեվ­լեթ Պահ­չե­լի ալ միացաւ մե­ղադ­րողնե­րու շար­քին։

Այս պարզ օրի­նակէն հե­տեւե­լով կա­րելի է տես­նել թէ Էր­տո­ղանի կա­ռավա­րու­թեան զօ­րակ­ցողնե­րու մօտ սար­սա­փի ինչպի­սի հո­գեբա­նու­թիւն մը կը տի­րէ մա­նաւանդ զի­նուո­րական շրջա­նակ­նե­րէ ուղղո­ւած հա­ւանա­կան հա­կազ­դե­ցու­թեան հան­դէպ։

Միւս կող­մէ դար­ձեալ աջա­կող­մեան, պահ­պա­նողա­կան եւ յատ­կա­պէս ալ կրօ­նամոլ մա­մու­լի գրիչ­ներ, լու­սարձա­կի տակ կ՚առ­նեն երեք դպրոց­նե­րու առաջ­նութեամբ շրջա­նաւարտնե­րուն կին ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը։ «Պա­տահա­կանու­թիւն չի կրնար ըլ­լալ, ու­րեմն այս ալ դա­ւադ­րութեան մէկ բա­ժինն է» կը պնդեն անոնք։

Նոյ­նիսկ կան առա­ջար­կողներ, որ այս տա­րուայ շրջա­նաւարտնե­րու զի­նուո­րական կո­չումնե­րը չնչո­ւին եւ անոնք հե­ռացո­ւին բա­նակէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ