29Օգոստոսին, Վանաձոր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Անհետ կորսուածներու միջազգային օրուան նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման ընթացքին, Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ըստ կոմիտէին համապատասխան ընտանիքներուն կողմէ փոխանցուած տեղեկատուութեան՝ Արցախի հակամարտութեան մեկնարկէն ցայսօր հայկական կողմէ անհետ կորսուած կը նկատուին շուրջ 1000 անձեր, որոնցմէ շուրջ 700-ը՝ 90-ականներէն, իսկ մօտաւորապէս 300-ը՝ 2020-ի եւ 2023-ի ռազմական գործողութիւններէն ետք։
Ան վերահաստատեց, որ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները կ՛այցելեն բոլոր այն անձերուն, որոնց գերի պահուած ըլլալը հաստատած են Ատրպէյճանի իշխանութիւնները։
«Ընտանիքները առաջին անգամ կ՚իմանան այցելութիւններու մասին։ ԿԽՄԿ ներկայացուցիչները կ՚այցելեն գերիներուն՝ անկախ կարգավիճակէն։ Կ՚այցելենք բոլոր անձանց, որոնց գերութեան մէջ գտնուիլը հաստատած են իշխանութիւնները։ Սակայն մեր կազմակերպութիւնը չի տեղեկացներ այցելուող անձանց թուի մասին», յայտնեց Ամատունի։