Գինեձօն Տիյարպեքիրի մէջ

Հրատարա­կու­թե­նէն ան­մի­ջապէս ետք թեր­թիս էջե­րուն վրայ բո­վան­դա­կալից կեր­պով անդրա­դար­ձած էինք Սեր­տար Քո­րու­ճո­ւի խմբագ­րած «Շա­բաթօ­րեայ Մայ­րեր» անուն գիր­քին։

Քո­րու­ճու այդ աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ տե­սակ­ցած էր Շա­բաթօ­րեայ Մայ­րե­րէն խումբի մը հետ եւ այդ պա­տումներն ալ վե­րածած էր հա­տորի մը։

31 Օգոս­տոս շա­բաթ յետ­մի­ջօրէին Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Միու­թեան Ամի­տայի Մաս­նա­ճիւ­ղի նա­խաձեռ­նութեամբ կա­յացաւ գիր­քի տի­յար­պե­քիրեան գի­նեձօ­նը։

Միու­թիւնը այս մի­ջոցառ­ման հա­մար ապա­հոված էր «ՌՕ Քա­ֆէ» անուն վայ­րը, որ իրա­կանու­թեան մէջ սրճա­րանէ աւե­լի մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի մը տպա­ւորու­թիւնը կը թո­ղուր։ Այստեղ Սեր­տար Քո­րու­ճու բա­ւական զգա­ցական շեշ­տադրումնե­րով պատ­մեց այս աշ­խա­տու­թեան տե­ղի տո­ւած տա­ռապա­լից պա­հերը։ Ապա գիր­քի բո­վան­դա­կու­թիւնը նկա­րագ­րող եր­կու շատ շա­հեկան ելոյթներ ու­նե­ցան Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Միու­թեան ներ­կա­յացու­ցի­չը ու անյայտ կո­րած երի­տասար­դի մը քոյ­րը։

Մինչ այդ թրքե­րէն ըն­թա­ցող շնոր­հանդէ­սի աւար­տին այս ան­գամ հա­մաքա­ղաքա­պետ Տո­ղան Հա­թուն քրտե­րէնով փո­խան­ցեց իր միտքն ու խօս­քը եւ ապա Մեր­տար Քո­րու­ճու իր գիր­քը մա­կագ­րեց բո­լոր զան­կա­ցող­նե­րուն, որոնք եր­կար հերթ մը սպա­սելու հար­կադրո­ւեցան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ