Իսլամաց(ու)ած հայերու մասին ֆիլմ

Այնթապի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած կարճ ֆիլ­մե­րու փա­ռատօ­նի ծի­րէն ներս ցու­ցադրո­ւած է նաեւ Նա­կեհան Ուսքա­նի «Գողտրիկ տուն Ատա­նա» (Sweet Home Adana) վա­ւերագ­րա­կան ժա­պաւէ­նը, որու հիմ­նա­կան նիւ­թը իս­լա­մաց(ու)ած հա­յու­թիւնն է։ Լու­րը կը հա­ղոր­դէ Akunq.net՝ հիմ­նո­ւելով Artıgerçek լրաս­փիւռի մէջ տեղ գտած տե­ղեկու­թեան վրայ։ Աղ­բիւրին հա­մաձայն՝ «Նար» արո­ւեստի միու­թեան եւ «Տէր­սի­մի նոր օր»-ի հա­մագոր­ծակցու­թեամբ ար­դէն եր­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պո­ւած փա­ռատօ­նին առա­ջին ան­գամ ցու­ցադրո­ւած է նաեւ Նա­կեհան Ուսքա­նի «Գողտրիկ տուն Ատա­նա» ֆիլ­մը, որու առանցքին բռնի իս­լա­մացո­ւած հայ կնոջ մը պատ­մութիւնն է։ Այս ֆիլ­մի ցու­ցադրու­թե­նէն ետք, բե­մադի­րը պա­տաս­խա­նած է հան­դի­սատես­նե­րու հար­ցումնե­րուն եւ տե­ղեկու­թիւններ հա­ղոր­դած ժա­պաւէ­նին նկա­րահան­ման աշ­խա­տանքնե­րուն մա­սին։ Ան մաս­նա­ւորա­պէս, նշած է. «27 տա­րեկան էի, երբ իմա­ցայ, որ մօ­րենա­կան տատս հայ է։ Իրա­կանու­թեան մէջ, երբ առա­ջին ան­գամ Ատա­նա գա­ցի, նման վա­ւերագ­րա­կան ֆիլմ նկա­րահա­նելու մի­տում չու­նէի։ Առանձնա­պէս հե­տաքրքրո­ւած չէի իմ անձնա­կան պատ­մութիւ­նը ներ­կա­յաց­նե­լով, քա­նի բարդ բան մըն էր։ Հայ­կա­կան հար­ցը ին­ծի հա­մար միշտ քա­ղաքա­կան կողմ ու­նե­ցած է։ Այս ժա­պաւէ­նին մէջ ալ իմ արեան կա­պը առա­ջին տե­ղը չի գրա­ւեր։ Ըստ էու­թեան, այդ պատ­մութիւ­նը առանձնա­պէս գե­ղեցիկ ալ չէ։ Նմա­նատիպ շատ պատ­մութիւններ կան։ Կ՚ըսեն, թէ այդպէս իս­լա­մաց(ու)ած 4 մի­լիոն հայ կ՚ապ­րի Թուրքիոյ մէջ։ Սա ոչ միայն իմ, այլ՝ մի­լիոնա­ւոր մար­դոց պատ­մութիւնն է»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ