Եըլմազ Կիւնէյ կը յիշատակուի մահուան 40-րդ տարելիցին

Մահուան 40-ամեակի առ­թիւ կը ոգե­կոչենք ժո­ղովուրդին արո­ւես­տա­գէտը, ժո­ղովուրդին մար­տի­կը՝ Եըլ­մազ Կիւ­նէ­յը։

«Բա­րեկամ թէ թշնա­մի բո­լորը իմա­նան, յաղ­թե­լու ենք։ Ան­պայման պի­տի յաղ­թենք։ Կը գե­րադա­սենք ազա­տու­թեան մար­տիկ ըլ­լա­լով մեռ­նի­լը, քան ստրու­կօ­րէն ապ­րի­լը»։

40 տա­րիներ ան­ցած են Եըլ­մազ Կիւ­նէ­յի մա­հէն այս օր։ Բայց ան կը շա­րու­նա­կէ կեն­դա­նի մնալ իբ­րեւ արո­ւես­տա­գէտ իր թողած մեծ վաս­տա­կով։ Այդ վաս­տա­կը ընդգծե­լու հա­մար կը մէկ­տե­ղուինք 15 Սեպ­տեմբեր կի­րակի, ժա­մը 15.00-ին Էսէն­յուրտի քա­ղաքա­պետա­րանի Նա­զըմ Հիք­մե­թի անո­ւան մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ։

Մի­ջոցառ­ման հան­դի­սավա­րը պի­տի ըլ­լայ Պուրճու Էօզ­քա­րատե­նիզ։ Ելոյթներ պի­տի ու­նե­նան «Կիւ­նէյ» պար­բե­րակա­նի խմբա­գիր Թունճայ Էօզ­քա­րատե­նիզ, Եըլ­մազ Կիւ­նէ­յի այ­րին Ֆա­թոշ Կիւ­նէյ, Եըլ­մազ Կիւ­նէ­յի ար­խիւնե­րու պա­տաս­խա­նատու Թա­հիր Եիւքսել, լրագ­րող Հա­լիլ Եէնի։

Յայ­տա­գիրի երաժշտա­կան բաժ­նին մէջ բեմ պի­տի բարձրանան Ռեվշան, Տեւրիմ Քաւալլի եւ Նուրիյէ Ասլան։

Նոյն օր պիտի ցուցադրուի նաեւ Եըլմազ Կիւնէյի կեանքին ու գործին ձօնուած վաւերագրական ֆիլմը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ