Պատմաբան Արսէն Աւագեանի գրիչէն Հրէշ Զեքին

ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ

«Արմէնփրես»

1915-ի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գոր­ծա­դիր­նե­րէն ամե­նադա­ժանը՝ Սա­լիհ Զե­քին, տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ պատ­մա­գիտու­թեան մէջ ծա­ծուկ մնա­ցած է։ «Ար­մէնփրես», զրու­ցած է Հ. Հ. Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րու­թեան Սահ­մա­նակից Եր­կիրնե­րու Վար­չութեան պետ, պատ­մա­կան գի­տու­թիւննե­րու փրոֆ.՝ Ար­սէն Աւա­գեանի հետ։

Փրո­ֆեսոր Աւա­գեան, ու­սումնա­սիրե­լէ ետք՝ Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան, ռու­սա­կան եւ վրա­ցական ար­խիւնե­րը, բա­ցայայ­տած է Հրէշ Զե­քի առեղ­ծո­ւածը։

«Սա­լիհ Զե­քի՝ ծնած էր 1883-ին Սամ­սուն քա­ղաքին մէջ ու ազ­գութեամբ չէր­քէզ էր։ Իր հայ­րը, Օս­մա­նեան Կայսրու­թիւն ներ­քաղթած էր 1864-ին, չէր­քէզնե­րու մեծ գաղ­թի ժա­մանակ, Հիւ­սի­սային Կով­կա­սի Կու­բան շրջա­նէն։ Եթէ պրպտե­լու ըլ­լանք, ցե­ղաս­պա­նու­թեան հետ կա­պուած հայ­կա­կան աղ­բիւրնե­րու բո­լոր յու­շե­րը եւ կամ ալ՝ ընդհան­րա­պէս, լու­սա­բանե­լով այդ շրջա­նի իրա­դար­ձութիւննե­րը, Սա­լիհ Զե­քի անու­նը առ­կայ է, որ­պէս Հրէշ Զե­քի։ Զե­քի նա­խապէս՝ 1915-ին, կը պաշ­տօ­նավա­րէր Էվե­րեկի մէջ ու ապա յա­ջոր­դա­բար, կը նշա­նակո­ւէր Տէր Զօ­րի նա­հան­գա­պետ, ուր եւ կը գտնո­ւէր հա­մակեդ­րո­նաց­ման ամե­նամեծ ճամ­բա­րը։ Տար­բեր տո­ւեալ­նե­րու հա­մաձայն, Հրէշ Զե­քի՝ կազ­մա­կեր­պած էր մօ­տաւո­րապէս 200 հա­զար հա­յերու ոչնչա­ցու­մը։ Եթէ ու­սումնա­սիրե­լու ըլ­լանք այդ ժա­մանա­կաշրջա­նի աղ­բիւրնե­րը, այն տպա­ւորու­թիւնը կ‘ու­նե­նանք, թէ ան յայտնուած է 1915-ին, 1916-ին ծա­ւալած է իր ամե­նասեւ գոր­ծունէու­թիւնը ու ապա ան­հե­տացած է։ Այ­սինքն՝ շատ քիչ տե­ղեկու­թիւններ կան, Զե­քիի կեան­քի ան­ցեալին ու ապա­գային մա­սինե, ըսաւ Փրո­ֆեսոր Աւա­գեան։

Փրոֆ. Ար­սէն Աւա­գեան, Սա­լիհ Զե­քիի վե­րաբե­րեալ տե­ղեկու­թիւննե­րը, գա­ղած է Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան, ռու­սա­կան եւ վրա­ցական աղ­բիւրնե­րէ, սա­կայն պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ նաեւ, որ Օս­մա­նեան ար­խիւնե­րուն մէջ, առ­կայ են այդ ժա­մանա­կաշրջա­նին պաշ­տօ­նավա­րած ու նոյն անու­նը ու­նե­ցող, մօ­տաւո­րապէս 210 պաշ­տօ­նեաներ եւս, որու հե­տեւան­քով, հե­տազօ­տող­նե­րուն աշ­խա­տան­քը չա­փազանց կը դժո­ւարա­նայ։

«Քա­նի որ ես եր­կու ան­գամ պաշ­տօ­նավա­րած եմ՝ 2001-էն - 2005 եւ 2015-էն - 2019, որ­պէս Հա­յաս­տա­նի տե­ւական ներ­կա­յացու­ցիչ, Սեւ­ծո­վեան Տնտե­սական Հա­մագոր­ծակցու­թեան Կազ­մա­կեր­պութեան մէջ եւ քա­նի որ ու­սումնա­սիրու­թիւններս ու գի­տական յօ­դուած­ներս, թրքե­րէնով հրա­տարա­կուած են նաեւ Թուրքիոյ մէջ, այ­սինքն՝ բա­ւական ճանչցո­ւած եմ, ին­ծի ար­տօ­նեցին, որ օգ­տո­ւիմ օս­մա­նեան ար­խիւնե­րէն։ Ես վեց տա­րի ու­սումնա­սիրած եմ օս­մա­նեան ար­խիւնե­րը ու հա­ւաքած եմ բազ­մա­թիւ ար­խի­ւային փաս­տա­թուղթեր։ Աս­կէ զատ, Սա­լիհ Զե­քիի վե­րաբե­րեալ շատ կա­րեւոր նիւ­թեր կան, ռու­սա­կան ար­խիւնե­րուն մէջ նաեւ։ Նոյնպէս՝ քա­նի մը նիւ­թեր գտած եմ վրա­ցական ար­խիւնե­րուն մէջ, քա­նի որ Սա­լիհ Զե­քի՝ 1923-էն - 1933, ապ­րած էր Թիֆ­լի­սի մէջ։ Նաեւ թուրք պատ­մա­բան ըն­կերնե­րէս ոմանք, Ատրպէյ­ճա­նական ար­խիւնե­րէն ին­ծի հաս­ցուցած են, նիւ­թե­րու լուրջ թիւ մը։ Ատրպէյ­ճա­նի մէջ, խորհրդա­յին կար­գե­րու հաս­տատման աշ­խա­տան­քի ժա­մանակ, Սա­լիհ Զե­քի կա­րեւոր դե­րակա­տարու­թիւն ու­նե­ցած էր եւ այս մէ­կը կը հաս­տա­տուի կարգ մը ար­խի­ւային փաս­տա­թուղթե­րէ։ Հե­տաքրքրա­կան է նաեւ, որ Զե­քի եղած է ատրպէյ­ճա­ներէ­նի լա­տինա­կան այ­բուբե­նի մշակ­ման յանձնա­ժողո­վի նա­խագա­հին տե­ղակա­լը, ինչպէս նաեւ՝ ատրպէյ­ճա­նական «Dai Yildiz» ամ­սագրի եւ «Yeni Fikir» թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիրը», նշեց փրոֆ. Աւա­գեան։

Սա­լիհ Զե­քի՝ բա­ւական մեծ դե­րակա­տարու­թիւն ու­նե­ցած է, նաեւ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան իրա­գործման մէջ։ Տէր Զօ­րի նա­հան­գա­պետ նշա­նակո­ւած է, իր առանձնա­կի վայ­րա­գու­թեան հե­տեւան­քով։

«Սա­լիհ Զե­քիի նշա­նակու­մը, որ­պէս Տէր Զօ­րի նա­հան­գա­պետ, եղած է այդ ժա­մանակ­նե­րու Սու­րիոյ նա­հան­գա­պետ՝ Ապ­տուլ Հա­լիք Ռեն­դա­յի առա­ջար­կով։ Ռեն­դա՝ Զե­քիի նշա­նակու­մը հիմ­նա­ւորած է, բա­ւական ու­շագրաւ կեր­պով։ Ան նշած է, որ նա­խորդ միւ­թե­սարիֆ՝ Ատիլ Պէ­յը, շատ գթա­սիրտ է հա­յերու նկատ­մա­մաբ ու տե­ղահա­նուած հա­յերուն ոչ միայն չի ոչնչաց­ներ, այլ՝ ընդհա­կառա­կը, նոյ­նիսկ կը պաշտպա­նէ անոնց եւ իրենց հա­մար ստեղ­ծած է սաս­տիկ տա­նելի պայ­մաններ։ Ու­րեմն պէտք է մէ­կը, որ պի­տի կա­րողա­նայ իրա­կանաց­նել, հա­յերուն նկատ­մամբ ծրագ­րո­ւած բո­լոր գոր­ծո­ղու­թիւննե­րը։ Ռեն­դան՝ առա­ջար­կած էր Սա­լիհ Զե­քիի թեկ­նա­ծու­թիւնը, որ իր դա­ժանու­թեամբ, ար­դէն բա­ւական մեծ համ­բա­ւի տի­րացած էր, Էվե­րեկ պաշ­տօ­նավա­րած տա­րինե­րուն։ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մութեան մէջ, մեծ թի­ւով իրա­դար­ձութիւններ, կա­պուած են Սա­լիհ Զե­քիի հետ։ Օրի­նակ՝ Էվե­րեկի մէջ, ինքն է, որ կա­խաղան բարձրա­ցու­ցած է, Օս­մա­նեան խորհրդա­րանի պատ­գա­մաւոր՝ Մեծն Մու­րա­դին եւ իր ութ ըն­կերնե­րը, ինչպէս նաեւ օրէն­քը խախ­տած ըլ­լա­լու մե­ղադ­րանքով, աք­սո­րած է Տար­տա­նելի հե­րոս՝ Սար­գիս Թո­րոսեանը իր ամ­բողջ ըն­տա­նիքով», ըսաւ Աւա­գեան։

Փրոֆ. Աւա­գեանի ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րը ցոյց տո­ւած են, որ Զե­քի՝ հա­յերու ոչնչաց­ման ծրա­գիրը իրա­գոր­ծե­լու նպա­տակով, օգ­տա­գոր­ծած է նաեւ կարգ մը կրօ­նափոխ հա­յեր։

Սա­լիհ Զե­քի, կրօ­նափոխ հա­յեր կ‘օգ­տա­գոր­ծէր, իրենց ազ­գա­կից­նե­րը ոչնչաց­նե­լու հա­մար։ Ան կ‘ըսէր, որ՝ «եթէ կրօ­նափոխ եղած էք, ու­րեմն պէտք է հաս­տա­տէք ձեր հա­ւատար­մութիւ­նը ու ոչնչաց­նէք ձեր հայ­րե­նակից­նե­րը»։ Սա­լիհ Զե­քի՝ նաեւ զա­նազան չէ­չէնա­կան խումբեր հա­ւաքած էր ու անոնք կ‘օգ­տա­գոր­ծէր, հա­յեր ոչնչաց­նե­լու հա­մար։ Գո­յու­թիւն ու­նին վկա­ներու ու վե­րապ­րողնե­րու բազ­մա­թիւ յու­շեր, ուր կայ Սա­լիհ Զե­քիի անու­նը։ Օս­մա­նեան խորհրդա­րանի պատ­գա­մաւոր՝ Էմա­նուէլ Էմա­նուէ­լիտիս կը նշէ, որ 1917-ին, հան­դի­պած է Զե­քիին ու այս վեր­ջի­նը իրեն խօս­տո­վանած է, թէ կը զղջայ 60 հա­զար հայ ոչնչա­ցու­ցած ըլ­լա­լուն, հայ երե­խաներ ողջ ողջ այ­րած ըլ­լա­լուն եւ որ նոյ­նիսկ ու­զած է անձնաս­պան ըլ­լալ։ 1933-ին Մոս­կո­ւայի մէջ գրած իր կարճ ինքնա­կեն­սագրու­թեան մէջ, Սա­լիհ Զե­քի, նկա­րագ­րե­լով հա­յերու ոչնչա­ցու­մը եւ թէ որ­քան արիւ­նա­լի արարքներ ու բազ­մա­մարդ սպանդներ տե­ղի ու­նե­ցած են հա­յերու տե­ղահա­նու­թեան ժա­մանակ, խոս­տո­վանած է, որ՝ «որ­պէս նա­հան­գա­պետ, ան­շուշտ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն կը կրեմ, մէկ որ ես եւս մաս­նակցած եմ, այդ զազ­րե­լի աշ­խա­տան­քին», նշեց պատ­մա­բան դի­ւանա­գէտը։

1918-ին, Սա­լիհ Զե­քին լքած է Թուրքիան։

1920-ին, դա­տապար­տո­ւած է մա­հուան։ Մա­հուան վճի­ռը ստո­րագ­րո­ւած է սուլթա­նին կող­մէ, սա­կայն՝ այս որո­շու­մը եր­բեք չէ գոր­ծադրո­ւած ու աս­կէ ետք է, որ կը սկսի Զե­քիի հա­մայ­նա­վարա­կան ու­ղին ու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծած նախ­կին գոր­ծի­չը, կը սկսի ներ­կա­յանալ՝ Կու­շարկով ազ­գա­նու­նով։

«Այս մար­դը դար­ձած է հա­մայ­նա­վար եւ հե­տաքրքրա­կան է իմա­նալ, որ այն ժա­մանակ, գոր­ծակցիլ սկսած է նաեւ հա­յերու հետ։ Սա­լիհ Զե­քի, հա­յեր ոչնչաց­նե­լէ ետք, սկսած է աշ­խա­տակ­ցիլ հայ հա­մայ­նա­վար­նե­րու հետ։ Անաս­տաս Մի­կոյեան բա­ւական օգ­նած է Սա­լիհ Զե­քին իր հա­մայ­նա­վարա­կան գոր­ծունէու­թեան ըն­թացքին։ Սա­լիհ Զե­քի՝ շատ կա­րեւոր դե­րակա­տարու­թիւն ու­նե­ցած է, ոչ միայն Թուրքիոյ հա­մայ­նա­վար կու­սակցու­թեան հիմ­նադրու­թեան մէջ, այլ եւ սաս­տիկ ու­շագրաւ է այն կէ­տը, որ ինք եղած է օղա­կը, որու մի­ջոցով հաս­տա­տուած է կա­պը, Պա­քու գտնո­ւող թուրք հա­մայ­նա­վար­նե­րուն եւ Անա­տոլիայի Ազ­գայնա­կան Շար­ժումին մի­ջեւ։ Թէ իր անձնա­կան գոր­ծին եւ թէ ալ իրեն վե­րաբե­րող տար­բեր զե­կու­ցա­գիր­նե­րուն մէջ, նշո­ւած է, որ Զե­քի մաս­նակցած է հա­յերու ոչնչաց­ման աշ­խա­տան­քին» ըսաւ Աւա­գեան։

Սա­լիհ Զե­քի Կու­շարկո­վի հետ առնչուող շարք մը հան­գա­մանքներ նպաս­տած են, որ իր կեր­պա­րը տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ ան­բա­ցայայտ մնայ։ Այս գոր­ծին մէջ, որոշ դե­րակա­տարու­թիւն ու­նե­ցած են նաեւ, 1918-ին՝ հայ­կա­կան մա­մու­լին մէջ լոյս տե­սած տե­ղեկու­թիւննե­րը։

«Թրքա­կան պատ­մագրու­թիւնը, թէեւ չի ժխտեր Սա­լիհ Զե­քիի գո­յու­թիւնը, սա­կայն կայ նաեւ հե­տաքրքրա­կան կէտ մը, որ թրքա­կան պատ­մագրու­թեան մէջ, Սա­լիհ Զե­քիի վե­րաբե­րեալ որե­ւէ ու­սումնա­սիրու­թիւն գո­յու­թիւն չու­նի։ Հե­տաքրքրա­կան հան­գա­մանք մը եւս կայ, ան ալ այն է, թէ ոմն՝ հպան­ցիկ անդրա­դարձ մը ու­նե­ցած է Սա­լիհ Զե­քիի մա­սին, սա­կայն իրեն տա­լով սխալ ազ­գա­նուն ու այս ձե­ւով նպաս­տած է, որ այս մար­դը ան­հե­տանայ պատ­մութեան թա­տերա­բեմէն։ Հայ­կա­կան թեր­թե­րը կը նշէին, որ 1918-ին, հայ­կա­կան լէ­գէոնի զի­նուոր­նե­րը, Սա­լիհ Զե­քի եւ իր օգ­նա­կանը ձեր­բա­կալած եւ սպա­նած էին Պէյ­րութի մէջ։ Կայ նաեւ այլ տե­ղեկու­թիւն մը, որուն հա­մաձայն հա­յերը իրեն ձեր­բա­կալած եւ սպա­նած են Սու­րիոյ մէջ։ Իրա­կանու­թեան մէջ սա­կայն, այդ թո­ւական­նե­րուն, Սա­լիհ Զե­քի Կ. Պո­լիս կը գտնո­ւէր, իսկ 1918-ի վեր­ջա­ւորու­թեան, ար­դէն մէկ­նած էր Պա­քու։ Զե­քի մտա­վախու­թիւն ու­նէր, որ հա­յերու հան­դէպ գոր­ծած իր ոճիր­նե­րուն հա­մար, իրեն պի­տի դա­տէին։ Ու ճիշդ այդպէս ալ եղաւ», ըսաւ տոքթ. Աւա­գեան։

Սա­լիհ Զե­քի անու­նը, ներգրա­ւուած էր «Նե­մեսիս» գոր­ծո­ղու­թեան՝ թէ՚ փոքր եւ թէ՚ ալ մեծ ցու­ցա­կին մէջ։ Իր հետ աշ­խա­տող­նե­րուն մե­ծամաս­նութիւ­նը, լաւ գի­տէր՝ թէ ով էր ան եւ թէ հա­յերուն կող­մէ իր նկատ­մամբ որե­ւէ ոտնձգու­թիւն չէ եղած։

Սա­լիհ Զե­քի մա­հացած է՝ 3 Նո­յեմ­բեր 1940-ին Մոս­կո­ւայի մէջ, 57 տա­րեկա­նին։ Ար­տա­քին Գոր­ծե­րու Նա­խարա­րու­թեան Սահ­մա­նակից Եր­կիրնե­րու Վար­չութեան պետ, պատ­մա­կան գի­տու­թիւննե­րու տոք­թոր, փրո­ֆեսոր՝ Ար­սէն Աւա­գեանի, «Մթու­թեան մէջ մնա­ցած մի գոր­ծիչ՝ Իթի­հադա­կան կո­մու­նիստ Սա­լիհ Զե­քի Կու­շարկով» գրքոյ­կը, թրքե­րէնով տպագ­րո­ւած է նաեւ Կ. Պոլ­սոյ մէջ։

Արեւմտա­հայե­րէնի վե­րածեց՝
Ս. Մ. Աթէնք՝ 11/08/2024

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ