ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Բարեբախտութիւն էր եկած հրաւէրը։ Տիյարպէքիրի քաղաքական եւ ընկերագիտական հետազօտութիւններու ինստիտուտը (DİSA) 1 Սեպտեմբեր Համաշխարհային Խաղաղութեան Օրը նկատի առնելով կազմակերպած էր բանախօսութիւններու երկօրեայ ծրագիր մը։ Արդարեւ 8 ատենախօսներ ելոյթ ունեցան յատկապէս ծանրանալով զանազան մասնագիտութիւններէ ներս խաղաղութեան հեռանկարով։ Մեզի վիճակած էր փոքրամասնութեան մամուլի դերակատարութիւնը պատմել։ Ակադեմականներէ, իրաւագէտներէ, լրագրողներէ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէ եւ քաղաքական գործիչներէ բաղկացող լսարանը մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւէր իւրաքանչիւր զեկոյցի, որ կը տեւէր ընդհանրապէս մէկ ժամ եւ յաջորդին կէս ժամ կը տրամադրուէր լսարանէն եկող հարցումներուն համար։
Ամիտան յատուկ ձգողութիւն ունեցող քաղաք մըն է մեզի համար։ Այդ քաղաքին մէջ ունինք բազմաթիւ բարեկամներ, որոնց հետ կ՚ապրինք հարազատի ջերմութիւն։ Այդ ջերմութեան շնորհիւ է, որ մեր ժամանած օրուայ երեկոյեան շրջապատուած էինք ընկերներու 10-12 հոգինոց խումբով մը «Համրավատ» ճաշարանի լողաւազանին շուրջ։
Պատահական չէր այս վայրի ընտրութիւնը, քանի որ ճաշարանի սեփականատէրն ալ ծագումով հայ մըն էր։
Բանախօսութեան ծիրէն ներս մեր ելոյթէն վերջ համեմատաբար ազատ էինք եւ առիթէն օգտուելով նախ այցելեցինք Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին։ Այդ այցելութեան պահուն նախապէս ծրագրուած ժամադրութեան համաձայն հանդիպեցանք Տիյարպեքիրի համաքաղաքապետ Տողան Հաթունի հետ։ Տպաւորիչ էր այս ծանօթութիւնը, քանի որ մենք առաջին անգամ անձամբ կը հանդիպէինք իրարու եւ ահագին բան ունէինք իրարու հետ կիսելու։ Քաղաքապետը կը պատմէր այդ պաշտօնին նախապէս նշանակուած տեղապահի պատճառած աւերի մասին։ Իսկապէս ահռելի էր գոյացած վնասը, քանի որ տեղապահը շռայլօրէն թալանած էր քաղաքապետարանի կալուածները։ «Քաղաքապետարանի պատկանող բազմաթիւ կալուածներ ձրիաբար փոխանցուած են կարգ մը նախարարութիւններուն կից գործող մարմիններու կամ ալ իշխանութեան մօտ եղած հիմնադրամներու։ Այսօր մեզի մնացած է քաղաքապետարանի շէնքը, Սիւմեր Փարքի տարածքը եւ շէնք մը եւս միայն» կ՚ըսէ քաղաքապետը։ Ան ցաւ կը յայտնէ թէ գոյացած վնասը շատ ծանր է եւ դժուար յաղթահարելի, քանի որ մէկ կողմէն ալ ստիպուած են քաղաքապետարանի ընթացիկ պարտականութիւնները եւ ծառայութիւնները անթերի կերպով մատակարարելու։ Այս բազմաբնոյթ դժուարութիւններու դիմաց այնքան ալ յուսալքուած չէ քաղաքապետը, քանի որ նախապէս այս պաշտօնի ընտրուիլը ան աշխատակցած է նաեւ քաղաքի Ճարտարապետներու եւ Ճարտարագէտներու Սենեակի վարչութեան մէջ։
Ինչպէս որ նշեցինք այս հանդիպումը առիթ ընդձեռեց քաղաքապետի մտերմութիւնը վայելելու համար։ Ան իր խճողուած օրակարգին մէջ լայն բաժին յատկացուցած էր մեր հանդիպման, որու հետեւանքով միասնաբար այցելեցինք քաղաքի երաժշտական մշակոյթի կիզակէտը հանդիսացող տենկպէժներու տունը։
Ամիտա իւրաքանչիւր այցելութեան անպայման առիթ մը կը ստեղծենք այս վայրը այցելելու համար։ Հոն կը տիրէ բոլորովին տարբեր մթնոլորտ մը։ Նոյնիսկ կը ձերբազատուինք ներկայ ժամանակի պարտադրանքէն եւ տենկպէժներու քլամներով կը շրջինք բազմադարեան ժամանակահատուածի մը մէջ։ Շրջանակուած խոշոր լուսանկարի մը մէջէն ուղղակի մեր աչքերուն կը նայի այս մշակոյթի կարեւորագոյն տիտանը, տենկպէժներու մեծ վարպետ Կարապետէ Խաչոն։ Անոր անունը առասպել մըն է այս քաղաքին մէջ շնորհիւ Երեւանի Ռատիոյի քրտերէն հաղորդումներու։ Իսկապէս կախարդական էր տենկպէժներու տան մթնոլորտը։ Սակայն կար աւելին, անմիջապէս այս մշակոյթի կեդրոնին կից կը գործէր գեղարուեստական աշխատանոց մը։ Չէինք կրնար զանց առնել՝ հետեւաբար մեր ոտքերը կարծես ինքնաբերաբար ուղղուեցան արհեստանոցի բակը։ Հոն եւս անակնկալ մը կը սպասէր մեզ։ Շնորհիւ քաղաքապետի անմիջապէս գոյացաւ հաճելի ծանօթացում եւ զրոյց։ Քանի մը վայրկեան առաջ տենկպէժներու տան մէջ տեսած էինք զիրենք։ Երկու երիտասարդներ էին, երկու երիտասարդ երաժիշտներ։ Եկած էին պարսկաստանի քրտաբնակ տարածքներէն եւ կարճ զրոյցէ վերջ իսկոյն բացին իրենց երաժշտական գործիքներու պայուսակները եւ տղան ուտով, իսկ երիտասարդ կինը թառով սկսան նուագել ու երգել քրտերէնի սորանի բարբառով։ Երաժշտական ելեւէջներու համապատասխան կերպով բոլորս սկսանք ծափերով մասնակցիլ երգի կշռոյթին։ Այդ պահուն ծանօթացած մարդկանց մտերմութեան ջերմութիւնը պատած էր ամբողջ բակը։ Այս անակնկալ հանդիպումէն ետք քաղաքապետը հրաժեշտ առաւ ցաւակցական այցելութեան մը մեկնելու համար։
Հետզհետէ կը մօտենար մեկնումի ժամերը, բայց առանց Ամիտայի նշանաւոր լեարդի խորովածը համտեսելու քաղաքէն հրաժեշտ առնելը կարեւոր բացթողում մը պիտի ըլլար։ Չարտօնեցինք այդ բացթողումին եւ կարծես ուխտ մը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ վերադարձանք Պոլիս մեր հետ բերելով նորանոր յուշեր։