Տիյապէքիրի պատմական Սուր թաղի մէջ «Հավուշ քաֆէ» անուն սրճարանը եւ հանդիպակած «Քարկա» հիւրանոցը երկրորդ անգամ է, որ բարբարոսներու դիրախ կը դառնայ։ Այս մասին «Ակօս»ի աշխատակից Լուսյէն Քոփար հարցազրոյց մը ունեցած է սրճարանի աշխատակազմին հետ, որու շնորհիւ ալ աւելի կը յստականայ կատարուածի էութիւնը։
Առաջին յարձակումը կայացած էր 11 Յուլիսին, երբ երեք կրօնամոլ բարբարոսներ հայհոյանքներով ու հալածանքներով խուժած էին սրճարան եւ բռնութիւն գործադրած աշխատողներուն ու յաճախողներուն դէմ։
Նշենք թէ սրճարանի դիմացի հիւրանոցը կը պատկանի Թահիր Էլչիի ընտանիքին։
Իսկ Թահիր Էլչի քաղաքի Փաստաբաններու Կաճառի նախագահն էր, որ մահափորձի մը զոհ գնաց խիստ կասկածելի պայմաններու տակ։
Դէպքէն անմիջապէս ետք ոստիկանութիւնը պարզեց յարձակողներու ինքնութիւնը, մեկնարկեց դատական գործողութիւն եւ հազիւ ամիս մը անձ, այս անգամ 25 Օգոստոսին նոյն անձերը նման բնոյթով երկրորդ յարձակում մը կատարեցին այս երկու վայրերու դէմ։
Յարձակողները այս երկրորդ միջադէպին ալ պատճառաբանեցին այս նոյն պատրուակները, ըսելով թէ չեն ուզեր թաղի մէջ իսլամի կանոններուն հակասող հագուածքով փողոց ելած կիներ տեսնել։
Ինչպէս երկրի զանազան քաղաքները, այս քրտաբնակ քաղաքի մէջ ալ իսլամական պահպանողականութիւնը բաւականին ուժեղ հոսանք մըն է, որ յաճախ լուրջ խնդիրներ կ՚ունենայ ազատամիտ շրջանակներու հետ։ Ճիշդ է, որ քրտական ազատագրական շարժումը այս քաղաքէ ներս ունի բաւական լայն խարիսխ մը, բայց յետադիմականներու ազդեցութիւնն ալ յայտնի իրողութիւն է։
Նաեւ նշենք որ առաջին յարձակումէն ետք իշխանութիւնները իբրեւ կանխամիջոց պահակներ տեղադրած էին սրճարանի մօտակայքը եւ ինչ որ տեղի ունեցաւ այդ պահակներու ներկայութիւնով էր։ Այս ալ մտածել կու տայ թէ նախայարձակները նման անփութութեան համար ուրիշ լծակներ եւս ունին։ Արդէն այդ լծակներու բացակայութեան կարելի չէր ըլլար նման յանցագործութենէ մը ետք անոնց այսքան շուտափոյթ ազատ արձակումը։
Միւս կողմէ քաղաքի յառաջդիմական շրջանակներն ալ զօրակցութեան կը փութան կրկնակի անգամ յարձակումի թիրախ դարձած սրճարանին եւ հիւրանոցին։
Այս պահուն յարձակողները կրկին անգամ բերման ենթարկուած են եւ այժմ հասարակութիւնը կը սպասէ թէ դատարանները ինչպիսի՞ դիրք պիտի բռնեն անոնց դէմ։