Արարատի գագաթը նուաճելու միտումով սար բարձրացողներէն մէկը վայրէջքէն անմիջապէս ետք յանկարծօրէն անհանգստացաւ։ Ուշակորոյս կին լեռնագնացը իսկոյն փոխադրուեցաւ Պայազեթի Տոքթ. Եաշար Էրեըլմազի անուան պետական հիւանդանոց։
Այստեղ կատարուած շաքարախտի ախտաճանաչման դարմանումը ակնկալուած արդիւնքը չէր տուած յաջորդող քանի մը օրերու ընթացքին։
Մինչ այդ հիւանդի հարազատները դիմում կատարեցին Հայաստանի իշխանութիւններուն, հիւանդը շուտափոյթ կերպով Երեւան փոխադրելու համար։
Այսպէս ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կապ հաստատեց Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցներուն հետ եւ ապահովեց արտահերթ վայրէջքի արտօնութիւնը։ Հայաստանէն եկող ուղղաթիռը հիւանդը փոխադրեց Երեւան եւ այսպէսով ալ կատարուած եղաւ Իկտիր- Երեւանի միջեւ առաջին թռիչքը։
Երեւանէն հասնող լուրերու համաձայն հիւանդը յաղթահարած է մահուան սպառնալիքը եւ մտած է ապաքինման փուլին։