Հերթական սրբապղծութեան նոր դէպք

Պոլսոյ քրիս­տո­նէապատ­կան սրբա­վայ­րե­րու դէմ անար­գանքի նոր օրի­նակ մը եւս գրան­ցո­ւեցաւ նա­խորդ օրե­րուն։ Քուրթու­լուշի Այա Լեֆ­թեր Յոյն Ուղղա­փառ Գե­րեզ­մա­նատան մէջ խո­րունկ փոս մը նկա­տող պա­հակ­նե­րը իս­կոյն իրա­զեկե­ցին տեղ­ւոյն թա­ղակա­նու­թիւնը եւ ապա ոս­տի­կանու­թիւնը։

Ոս­տի­կան­նե­րը տե­սախ­ցիկնե­րու նկա­րահա­նումնե­րը ու­սումնա­սիրե­լով ստու­գե­ցին չորս մե­ղաւոր­նե­րու ինքնու­թիւննե­րը։

Ապա անոնք բեր­ման են­թարկո­ւեցան Քիւ­չիւքչեք­մե­ճէ թա­ղի իրենց բնա­կարան­նե­րէն։ Հե­տախու­զութիւննե­րով եւ հար­ցաքննու­թիւննե­րով պար­զո­ւեցաւ թէ անոնք գանձ որո­նելու հա­մար եր­կու ինքնա­շարժնե­րով եկած են Քուրթու­լուշ եւ այդ պե­ղու­մէն ապար­դիւն ետ վե­րադար­ձած։

Տան խու­զարկման ըն­թացքին ոս­տի­կան­նե­րը յայտնա­բերե­ցին ժայռ պո­կելու ծա­ռայող պայ­թուցիկ սար­քեր, հո­ղածածկ տա­րածքնե­րու վրայ մե­տաղ որո­նող գոր­ծիքներ, 48 էջ գան­ձա­խու­զա­կան տե­ղեկու­թիւններ եւ այլն։

Բեր­ման են­թարկո­ւած յան­ցա­գործնե­րը խոս­տո­վանե­ցան իրենց արար­քը, յայտնե­լով թէ հա­ւաս­տի լսումներ ու­նե­ցած էին փո­րուած վայրի մա­սին, բայց այդ բո­լորը ի սպառ մնա­ցին, քա­նի որ ոչինչ գտան իրենց խոր պե­ղու­մի աւար­տին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ