Մուրատ Սիւմէ կը մերժէ իրեն դէմ կատարուած մեղադրանքները

Պիւ­յիւքտե­րէի Սուրբ Հռիփ­սի­մեանց Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի նախ­կին ատե­նապետ Մու­րատ Սիւ­մէ մեր­ժեց իրեն ու­ղո­ւած ապօ­րինու­թեան պնդումնե­րը, յայ­տա­րարու­թեան մը ձե­ւաչա­փով։ Նա­խորդ շա­բաթ անդրա­դար­ձած էինք եկե­ղեց­ւոյ այժմու թա­ղակա­նու­թե­նէն փո­խան­ցո­ւած տե­ղեկու­թեան, ուր կ՚ըսո­ւէր թէ նա­խորդ թա­ղակա­նու­թիւնը զա­նազան անօ­րինա­կանու­թիւննե­րով վնաս պատ­ճա­ռած է թա­ղակա­նու­թեան սնտու­կին։

Սիւ­մէ մեր­ժեց այդ պնդումնե­րը, ըսե­լով թէ ամէն ինչ կա­յացած է օրի­նակա­նու­թեան սահ­մաննե­րուն մէջ եւ ինք ոչ մի կերպ չէ վնա­սած եկե­ղեցիին։

Ան աւե­լի քան 13 տա­րինե­րու իր պաշ­տօ­նավար­ման ըն­թացքին կը յայտնէ թէ զա­նազան ան­գամ դի­մաւո­րած է քննիչ­նե­րու այ­ցե­լու­թիւնը եւ անոնք ոչ մէկ սխալ նկա­տած են իր աշ­խա­տու­թիւննե­րուն մէջ։

«Քննիչ­նե­րը այս եզ­րա­կացու­թեան յան­գած են առանց տես­նե­լու եկե­ղեց­ւոյ օրի­նական փաս­տա­թուղթե­րը։ Մենք պաշ­տօ­նափո­խու­թեան պա­հուն այդ բո­լորը փո­խան­ցած ենք նո­րըն­տիր վար­չութեան։ Բայց անոնք խու­սա­փած են, այդ փաս­տա­թուղթե­րը քննիչ­նե­րուն տրա­մադ­րե­լու» ըսած է Մու­րատ Սիւմէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ