Ատելութեան պատգամի դէմ այլընտրանքային մերձեցումներ

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը 10 Սեպ­տեմբեր երեք­շաբթի, 18.00-19.30 ժա­մերու մի­ջեւ Անա­րատ Յղու­թիւն շէն­քի «Հա­ւաք» սրա­հին մէջ կը կազ­մա­կեր­պէ յա­տուկ մի­ջոցա­ռում մը, կի­զակէ­տին ու­նե­նալով ատե­լու­թեան պատ­գա­մի եւ խտա­րակա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րի այ­լընտրան­քա­յին մերձեցումներու քննար­կումը։

Մի­ջոցառ­ման ժո­ղովա­վարն է Իս­թանպուլ Պիլ­կի Հա­մալ­սա­րանէն Սար­բէր Տուրմուշ։ Ելոյթ պի­տի ու­նե­նան Նա­զար Աք­րա­մի, Մոր­կեն Պոն­վե­լէ եւ Քեթ­րին Հիս­փեք։

Նիս­տի ելոյթնե­րը թրքե­րէն եւ անգլե­րէն ու­ղիղ թարգմա­նու­թեամբ պի­տի կա­յանան։

Մի­ջոցառ­ման հե­տեւե­լու հա­մար պար­տա­դիր է ար­ձա­նագ­րութիւն։

Բա­ցի «Հա­ւաք» սրա­հի մէջ դէմ առ դէմ ունկնդրու­թե­նէ, մի­ջոցա­ռու­մը պի­տի սփռուի նաեւ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի «Եու­Թուպ»եան հա­շուի մի­ջոցաւ։

Մի­ջոցառ­ման «Զում»ի դրու­թիւնով մաս­նակցող­նե­րը պի­տի կա­րենան օգ­տո­ւիլ նաեւ արա­բերէն թարգմա­նու­թեան դրու­թե­նէն։ Թէ՛ ան­հա­տական մաս­նակցու­թեան եւ թէ «Զում»ի դրու­թեան հա­մար լրա­ցու­ցիչ տե­ղեկու­թիւններ կա­րելի է քա­ղել Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի կայ­քէ­ջէն։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ