ՀՀ անկախութեան հռչակագրի մասին

ՌԱՖԱՅԷԼ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ

(Գրած եմ 4 Օգոս­­տոս 1990-ին)

Վեր­­ջին օրե­­րուն բազ­­մա­­­թիւ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւններ ու ան­­հատներ նշե­­ցին 23 Օգոս­­տոս 1990 թո­­ւի Ան­­կա­­­խու­­թեան հան­­րա­­­քուէի տա­­րեդար­­ձը։ Այդ հրա­­պարա­­կումնե­­րէն ոչ մէ­­կը չներ­­կա­­­յացուց հան­­րա­­­քուէն անցկաց­­նե­­­լէ առաջ աւե­­լի քան քսա­­նօրեայ քննար­­կումնե­­րը։ Այդ քննար­­կումնե­­րով ընդդի­­մու­­թիւնը իշ­­խող ՀՀՇ խումբին պար­­տադրեց հրա­­ժարո­­ւիլ իր ներ­­կա­­­յացու­­ցած ապազ­­գա­­­յին Հռչա­­կագ­­րի բազ­­մա­­­թիւ կէ­­տերէն ու յա­­ւելել քա­­նի մը յոյժ կա­­րեւոր կէ­­տեր: Այդ պայ­­քա­­­րի շնոր­­հիւ ՀՀՇ-ի ներ­­կա­­­յացու­­ցած նախ­­նա­­­կան տար­­բե­­­րակէն շատ քի՛չ բան մնաց…

Իրո­­ղու­­թեանը տե­­ղեակ ըլ­­լալ ցան­­կա­­­ցողին կը ներ­­կա­­­յաց­­նեմ իմ խմբագ­­րած «Ազատ Հայք» շա­­բաթա­­թեր­­թին տպագ­­րածս սոյն յօ­­դուա­­ծը, ուր ըն­­թերցո­­ղը պի­­տի գտնէ բազ­­մա­­­թիւ ման­­րա­­­մաս­­նութիւններ, որոնց այդ օրե­­րուն ո՛չ մէկ թերթ անդրա­­դար­­ձած էր։

«1990 թո­­ւի Օգոս­­տո­­­սի 4-ի երե­­կոյեան Հա­­յաս­­տա­­­նի Սո­­վետա­­կան Սո­­ցիալիս­­տա­­­կան Հան­­րա­­­պետու­­թեան Գե­­րագոյն Խորհրդի նիս­­տը քննար­­կեց «Հա­­յաս­­տա­­­նի կար­­գա­­­վիճա­­կի մա­­սին» ներ­­կա­­­յացո­­ւած մօտ տա­­սը հռչկագ­­րե­­­րէն մէկ ընդհա­­նուր փաս­­տա­­­թուղթ կազ­­մե­­­լու հար­­ցը: Նիս­­տը վա­­րող Լե­­ւոն Տէր Պետ­­րո­­­սեան յայտնեց, որ քար­­տուղա­­րու­­թեան «Հա­­յաս­­տա­­­նի կար­­գա­­­վիճա­­կի մա­­սին» հռչա­­կագ­­րի տար­­բե­­­րակ­­ներ ներ­­կա­­­յացու­­ցած են ՀՀՇ-ն, Կո­­մու­­նիստ Կու­­սակցու­­թիւնը, Ար­­դա­­­րադա­­տու­­թեան նա­­խարա­­րու­­թիւնը, Հա­­յաս­­տա­­­նի Ան­­կա­­­խու­­թիւն Կու­­սակցու­­թիւնը, Հան­­րա­­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թիւնը, Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան Իրա­­ւունք Միու­­թիւնը, Ազ­­գա­­­յին Ինքնո­­րոշում Միաւո­­րու­­մը եւ Միացում Կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը: Ռա­­ֆայէլ Համ­­բարձու­­մեանը յայ­­տա­­­րարեց, որ Ազ­­գա­­­յին Միաս­­նութեան ուխտի տար­­բե­­­րակը ոչ միայն քար­­տուղա­­րու­­թեան յանձնած է, այլ ին­­քը ան­­ձամբ տո­­ւել է նա՛եւ Լե­­ւոն Տէր Պետ­­րո­­­սեանին: Պատ­­գա­­­մաւոր Աղա­­սի Ար­­շա­­­կեանի յոր­­դո­­­րով նիս­­տը քո­­ւէար­­կութեամբ եղած տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րուն յա­­ւելեց նաեւ Ուխտի տար­­բե­­­րակը: Նստաշրջա­­նը որո­­շեց Հռչա­­կագիր ներ­­կա­­­յացու­­ցած կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու պա­­տուի­­րակ­­նե­­­րէն կազ­­մել հար­­ցի քննար­­կումը տնօ­­րինող յա­­տուկ յանձնա­­խումբ։ Այս յանձնա­­խումբը յա­­ջորդ օրը խորհրդա­­րանին ներ­­կա­­­յացուց Հռչա­­կագ­­րի երեք տար­­բե­­­րակ: Առա­­ջին տար­­բե­­­րակը ձե­­ւաւո­­րուել էր ՀՀՇ-ի, Կոմ­­կուսի, Հա­­յաս­­տա­­­նի Ան­­կա­­­խու­­թիւն Կու­­սակցու­­թեան, Ար­­դա­­­րադա­­տու­­թեան Նա­­խարա­­րու­­թեան ներ­­կա­­­յացու­­ցածնե­­րը ի մի բե­­րելով։ Երկրորդ միաս­­նա­­­կան տար­­բե­­­րակը մէկ փաս­­տա­­­թուղթի վե­­րածած էին Միացում Կազ­­մա­­­կեր­­պութեան, Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան Իրա­­ւունք Միու­­թեան, Հան­­րա­­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թեան ու Ազ­­գա­­­յին Ինքնո­­րոշում Միաւոր­­ման հաս­­տա­­­տումնե­­րը: Բո­­լորէն հիմ­­նա­­­ւորա­­պէս տար­­բե­­­րուող Ազ­­գա­­­յին Միաս­­նութեան ուխտի ներ­­կա­­­յաց­­րա­­­ծը ոչ մէկ տար­­բե­­­րակի մէջ չմե­­րուեց։ Ուստի Ռ. Համ­­բարձու­­մեանի պա­­հան­­ջով Գե­­րագոյն Խորհրդի նստաշրջա­­նը քննարկման դրաւ իբ­­րեւ առան­­ձին տար­­բե­­­րակ: Այսպէս, նիս­­տին քննար­­կումի դրո­­ւած տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րէն առա­­ջինը ՀՀՇ-ի եւ միւսնե­­րու միացեալ տար­­բե­­­րակն էր։ Երկրոր­­դը՝ Սահ­­մա­­­նադ­­րա­­­կան Իրա­­ւունք Միու­­թեան եւ միւսնե­­րու, իսկ եր­­րորդը՝ ըն­­դա­­­մէնը տասնվեց տո­­ղանի Ազ­­գա­­­յին միաս­­նութեան ուխտի տար­­բե­­­րակը: Քննար­­կումի դրո­­ւած բո­­լոր երեք տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րը պատ­­գա­­­մաւոր­­նե­­­րուն բա­­ժանե­­լէ ետք յա­­ջորդ օրը՝ 2020 թո­­ւի Օգոս­­տո­­­սի 8-ին, տպագ­­րո­­­ւեցան «Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թիւն» եւ «Երե­­կոյեան Երե­­ւան» օրա­­թեր­­թե­­­րուն: Քննար­­կումը ցոյց տո­­ւաւ, որ առա­­ջին եր­­կու տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րը, յատ­­կա­­­պէս ՀՀՇ-ին հա­­մարո­­ւող առա­­ջին տար­­բե­­­րակ­­նե­­­րը, հիմ­­նո­­­ւած էին կայսրու­­թեան միւս հան­­րա­­­պետու­­թիւննե­­րու «ինքնիշխանութեան հռչա­­կագ­­րեր»ուն վրայ եւ միայն մի քա­­նի տե­­ղայ­­նացնող յօ­­դուած­­ներ ու­­նէր։ Այդտեղ կը բա­­ցակա­­յէին իրա­­կան ան­­կա­­­խու­­թեան, Ար­­ցա­­­խը վե­­րամիաւո­­րելու, հա­­մահայ­­կա­­­կան քա­­ղաքա­­ցիու­­թեան ու պա­­հան­­ջա­­­տիրու­­թեան մա­­սին յստակ ձե­­ւակեր­­պումնե­­րը: Այդ տար­­բե­­­րակի մէջ ան­­կա­­­խու­­թիւնը կը ներ­­կա­­­յացո­­ւէր իբ­­րեւ հա­­յոց պե­­տակա­­նու­­թեան նպա­­տակ: Այ­­սինքն՝ մօ­­տաւո­­րապէս 5000 տա­­րի ազա­­տապայ­­քար մղած հա­­յու­­թեան ձե­­ւաւո­­րած պե­­տու­­թիւնը աշ­­խարհին կ՚ազ­­դա­­­րարէ, որ իր կեր­­տե­­­լի պե­­տու­­թիւնը ո՛չ թէ ազատ ու ան­­կախ ինքնիշ­­խան հան­­րա­­­պետու­­թիւն է, այլ ան­­կա­­­խու­­թիւնը իբ­­րեւ նպա­­տակ որ­­դեգրած եր­­կիր:

Ան­­հե­­­թեթ խու­­սա­­­նաւու­­մի ու քա­­ղաքա­­կան երկչո­­տու­­թեան դա­­սական նմոյշ: Հռչա­­կագ­­րի նշո­­ւած տար­­բե­­­րակը բեռ­­նո­­­ւած էր օրէնսդրա­­կան ու «դէ­­մոկ­­րա­­­տական» ազ­­դա­­­րարո­­ւող զա­­նազան յօ­­դուած­­նե­­­րով։ Յատ­­կա­­­պէս ար­­տա­­­ռոց էր այն յօ­­դուա­­ծը, որը Ուխտի պա­­հան­­ջով մի կերպ հնա­­րաւոր եղաւ դուրս գցել միացեալ այդ տար­­բե­­­րակէն, իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րու դէմ ըմ­­բոստա­­ցողին խստա­­գոյնս պատ­­ժե­­­լու քրէական կէտն էր: ՀՀՇ-ի ու նիս­­տը վա­­րող Լե­­ւոն Տէր Պետ­­րո­­­սեանի դրսե­­ւորած կա­­տաղի դի­­մադ­­րութեան պայ­­մաննե­­րուն ընդդի­­մադիր­­նե­­­րը իշ­­խա­­­նու­­թեանը պար­­տադրե­­ցին նա­­խագ­­ծի մէջ մտցնել Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան քա­­ղաքա­­ցի դառ­­նա­­­լու յայտ ներ­­կա­­­յացու­­ցած սփիւռքա­­հայե­­րուն այդ իրա­­ւունքը շնոր­­հե­­­լու կէ­­տը: ՀՀՇ-ն ազ­­գա­­­յին ու­­ժե­­­րու առա­­ջարկնե­­րը Հռչա­­կագ­­րէն դուրս թո­­ղելը կը հիմ­­նա­­­ւորէր պար­­զունակ ու ծի­­ծաղե­­լի «փաս­­տե­­­րով»: Օրի­­նակ, սփիւռքա­­հայե­­րուն Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան քա­­ղաքա­­ցի դառ­­նա­­­լու իրա­­ւունքի դէմ մարտնչող­­նե­­­րէն «Ղա­­րաբաղ կո­­միտէի» լիազօր Դա­­ւիթ Վար­­դա­­­նեանը յանձնա­­ժողո­­վին կ՚ահա­­զան­­գէր, որ ՀՀ քա­­ղաքա­­ցի դար­­ձած «Սփիւռքի մի­­լիոնա­­տէրե­­րը կու գան մեր բո­­լոր հո­­ղերը, առեւ­­տուրի կեդ­­րոննե­­րը ու գոր­­ծա­­­րան­­նե­­­րը կ՚առ­­նեն, մեզ բան չի մնայ…»։

Ազ­­գա­­­յին միաս­­նութեան ուխտի ջան­­քե­­­րով Գե­­րագոյն Խորհրդի նստաշրջա­­նի քննար­­կումին դրո­­ւեցաւ նաեւ ար­­դի Հա­­յաս­­տա­­­նը 1918- 1920 թթ. Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան իրա­­ւայա­­ջոր­­դը ազ­­դա­­­րարե­­լու առա­­ջար­­կը, որ ՀՀՇ-ի յա­­մառ ջան­­քե­­­րով վերջնա­­կան տար­­բե­­­րակէն դուրս մնաց: ՀՀՇ-ի հետ ան­­կա­­­խու­­թեան հռչա­­կագ­­րի նա­­խագ­­ծե­­­րու մօտ 20-օրեայ քննար­­կում-բա­­նավէ­­ճերը ցոյց տո­­ւին, որ կա­­ռավա­­րող խմբա­­կը ըստ ամե­­նայ­­նի խո­­չըն­­դո­­­տեց Հռչա­­կագիր մտնէ Սեւ­­րի Դաշ­­նագրի վե­­րար­­ծարծո­­ւելը եւ ընդհան­­րա­­­պէս ամե­­նայն ազ­­գա­­­յինը: Այ­­դուհան­­դերձ ընդդի­­մադիր­­նե­­­րու ջան­­քե­­­րով քո­­ւէար­­կութեան դրո­­ւած վերջնա­­կան տար­­բե­­­րակի մէջ ՀՀՇ-ի ներ­­կա­­­յացու­­ցած նախ­­նա­­­կան տար­­բե­­­րակէն գրե­­թէ ոչինչ մնաց, իսկ մեր ներ­­կա­­­յացու­­ցած յօ­­դուած­­նե­­­րուն մէկ մա­­սը որոշ խմբագ­­րումնե­­րով հնա­­րաւոր եղաւ մու­­ծել Ան­­կա­­­խու­­թեան հռչա­­կագ­­րին։

Կը ներ­­կա­­­յաց­­նեմ Ան­­կա­­­խու­­թեան հռչա­­կագ­­րի Ազ­­գա­­­յին միաս­­նութեան ուխտի նա­­խագի­­ծը:

«Հռչա­­կագիր ազատ, ան­­կախ եւ միացեալ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը վե­­րականգնե­­լու մա­­սին։

Հա­­յաս­­տա­­­նի Սո­­վետա­­կան Սո­­ցիալիս­­տա­­­կան Հան­­րա­­­պետու­­թեան Գե­­րագոյն խոր­­հուրդը, ի լրումն իր՝ 1989 թո­­ւի Դեկ­­տեմբե­­րի 1-ի որո­­շու­­մի, կը վե­­րականգնէ.

1. Հա­­յոց Ազ­­գա­­­յին խորհրդի՝ 1918 թ. Մա­­յիսի 28-ին հռչա­­կած Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան կար­­գա­­­վիճա­­կը: 1918 թ. Օգոս­­տո­­­սի 1-ին հիմ­­նադրո­­ւած Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան բազ­­մա­­­կու­­սակցա­­կան Խորհրդա­­րանը, Խորհրդա­­րանի ըն­­դունած Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան զի­­նան­­շա­­­նը, դրօ­­շը եւ հիմ­­նը։

2. Վե­­րահաս­­տա­­­տում Է 1919 թ. Մա­­յիսի 28-ին Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան կա­­ռավա­­րու­­թեան հրա­­պարա­­կած ազատ, ան­­կախ ու միացեալ Հա­­յաս­­տա­­­նի հռչա­­կագի­­րը։

3. Ազատ, ան­­կախ եւ միացեալ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան խորհրդա­­րանը։

Ա. Աշ­­խարհի բո­­լոր հա­­յերուն կ՚ար­­տօ­­­նէ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան քա­­ղաքա­­ցի դառ­­նա­­­լու իրա­­ւունքը։

Բ. Ապօ­­րինի կը հա­­մարէ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը մաս­­նա­­­տող պայ­­մա­­­նագ­­րե­­­րը, կը վե­­րըն­­դունի Սեւ­­րի Դաշ­­նա­­­գիրը։

Գ. Կը դի­­մէ ՄԱԿ-ին՝ Միացեալ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թիւնը որ­­պէս ազատ, ան­­կախ ու չե­­զոք պե­­տու­­թիւն՝ ՄԱԿ-ի կազմ ըն­­դունո­­ւելու հա­­մար»:

(«Ազատ Հայք» թերթ,
թիւ 43-85, էջ 23-24 )


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ