Ատրպէյճան կը փորձէ իւրացնել «Տատիկ-Պապիկ»ը

Արցա­խի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան մշտա­դիտար­կում իրա­կանաց­նող կայ­քը կ՚ահա­զան­գէ, որ Ատրպէյ­ճան կը ջա­նայ նաեւ «Մենք ենք մեր սա­րերը» «Տա­տիկ-պա­պիկ» յու­շարձա­նը իւ­րացնել։ Կազ­մա­կեր­պութիւ­նը այս մա­սին կը գրէ հե­տեւեալը.

«Օրեր առաջ, «Ատրպէյ­ճա­նի Մշա­կոյթ» կայ­քը յայ­տա­րարու­թիւն մը տա­րածեց Ար­ցա­խի յայտնի «Տա­տիկ-պա­պիկ» յու­շարձա­նի մա­սին։ Կայ­քը կը նշէ թէ, ան կա­ռու­ցո­ւած է 1967-ին Ստե­փանա­կեր­տի մէջ եւ կը խորհրդան­շէ Ատրպէյ­ճա­նի ազ­գա­յին-կրօ­նական հան­դուրժո­ղակա­նու­թիւնը։

Հան­րա­յայտ է, որ յու­շարձա­նը հայ­կա­կան Ար­ցա­խի ժա­մանա­կակից խորհրդան­շաննե­րէն մէկն է եւ կը նկա­րագ­րէ երկրա­մասի հայ ինքնու­թիւնը։ Աւան­դա­կան կե­ցուած­քով եւ ար­տա­քինով տա­րեց ամուսնա­կան զոյ­գը հա­ւաս­տումն է ար­ցա­խահա­յերու պատ­մա­կան ան­ցեալի եւ ապա­գայ յոյ­սե­րու։ Յոյ­սեր՝ որ. այ­սօր ի դե­րեւ են դար­ձել Ատրպէյ­ճա­նի հա­յաս­պան քա­ղաքա­կանու­թեան ար­դիւնքով։ Յա­տուկ Հա­յաս­տա­նէն բե­րուած կար­միր տու­ֆէ կեր­տուած կո­թողի քան­դա­կագործն է Սար­գիս Պաղ­դա­սարեանը, իսկ ճար­տա­րապե­տը՝ Եու­րի Յա­կոբեանը։ Պաղ­դա­սարեան իր աշ­խա­տան­քը բնու­թագրած է հե­տեւեալ կեր­պով. «Յու­շարձա­նը ինքնին կը ներ­կա­յաց­նէ աւան­դա­կան տա­րազով տա­րեց ար­ցախցի ամու­սիննե­րը`ուս-ու­սի, հպարտ ու ան­յողդողդ կե­ցուած­քով ու սե­ւեռուն հա­յեաց­քով։ Կո­թողը պա­տուան­դան չու­նի, բայց կար­ծես լեռ­նաբլու­րը ճեղքո­ւել է եւ անոնք այդ ճեղ­քէն բարձրա­ցած, կանգնած են ոտ­քե­րը ամուր դրած հա­յոց հո­ղի մէջ»։ Յա­ւելենք, որ տա­րեց զոյ­գը ծնունդով Ար­ցա­խէն քան­դա­կագոր­ծի տա­տի եւ պա­պի կեր­պարնե­րով քան­դա­կուած է։ «Անոնք ժո­ղովուրդն են, անոնք հողն են, անոնք մենք ենք, մեր լեռ­նե­րը։ Այս մար­դիկ այստեղ ծնած են։ Այստեղ է իրենց հա­զարա­մեայ ար­մատնե­րը։ Անոնք են իս­կա­կան տէ­րը այս հո­ղի ու բնու­թեան», գրած է քան­դա­կագոր­ծը։

Ար­ցա­խի ամ­բողջա­կան բռնագ­րա­ւու­մէն ետք ատրպէյ­ճա­նական կող­մը եր­կար ժա­մանակ գրե­թէ չէր անդրա­դառ­նար այս յու­շարձա­նին։ Յու­շարձա­նը, որ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ամե­նավառ ու հան­րա­յայտ խորհրդան­շանն էր, կ՚ան­տե­սուէր նաեւ բռնագ­րա­ւու­մէն ետք Ստե­փանա­կերտ այ­ցե­լող լրագ­րողնե­րու կող­մէ ալ։ Միայն որոշ լրա­տուա­կան­ներ կար­ծիքներ կը հնչեց­նէին, որ ան պէտք է քան­դուի։ 2023-ի վեր­ջե­րուն եղան հա­տու­կենտ հրա­պարա­կումներ, ուր կը նշո­ւէր, որ յու­շարձա­նը հա­յերու կող­մէ «հայ­կա­կանա­ցու­ած է»։ Անոնք կը տա­րածէին այն թէ­զը, ըստ որու իրենք դէմ չեն յու­շարձա­նին, այլ անոր գա­ղափա­րական, ազ­գայնա­կան մեկ­նա­բանու­թեանը։Ատրպէյ­ճա­նական հրա­պարա­կումնե­րէն կա­րելի է եզ­րա­կաց­նել, որ խորհրդա­յին տա­րինե­րուն Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի Ինքնա­վար Մար­զի հա­յերու սե­փական պատ­մութեան, մշա­կոյ­թին, ար­մատնե­րուն ուղղո­ւած ցան­կա­ցած դրսե­ւորում կը հա­մարո­ւէր «ազ­գայնա­կան»։

Վեր­ջերս յա­տուկ այս յու­շարձա­նին անդրա­դար­ձաւ բռնագ­րա­ւուած Ստե­փանա­կեր­տը լու­սա­բանող Քեամ­րան Ռազ­մո­վարը, որու հիմ­նա­կան շեշ­տադրումն այն էր, որ յու­շարձա­նը կանգնե­ցուած է Խորհրդա­յին տա­րինե­րուն, երբ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի Ինքնա­վար Մար­զը Ատրպէյ­ճա­նի մաս էր, այս ալ կը նշա­նակէ որ յու­շարձա­նը կանգնե­ցուած է Խորհրդա­յին Ատրպէյ­ճա­նի պիւտճէէն յատ­կա­ցուած գու­մարնե­րով։

Հարկ կը հա­մարենք, որ յու­շարձա­նի գա­ղափա­րը կեան­քի կո­չուած է այդ տա­րինե­րուն Լեռ­նա­յին Ղա­րաբա­ղի մար­զի խորհրդի գոր­ծա­դիր կո­միտէի նա­խագահ Մու­շեղ Օհան­ճա­նեանի ան­մի­ջական մաս­նակցու­թեամբ։ Յու­շա­կոթո­ղի շի­նարա­րու­թեան եւ տե­ղադրման դէմ եղած է Սո­վետա­կան Ատրպէյ­ճա­նի ղե­կավա­րու­թիւնը։ Աւե­լին՝ բո­ղոք բարձրա­ցու­ցած եւ պա­հան­ջած են, որ յու­շարձա­նը կազ­մա­քան­դուի։ Ատրպէյ­ճա­նի Կո­մու­նիստ Կու­սակցու­թեան կեդ­րո­նական վար­չութե­նէն յա­տուկ յանձնա­խումբ մը ժա­մանած է Ստե­փանա­կերտ,`պար­զե­լու թէ «Մենք ենք մեր սա­րերը» կո­թողը ո՞ր «մեն­քի» եւ ո՞ր «սա­րերու» մա­սին կը խօ­սի։ Հայ­կա­կան կող­մի ջան­քե­րով կը յա­ջողո­ւի կո­թողը փրկել քան­դումէն։

Յու­շարձա­նի հան­դէպ Ատրպէյ­ճա­նի վա­րած քա­ղաքա­կանու­թիւնը ժա­ռան­գութեան իւ­րացման փորձ է, երբ ոչ միայն կը կտրո­ւի հայ­կա­կան պատ­կա­նելու­թե­նէն, այ­լեւ Ատրպէյ­ճա­նի հա­մար կը ստեղ­ծէ բազ­մամշա­կու­թա­յին եւ հան­դուրժող երկրի կեր­պար։ Նման քա­ղաքա­կանու­թեամբ Ատրպէյ­ճա­նը կը խախ­տէ ՄԱԿ-ի, 2005-ի Փա­րիզի մէջ ըն­դունած «Մշա­կու­թա­յին ինքնար­տա­յայտման ձե­ւերու բազ­մա­զանու­թեան պաշտպա­նու­թեան եւ խրա­խուսման մա­սին» հա­մաձայ­նութիւ­նը։ Սոյն հա­մաձայ­նա­գիրը կը կա­րեւո­րէ մշա­կու­թա­յին բազ­մա­զանու­թիւնը, որ­պէս հան­րութեան ժո­ղովուրդնե­րու եւ ազ­գե­րի կա­յուն զար­գացման շար­ժիչ ուժ։ Բայց, հա­մաձայն այս փաս­տա­թուղթի «Մշա­կու­թա­յին բազ­մա­զանու­թիւն» կը նշա­նակէ ձե­ւերու բազ­մա­զանու­թիւն, որոնց մի­ջոցով խումբե­րու եւ հա­սարա­կու­թիւննե­րու մշա­կոյթնե­րը կը գտնեն իրենց ար­տա­յայ­տութիւ­նը։ Ըստ ՄԱԿ-ի հա­մաձայ­նագրի 2-րդ յօ­դուա­ծի մշա­կու­թա­յին բազ­մա­զանու­թեան պաշտպա­նու­թիւնը հնա­րաւոր է միայն այն դէպ­քին, երբ երաշ­խա­ւորուած են մար­դու իրա­ւունքնե­րը եւ հիմ­նա­րար ազա­տու­թիւննե­րը։ Այս հիմ­քի վրայ կա­րելի է եզ­րա­կաց­նել, որ մշա­կու­թա­յին ինքնաար­տա­յայտման ձե­ւերու բազ­մա­զանու­թեան պաշտպա­նու­թիւնը կ՚են­թադրէ բո­լոր, այդ թո­ւին փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու եւ տե­ղաբ­նիկ ժո­ղովուրդնե­րու մշա­կոյթնե­րու յար­գում։

Ու­շագրաւ է յատ­կա­պէս այն, որ ըստ հա­մաձայ­նագրի, «պաշտպա­նու­թիւն» կը նշա­նակէ մշա­կու­թա­յին ինքնաար­տա­յայտման ձե­ւերու բազ­մա­զանու­թեան պահ­պա­նու­մը, պաշտպա­նու­թիւնը եւ ընդլայնման ուղղո­ւած մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նարկում»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ