ՔՈՒՂԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ
bastimar.kurtulus@gmail.com
«Մեհմետ Ուզունը ահա… Իմ քիւրտ եղբայրը։ Քրտական գրականութեան անխոնջ զինուորը՝ վերջապէս ան ալ ինկաւ։ Ճարահատ մնացած էին Շուէտի բժիշկները։ Իսկ ես կ՚երազեմ մեր Սայաթ Նովա երգչախումբի, եւ «Քարտաշ Թիւրքիւլեր» երաժշտական միաւորումի գործակցաբար բեմադրած համերգը։ Տեսնելով անդացուպերով բեմ ելլող երիտասարդը կը մտաբերեմ –Երանի թէ ես եւ դուն ալ այդ բեմը ըլլայինք։ Կաղ երիտասարդին հետ թեւանցուկ շուրջպարով թռչէինք մինչեւ Երեւան»։
Հրանդ Տինք այս տողերով կը սգար քիւրտ վիպագիր Մեհմետ Ուզունի կորուստը, որ զուգադիպած էր վերեւ նշուած «Աշուղ է եկել մեր մայլեն» համերգին։
Իսկապէս ալ դժուար է Մեհմետ Ուզունին մասին գրել։ Կարսի գիւղերէն մէկուն հեռուստացոյցի էկրանէն Զիւլֆիւ Լիվանելի կ՚ըսէր հետեւեալը. «Երկու ընթացքներ կան, ուր պատմելը շատ կը դժուարանայ։ Առաջինը՝ պատմելիք բանի մը բացակայութեան դէպքին, իսկ երկրորդը պատմելու շատ բան ըլլալու պարագային»։
Մեհմետ Ուզունի օրինակին մէջ այս երկրորդն է, որ կը դժուարացնէ խօսիլը։ Ինչպէս որ կ՚ըսէ Եըլմազ Էրտողան, ան Սթոգհոլմի ամենավայելուչ աղբարիկն էր։ Հիւսիսային այդ ցուրտ երկրին ան ջերմութիւնը կը գտնէր մայրենի լեզուի հարազատութեան մէջ։ Իր խօսքով եթէ ըսենք արգիլուած լեզուի մը գրողն էր ան։ Քրտերէն գրականութեան դիւանագէտը Սթոգհոլմի մէջ։
Թուրքիա, բանտարկութեան տարիներուն ծանօթացաւ տանջանքներու զանազան տեսակներով։ Բայց այդ նոյն բանտը իր արգիլեալ լեզուի զարգացման համար ալ գետին մը դարձաւ։ Ազատ արձակուելէ վերջ նախ Սուրիա ապա Շուէտ ապաստանեցաւ ու երկար տարիներ ապրեցաւ տարագիրի պայմաններով։ Միւս կողմէ Շուէտի իշխանութիւնները քրտերէնի ազատ ու համարձակ աճելուն համար բոլոր միջոցները ապահոված էր։ Մահմուտ Պաքսը, Ֆըրադ Ճեվհերի եւ տակաւին շատ մը քիւրտ գրողներ ու մտաւորականներ հիւսիսային այս ցուրտ երկրի մէջ իրենց անտեսուած, արհամարհուած լեզուով գրելու, խօսելու եւ վերջապէս գրականութիւն մը գոյացնելու յարմար գետինը գտան։ Մեհմետ Ուզուն ալ Շուէտի մէջ գրեց իր առաջին վէպը «Դու»։
Այս վէպով Մեհմետ Ուզուն պատմեց թէ՛ Ամիտայի զինտաններու տանջանքները եւ թէ իր հարազատ քաղաքը։ Երբ բժիշկները հրաժարեցան ապարդիւն դարմանումէն, Մեհմետ Ուզուն որոշեց վերադառնալ իր ծննդավայրը։
Տիգրանակերտը գրկաբաց ընդունեց իր տարագիր որդին, որ կոչած էր՝ «Գրականութեան տենկպեժը»։
Եթէ Հրանդի երազանքը չիրականացաւ իրենց կենդանութեան օրօք, յուսամ այսօր անոնք թեւանցուկ տաղ կ՚երգեն եւ իրենց ձայնը լսելի կ՚ըլլայ թէ՛ Երեւան, թէ՛ Տիգրանակերտ եւ թէ՛ Անգարա։