«Մեծ է հացին խնդիրը, զի մարդիկ հացով կ՚ապրին»

Թուրքիոյ տնտե­սու­թեան վեր­ջին տա­րինե­րուն մատ­նո­ւած ճգնա­ժամը հետզհե­տէ աւե­լի լայն ժո­ղովրդա­կան խա­ւերու վրայ ժխտա­կան ազ­դե­ցու­թիւն կ՚ու­նե­նայ։ Որ­քան ալ առա­ջին հեր­թին կը խօ­սինք ահ­ռե­լի սղա­ճի մա­սին, գոր­ծող կա­ռավա­րու­թեան որ­դեգրած քա­ղաքա­կանու­թիւնը բո­լոր մար­զե­րէ ներս կը գո­յաց­նէ ան­տա­նելի պայ­մաններ։ Թուրքիա կը տա­ռապի հիմ­նա­կան սնունդի սղա­ճով։ Մին­չեւ մօտ ան­ցեալ կը տի­րեր այն հա­մոզու­մը, որ Թուրքիա հո­ղար­դիւնա­բերու­թեան առու­մով ինքնա­բաւ եր­կիր մըն է։ Այ­սօր կա­րելի չէ նման պնդում ներ­կա­յաց­նել։ Թուրքիոյ գիւ­ղե­րը ամա­յացած են։ Հո­ղամ­շա­կու­մը չդի­մագ­րա­ւէր նոյ­նիսկ կա­տարո­ւած ծախ­սե­րը։ Մար­դիկ կը մոր­թեն կաթնտու անա­սուննե­րը, կը քան­դեն մրգաս­տաննե­րը։ Բնա­կան հե­տեւանք մըն է այս, քա­նի որ հա­սուն բեր­քը քա­ղելը ան­գամ բազ­մա­ծախս ըն­թացք մըն է։

Հո­ղագոր­ծութիւ­նը թո­ղելով մեծ քա­ղաք­ներ գաղ­թողնե­րը եւս կը հար­կադրո­ւին շատ ծանր զրկանքնե­րու դէմ պայ­քա­րելու։

Նո­ւազա­գոյն աշ­խա­տավարձքը հետզհե­տէ դար­ձած է մի­ջին աշ­խա­տավարձ։ Պե­տու­թեան հրա­մանով ճշդո­ւած այդ աշ­խա­տավարձքը տի­րող սղա­ճի դի­մաց օրըս­տօ­րէ կը կորսնցնէ գնե­լու կա­րողու­թիւնը։

Եթէ կը խօ­սինք հա­մընդհա­նուր սղա­ճի մը մա­սին պար­տինք նշել թէ այդ սղա­ճը բո­լոր նիւ­թե­րու մէջ նոյն հա­մեմա­տու­թիւնը չի պա­հեր։ Օրի­նակի հա­մար տան վարձքե­րու յա­ւելու­մը կամ յա­տուկ վար­ժա­րան­նե­րու ուսման վարձքե­րը ան­հա­մեմա­տօրէն կը գե­րազան­ցեն ընդհա­նուր սղա­ճը։

Մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ նո­ւազա­գոյն աշ­խա­տավար­ձով կա­րելի չէ բնա­կարան մը վար­ձել։

Այս հա­մայ­նա­պատ­կե­րի վրայ ան­խուսա­փելի է բո­ղոքի ցոյ­ցե­րու յայտնու­թիւնը։ Առա­ջին ընդվզո­ղը եղան հո­ղամ­շակնե­րը, որոնք վեր­ջա­պէս յօ­ժարե­ցան իրենց ար­դիւնա­բերու­թիւնը ձրիաբար բաշ­խե­լու։ Վեր­ջերս յա­ճախա­կի դար­ձած են հո­ղամ­շակնե­րու բո­ղոքի ցոյ­ցե­րը։ Այս օրե­րուն դժգո­հու­թեան նման ալիք մը կը բարձրա­նայ բա­նուոր­նե­րու շար­քե­րէն։

Իշ­խա­նամէտ արհմիու­թիւններ ան­գամ ձայն կը բարձրաց­նեն վար­չա­կար­գի դէմ եւ կը խօ­սին մեծ հան­րա­հաւաք­նե­րու մա­սին։ Ար­դա­րեւ «Թուրք-Իշ» արհմիու­թեան նա­խագա­հը կը ճա­ռէր Հոկ­տեմբեր ամ­սո­ւայ մէջ մայ­րա­քաղաք Ան­գա­րա կա­տարե­լիք հան­րա­հաւա­քի մը մա­սին, որուն հա­մար կը խոս­տա­նար ան­նա­խադէպ բազ­մութեան մաս­նակցու­թիւնը։

Զար­մա­նալին այն է թէ տար­բեր շրջա­նակ­նե­րու ակնկա­լու­թիւննե­րը հետզհե­տէ իրա­րու կը հա­կասեն։ Երբ հա­սարա­կու­թեան մե­ծամաս­նութիւ­նը սղա­ճի իբ­րեւ պատ­ճառ կը դա­տէ լի­րայի ար­ժեզրկու­մը տա­րադ­րա­մի դի­մաց, կարգ մը գոր­ծա­րար շրջա­նակ­ներ ալ չա­փազանց ար­ժէ­քաւոր կը գտնեն այդ նոյն լի­րան եւ կը պա­հան­ջեն յա­ւելեալ ար­ժեզրկում։

Իշ­խող կա­ռավա­րու­թիւնը մին­չեւ օրս յա­ջողած էր կրօ­նաբա­րոյա­կան լո­զունգնե­րով ու կար­գա­խօս­նե­րով ապա­հովել հա­սարա­կու­թեան աջակ­ցութիւ­նը։

Սա­կայն ներ­կայ դրու­թեան մէջ խնդի­րը հա­սած է կեն­սա­կան փու­լի։

Այս պա­հուն յի­շենք Խրի­մեան Հայ­րի­կի ծա­նօթ խրա­տը. «Մեծ է հա­ցին խնդի­րը, զի մար­դիկ հա­ցով կ՚ապ­րին»։

Ար­դէն ժո­ղովուրդի ձայ­նե­րու կո­րուստով տա­ռապող իշ­խա­նու­թեան հա­մար յա­ռաջի­կայ օրե­րը շատ աւե­լի լուրջ մար­տահրա­ւէր­ներ կը խոս­տա­նան։ Այս պա­հուն կը տի­րէ նաեւ ու­րիշ մտա­հոգու­թիւն մը՝ որն է բռնու­թեան ծա­ւալու­մը։ Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում կու­սակցու­թիւնը, որ այս օրե­րուն կը նշէ իր հիմ­նադրու­թեան 23-ամեակը, անցնող տա­րինե­րու ըն­թացքին լա­ւագոյնս շա­հագոր­ծած էր հա­սարա­կու­թիւնը բե­ւեռաց­նե­լու ռազ­մա­վարու­թիւնը եւ որոշ օգուտներ ալ քա­ղած։

Սա­կայն ինչպէս վե­րեւ ալ նշե­ցինք աղ­քա­տու­թիւնը հա­սած է կեն­սա­կան գծին եւ մար­դիկ աւե­լի լայն հան­դուրժո­ղու­թիւն չու­նին սո­վորա­կան կեան­քը շա­րու­նա­կելու սպառ­նա­ցող սղու­թեան եւ կրկնա­պատ­կո­ւած հար­կե­րու դիմաց։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ