Հայերէնի իրանական փոխառութիւնները (բ)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

armenag@gmail.com

Մեր նա­խորդ յօ­դուա­ծով տե­սանք, որ հա­յերէ­նը պարսկե­րէնէն փոխ առած է 1400 բառ։ Այս փո­խառու­թիւննե­րը բա­նաւոր ճամ­բով կա­տարո­ւած ըլ­լալնուն պատ­ճա­ռով՝ առ­հա­սարակ առօ­րեայ խօ­սակ­ցա­կան բա­ռեր են, որոնք իրենց կեն-սու­նա­կու­թե­նէն գրե­թէ ոչինչ կորսնցու­ցած են մին­չեւ այ­սօր՝ չհա­շուած մէկ աննշան տո­կոսը, որ պատ­մա­կան բնոյթ ու­նի ու կորսնցու­ցած է իր այժմէակա­նու­թիւնը։

Պարսկա­կան փո­խառու­թեանց այս կշի­ռը ըմբռնե­լու հա­մար ըսենք հե­տեւեալը. հա­յերէ­նը փոխ առած է ասո­րական 210 բառ, որոնց կէ­սը բո­լորո­վին կեն­սունակ է, մինչ միւս կէ­սը կորսնցու­ցած է իր կեն­սունա­կու­թիւնը. պատ­ճառն այն է, որ այդ փո­խառու­թիւննե­րը եղած են հա­ւասա­րապէս բա­նաւոր ճամ­բով եւ գրա­ւոր ճամ­բով։ Այս վեր­ջիննե­րը ասո­րերէ­նէ թարգմա­նու­թիւննե­րու առ­թիւ առ­նո­ւած ըլ­լալնուն՝ բո­լորո­վին գրքու­նակ են եւ կը պատ­կա­նին հո­գեւոր բա­ռապա­շարի շեր­տին։ Հա­յերէ­նը կա­տարած է յու­նա­րէնէ փո­խառու­թիւններ եւս՝ մօ­տաւո­րապէս 900 միաւոր, որոնց բո­լորն ալ ու­նին գրքու­նակ նկա­րագիր, քա­նի բո­լորն ալ փոխ առ­նո­ւած են թարգմա­նու­թեանց ճամ­բով, մինչ իրենք՝ յոյն եւ հայ ժո­ղովուրդնե­րը կեն­դա­նի շփում չեն ու­նե­ցած բնաւ, հե­տեւա­բար փո­խառու­թիւններն ալ առօ­րեայ խօ­սակ­ցա­կանէ բո­լորո­վին հե­ռու եղած են։

Ծա­նօթ.— Այս երեք փո­խառու­թեանց ամ­բողջա­կան ցան­կե­րը կը գտնենք Հր. Աճա­ռեանի «Հա­յոց լե­զուի պատ­մութիւն»-ի մէջ՝ անոնցմէ իւ­րա­քան­չիւրի գոր­ծա­ծու­թեան ար­ժե­ւորու­մով գրա­կան հա­յերէ­նի մէջ։

Այս փո­խառու­թեանց հա­մեմա­տու­թիւնն ու տո­կոսը այնպի­սին են, որ եթէ այ­սօր փոր­ձենք հա­յերէ­նէն դուրս ձգել բո­լոր յու­նա­կան փո­խառու­թիւննե­րը անխտիր, մեր լե­զուն գրե­թէ ոչինչ պի­տի կորսնցնէր իր կեն­սունա­կու­թե­նէն. այդ կո­րուստը պի­տի նմա­նէր ծո­վէն գա­ւաթ մը ջու­րի նո­ւազու­մին։ Եթէ դուրս ձգէինք ասո­րական փո­խառու­թիւննե­րու ամող­ջութիւ­նը, ապա հա­յերէ­նը պիտ կրէր յա­տուկ ցնցում մը, սա­կայն պի­տի շա­րու­նա­կէր իբ­րեւ հա­ղոր­դակցա­կան լե­զու ծա­ռայել մեր կա­րիք­նե­րուն։ Բայց եթէ փոր­ձէինք դուրս ձգել իրա­նական փո­խառու­թիւնննե­րը, մա­նաւանդ ասոնցմով կազ­մո­ւած բարդ ու ածան­ցա­ւոր բա­ռերը եւս, ապա հա­յերէ­նը փուլ պի­տի գար ու բո­լորո­վին դադ­րէր հա­ղոր­դակցա­կան մի­ջոց ըլ­լա­լէ։

Իրա­նական բա­ռերու այս մեծ յա­ճախա­կանու­թիւնն ալ աչ­քի առաջ ու­նե­նալով՝ բաղ­դա­տական լե­զուա­բանու­թեան առա­ջին հիմ­նա­դիր­նե­րը, որոնցմէ անո­ւանի է մաս­նա­ւորա­բար Franz Bopp-ըդ՝1 19-րդ դա­րու սկիզ­բը, խու­սա­փեցան հա­յերէ­նը Հնդեւ­րո­պական լե­զուաըն­տա­նիքի մէկ ան­կախ ան­դա­մը նկա­տելէ եւ զայն դա­սեցին պարսկե­րէնի բար­բառնե­րուն կար­գին, որոնցմէ մէկն ալ պար­թե­ւերէնն էր՝ Ար­շա­կու­նի­ներու լե­զուն, որ Պարսկաս­տա­նի մէջ կի­րար­կո­ւեցաւ 226—642. ան կը կո­չուի նաեւ մի­ջին պարսկե­րէն եւ կամ պահ­լա­ւերէն։

Հայ-պարսկա­կան շփումնե­րը,— այ­նու փո­խառու­թիւննե­րը եւս,— սերտ եղած են մաս­նա­ւորա­բար մի­ջին պարսկե­րէնի կամ պահ­լա­ւերէ­նի կի­րար­կութեան տա­րինե­րուն ու դա­րերուն։ Այս սեր­տութիւ­նը առաջ­նորդած է մին­չեւ արիւ­նակցու­թեան, քա­նի Ար­շա­կու­նի­ները իշ­խե­ցին նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ 52—428՝ հա­յերու մէջ ալ ձու­լուելու եւ լրիւ հա­յանա­լու պայ­մա­նով։ Մեր պատ­մութեան ամե­նափայ­լուն դէմ­քե­րը՝ աշ­խարհիկ եւ հո­գեւոր, ու­նե­ցած են ար­շա­կու­նի ծա­գում, յի­շէնք աշ­խարհա­կան­նե­րէն՝ Տրդատ Գ.-ը, Ար­շակ Բ.-ը, Վռամ­շա­պու­հը եւ ու­րիշներ, հո­գեւո­րական­նե­րէն՝ Գրի­գոր Լու­սա­ւորի­չը, Ներ­սէս Մե­ծը, Սա­հակ Պար­թե­ւը եւ ու­րիշներ։

* * *

Շա­րու­նա­կելով մնալ փո­խառու­թիւննե­րու ծի­րէն ներս, առա­ջին մեծ հար­ցումը ինքնա­բերա­բար կ’ըլ­լայ այն, որ մին­չեւ յի­շեալ բա­ռերու փո­խառու­մը պար­սիկնե­րէն՝ Հա­յաս­տա­նի բնա­կիչ­նե­րը ի՞նչ բա­ռերով կը հա­ղոր­դակցէին. օրի­նակ՝ ի՞նչ կ’ըսէին պարսկա­կան ախոռ, բրինձ, կոյր, կօ­շիկ, ճա­կատ եւ նման հա­զարա­ւոր բա­ռերուն փո­խարէն. բան մը կ’ըսէին ան­շուշտ, չէր կրնար ըլ­լալ ժո­ղովուրդ մը, որ չու­նե­նար իր սե­փական ժո­ղովրդա­խօսակ­ցա­կան բա­ռապա­շարը։

Այս այսպէս ըլ­լա­լով՝ հա­պա ի՞նչը մղեց մեր այդ հե­ռաւոր նախ­նի­ները հրա­ժարե­լու իրենց սե­փական ու հա­րազատ բա­ռերէն,— որոնց ինքնու­թիւնը բո­լորո­վին ան­ծա­նօթ է ար­դի գի­տու­թեան,— եւ որ­դեգրել անոնց պար­կե­րէն հա­մար­ժէքնե­րը, որոնց մէկ ցան­կը տո­ւինք նա­խոր­դիւ։

Թոյ­լատրե­լի՞ է մտա­ծել հե­տեւեալ կերպ, թէ հայ հա­սարակ ժո­ղովուրդը շա­րու­նա­կեց գոր­ծա­ծել իր բնիկ բա­ռամ­թերքը, իսկ իշ­խող պար­թեւ տար­րը,— նկա­տի ու­նե­նանք յատ­կա­պէս Ար­շա­կու­նի­ներու տի­րապե­տու­թեան դա­րերը,— կառ­չած մնաց իր սե­փական բա­ռերուն, որոնք վե­րապ­րե­ցան հե­տագա­յին՝ ար­շա­կու­նի­ներու աս­տի­ճանա­կան հա­յացու­մին զու­գա­հեռ՝ այդպէս ալ ծնունդ տա­լով հա­յերէ­նի նոր որա­կի մը, որ իր կար­գին պի­տի դառ­նար թարգմա­նիչ­նե­րու գրա­ւոր լե­զուն։

Նկա­տենք, որ մենք գրե­թէ ոչինչ գի­տենք Մես­րո­պէն մին­չեւ Շնոր­հա­լի Հա­յաս­տա­նի ռա­միկին կի­րար­կած հա­յերէ­նին մա­սին, որ մօ­տաւո­րապէս 12-րդ դա­րուն միայն պի­տի ար­ժա­նանար գրա­ւոր ար­տա­յայ­տութեան՝ ռամ­կօ­րէն, այ­սինքն՝ ժո­ղովրդա­կան անու­նով։ Մինչ գրա­բար անո­ւանու­մը պի­տի վե­րապա­հուէր մեր մա­տենա­գիր­նե­րու կի­րար­կած հա­յերէ­նին, որ ոչ աւե­լի, ոչ պա­կաս՝ պահ­լա­ւերէ­նով պա­տուաս­տո­ւած եւ ար­շա­կու­նի­ներով նո­ւիրա­գոր­ծուած լե­զուն էր. չմոռ­նանք, մեր մա­տենագ­րութեան հիմ­նա­դիրը Սա­հակ Պար­թեւն էր, այլ խօս­քով՝ ար­շա­կու­նի մը, որուն՝ Աս­տո­ւաշունչի թարգմա­նու­թեան առ­թիւ կի­րար­կած լե­զուն ալ դար­ձաւ հայ մա­տենագ­րութեան լե­զուն ու այդպէս ալ մնաց եր­կար դա­րեր, ընդհուպ մին­չեւ 19-րդ դա­րու վեր­ջե­րը։

* * *

Իսկ ի՞նչ ըն­թացք ու­նե­ցաւ ին­քը՝ փո­խատու լե­զուն, իրա­ներէ­նը կամ պարսկե­րէնը. ասոր պա­տաս­խա­նը կրնայ տալ իրա­նագէտ մը միայն, քա­նի ինքս ոչինչ գի­տեմ այդ մա­սին։ Այ­սուհան­դերձ բերմ ին­ծի ծա­նօթ եր­կու օրի­նակ։

***Գո­հար

Այս բա­ռը օրին նոյ­նութեամբ կը գտնուէր պարսկե­րէնի եւ պահ­լա­ւերէ­նի մէջ, երբ հա­յերէ­նը զայն փոխ առաւ։ Բո­լորն ալ զայն կ’ար­տա­սանէին gohar։ Հա­յերէ­նը այ­սօր՝ եր­կու հա­զար տա­րի ետք, կը պահ­պա­նէ այդ ար­տա­սանու­թիւնը, մինչ պարսկե­րէնի մէջ այ­սօր ան դար­ձած է ջա­ւահիր «ճա­ւահիր»։

Եթէ Սա­յաթ-Նո­վա հե­տամուտ ըլ­լար լե­զուա­կան անա­ղար­տութեան, ապա պի­տի չգրէր՝

-Դուն պա­տուա­կան ջա­ւահիր իս...

Այլ պի­տի գրէր՝

-Դուն պա­տուա­կան գո­հար իս...

***Պաշտպան

Աճա­ռեան կը մտա­ծէ, որ մեր այս բա­ռը պահ­լա­ւական paštpan-ն է, որ կա­տարե­լապէս կը հա­մապա­տաս­խա­նէ հա­յերէ­նին. ասոնք եր­կու կա­թիլ ջու­րի պէս նոյնն են։ Այ­սօր հա­յը իր բո­լոր խա­ւերով կը շա­րու­նա­կէ պաշտպան ըսել, իսկ ար­դի պարսկե­րէնի մէջ ան դար­ձած է puštipan, այ­սինքն՝ փուշտի­պան։

Մնա­ցեալը կը ձգեմ ըն­թերցո­ղին հա­յեցո­ղու­թեան եւ...երե­ւակա­յու­թեան։

Քա­նի մեր բա­ռերուն գրե­թէ բո­լորն ալ ժո­ղովրդա­խօսակ­ցա­կան բնոյթ ու­նին, հե­տաքրքրա­կան է գիտ­նալ, թէ ի՚նչ ձեւ ու տեսք ու­նե­ցած են անոնք իրենց փո­խառու­թեան օրե­րուն՝ յա­րաբե­րաբար փո­խատու լե­զու­նե­րուն՝ պարսկե­րէնին եւ պահ­լա­ւերէ­նին։

Մե­ծաթիւ օրի­նակ­ներ ցոյց կու տան, որ մեր փո­խառու­թիւննե­րը միշտ նոյ­նա­հունչ չեն եղած փո­խատու լե­զուի բա­ռերուն հետ. հե­տաքրքրո­ւողը կրնայ աչք մը նե­տել անոնց ընդհա­նուր ցան­կին վրայ։

Ստո­րեւ քա­նի մը յատ­կանշա­կան նմուշներ։հա­յերէն պարսկե­րէն պահ­լա­ւերէն

ազատ āzād āzāt

բարձ bāliš barz

բամ­բակ panba pambak

անոյշ nōš anōš

ամ­բարտակ anbārd anbārdak

գա­ւազան gāvzana gavāzan

անա­պատ nā-ābād anāpāt

օշա­րակ afšara afšarak

Գո­հանանք այսքա­նով։

Առա­ջին նո­ւագ նկա­տելի է այն սերտ առնչու­թիւնը, որ կը գտնո­ւի պարսկե­րէնի եւ պահ­լա­ւերէ­նի մի­ջեւ. չմոռ­նանք՝ վեր­ջի­նը մէկ բար­բա­ռը կամ մէկ տե­ղական խօ­սուածքն էր պարսկե­րէնին՝ պա­հելով հան­դերձ որոշ ինքնու­րոյնու­թիւն մը, որ շատ չի տար­բե­րեմիր զինք մայր լե­զուէն։

Յա­ջորդ նկա­տելի կէ­տը այն բա­ցայայտ նա­խասի­րու­թիւնն է, որ հա­յերէ­նը ցու­ցա­բերած է պահ­լա­ւական տար­բե­րակ­նե­րուն հան­դէպ։

***ազատ — ճշգրիտ պատ­ճէնն է պահ­լա­ւակա­նին՝ իր վեր­ջի t հնչիւ­նով, որ հա­մար­ժէք է մես­րո­պեան տ հնչիւ­նին, որ կը գտնենք ազատ-ին մէջ։

***բարձ — շատ հե­ռու է պարսկա­կանէն եւ իր կար­գին գրե­թէ կը նոյ­նա­նայ պահ­լա­ւակա­նով. ասոր վեր­ջի z հնչիւ­նը շատ յա­ճախ հա­յերէն տո­ւած է ձ. օրի­նակ՝ darzak/դեր­ձակ, varz/վարձ եւ այլն։

***բամ­բակ — պարսկա­կանը եր­կու կէ­տով կը տար­բե­րի հա­յերէ­նէն, մինչ պահ­լա­ւակա­նը կա­տարե­լապէս կը ծած­կէ հայ­կա­կանը։

***անոյշ — մեր տկար գի­տու­թեամբ միշտ են­թադրած ենք, թէ հա­յերէն անոյշ-ը նոյն պարսկա­կան nōš-ն է, որուն սկիզ­բը հա­յերէ­նը աւել­ցուցած է ա մը։ Եւ ահա կը նկա­տենք, որ մե­րը հա­րազատ փո­խառու­թիւն է պահ­լա­ւակա­նէն, ուր ան ար­դէն օժ­տո­ւած է բա­ռաս­կիզբի ա-ով։

Գիտ­նանք միայն, որ իրա­նական ō -ն, որ եր­կար օ մըն է, հա­յերէն կու տայ ոյ եր­կը բար­բա­ռը. օրի­նակ՝ gōn/գոյն, gōš/զգոյշ, kōd/կոյտ. իսկ š գրա­դար­ձա­կան մի­ջազ­գա­յին այ­բուբե­նի շ հնչիւնն է։

***ամ­բարտակ — սա իր կար­գին աւե­լի հա­րազատ է պահ­լա­ւակա­նին, որուն բա­ռաս­կիզբի an-ը՝ հա­յերէն տո­ւած է ամ, որով­հե­տեւ հա­յը բ, պ, փ պայ­թա­կան­նե­րէն առաջ չի կրնար ար­տա­սանել ն, եւ զայն կը վե­րածէ մ-ի։

*** գա­ւազան — հոս ալ նա­խապա­տիւը կը մնայ պահ­լա­ւական տար­բե­րակը իր վեր­ջին սղած ա ձայ­նա­ւորով։

Գիտ­նանք, որ ā իրա­նական եր­կար ա ձայ­նա­ւորն է, որ հա­յերէն միշտ տո­ւած է պարզ ա։

***անա­պատ — կա­ռոյ­ցով ածան­ցա­ւոր բառ մըն է այս ան ժխտա­կան նա­խամաս­նի­կով եւ ապատ ար­մա­տով, որ կը նշա­նակէ շի­նու­թիւն, բնա­կու­թիւն։ Անա­պատ-ը մտա­ծուած է իբ­րեւ շի­նու­թե­նէ ու բնա­կու­թե­նէ զուրկ տա­րածք։

***օշա­րակ — որ­քան մօտ են իրա­րու պարսկե­րէնն ու պահ­լա­ւերէ­նը, հա­յերէ­նը ընտրած է սա­կայն երկրոր­դը՝ իր k/կ վեր­ջա­ւորու­թեամբ։ Միայն թէ պէտք է գիտ­նալ հե­տեւեալը. իրա­նական f հնչիւ­նը հա­յերէն տո­ւած է ւ , եւ առա­ջին նո­ւագ ու­նե­ցած ենք աւ­շա­րակ, իսկ աւ > օ հնչիւ­նա­փոխու­թեամբ ստա­ցած ենք օշա­րակ։

Ինչպէս կը տես­նենք պարսկե­րէնի եւ պահ­լա­ւերէ­նի մէջ բառս ու­նի նոյն յղաց­քը. ասոնք կը տար­բե­րին միայն նա­խածան­ցի ձե­ւով, կա­ռոյ­ցով. որ պարսկե­րէնի մէջ na է, մինչ պահ­լա­ւերէ­նի մէջ հա­կառա­կը՝ an է. հա­յերէ­նը հե­տեւած է այս վեր­ջի­նին եւ ոչ միայն այս բա­ռին մէջ, այլ բազ­մա­թիւ ու­րիշնե­րու, որոնք կը սկսին ան ժխտա­կան նա­խածան­ցով, որ կը դրո­ւի մաս­նա­ւորա­բար գո­յական­նե­րու եւ ածա­կան­նե­րու վրայ ՝ անար­դար, ան­բան, ան­միտ, ան­հա­ճոյ, ան­հոգ, անե­րես, ան­վարժ, ան­տաշ եւ այլն։

1 Գեր­մա­նացի լե­զուա­բան (1791—1867), պատ­մա­համե­մատա­կան լեզ­վա­բանու­թեան հիմ­նա­դիր։ 1816թ. ան կը հրա­տարա­կէ «Հնդեւ­րո­պական լե­զու­նե­րու հո­լով­ման դրու­թիւնը» աշ­խա­տու­թիւնը, ուր անոր ու­սումնա­սիրած հնդեւ­րո­պական լե­զու­նե­րու շար­քին ոչ մէկ ակ­նարկու­թիւն կ’ըլ­լար հա­յերէ­նին։ Այդ աշ­խա­տու­թեան բ. հրա­տարա­կու­թեան մէջ ան հա­յերէ­նը կը դա­սէ իրա­ներէ­նի զեն­տա­կան բար­բա­ռի կող­քին. այս բար­բա­ռով գրո­ւած է իրա­նական սուրբ գիր­քը՝ Զենտ-Աւեստան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ